ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ . Thursday, December 26, 2013 16:58 - 2 քննարկում

Աւետիս Հաճեան. Իսլամացուած հայերը մեր կարիքն ունին

Սագօ Արեան

Մեր հրատապ թեման

Թուրքիոյ մէջ ապրող Իսլամացուած հայերու օրակարգը այսօր դարձած է հրատապ: Այն ճանապարհը, որմէ անցան անոնք, լեցուն էր տառապանքով, հալածանքով եւ ահով: Իսլամը ընդունեցին՝ շարունակելու համար իրենց կեանքը՝ իրենց նախահայրերու հողերուն վրայ: Գրկեցին պատմութեան խոշոր փորձառութիւնը եւ երեւի մտմտալով ըսին՝ մտնենք պատմութեան ծալքերուն մէջ ու ու հոն սպաննենք ժամանակը:Այդպէս ալ եղաւ: Նոր գարուններու սպասումով հասունցած անոնց երազները վառ ու կրակոտ խօսքերու վերածուեցան:Մեր զրոյցներուն, յաճախ մեր նեղ ու սեղմ օղակի խօսակցութիւններուն ընթացքին թերեւս մենք ինչ միամտութեամբ ու ապաշնորհութեամբ խօսեցանք ու դեռ կը շարունակենք խօսիլ այս թեմաներուն մասին:Կը մոռնանք նաեւ, որ Իսլամն ու Իսլամութիւնը մեր ժողովուրդի կարեւոր մէկ հատուածին համար փրկութեան ովասիսներ ստեղծեցին, երբ անոնք Ատանայէն, Տիգրանակերտէն, Մուշէն, Վանէն, Կիլիկիոյ բոլոր շէներէն աքսորի գողգոթայէն անցնելով, հասան Տէր Զօր, Րաս Իւլ Այն, Ռաքքա, Հալէպ, Զահլէ եւ ապա Պէյրութ:Իսլամը յատկապէս մեզ համար անծանօթ մը չդարձաւ:Ռատիքալ, ծայրայեղական, ապամերժ ու արիւնարբու կերպար մը չէր այն Իսլամը, որ մեզի տեղ տուաւ, տուաւ հաց, ջուր եւ ապաստարան:Վերջին տարիներուն արեւմտեան մասսաայական մամուլը այսօր կը փորձէ Իսլամը գորշ գոյներով նկարագրել ու ներկայացնել: Բայց իրականութիւնը այլ է: Իսլամին հետ մենք հաց կիսած ենք, անցած ենք երկար ճանապարհ, անոր մինարէներուն աղօթքներուն եւ բարեխղճութեան վրայ հիմնուած աւանդոյթներուն հետ մենք ալ շաղկապուած ենք պահելով մեր ինքնութիւնը եւ կերտելով հայուն աշխատասէր, պարկեշտ, կամեցող եւ հաւատարիմ կերպարը: Այսօր ալ նոյնն է պարագան Արաբական ծոցի երկիրներէն մինչեւ Յորդանան, Գահիրէ, Պէյրութ ու Թեհրան (նաեւ Հալէպ) մեր հարեւանները եւ անմիջական գործակիցները Իսլամներ են:Մենք հակակրանք ունենալու պատճառներ չունինք անոնց հանդէպ:Ու վստահ եմ որ փոփոխական այս ժամանակներէն ետք, երբ բոլոր ալիքները մեղմանան Իսլամի իրական պատկերը պիտի ուրուագծուի ու վերադառնայ իր պայծառ հունին եւ էութեան:

Խօսելով Թուրքիա բնակող Իսլամացուած հայերուն մասին՝ կարելի է ըսել, թէ տակաւին կը պակսին պաշտօնական տուեալեր անոնց իսկական թիւերուն մասին, բայց միով բանիւ յստակ է, որ Թուրքիոյ տարբեր հատուածներուն մէջ ապրող իսլամացած հայերուն թիւը կը հատէ միլիոնները: Այո՛ Միլիոնները: Շատ նուրբ խնդրի մը առջեւ ենք կանգնած ու հարկաւոր է, որ յարգեանքով մօտենանք այս խնդրին ու անոր պատմական հոլովոյթին: Իրօք փորձենք հասկնալ մեր ողբերգութեան հետեւանքով իսլամը ընդունած հայերուն ոդիսականը : Ու կարեւորագոյնն այն է , որ ինչպէս խօսակիցս՝ Աւետիս Հաճեանը կ’ըսէ, խուսափինք քարոզչական մօտեցումներ ցուցաբերելէ, այլ թոյլ տանք, որ կեանքի բնական հունով կատարուին այդ դրական փոփոխութիւնները եւ այդ հայորդիները իրենք որոշեն իրենց պատկանելիութիւնն ու ճակատագիրը:

Աւետիս Հաճեան (ծնած է 1968–ին՝ Հալէպ) Նիւ Եորք հաստատուած լրագրող է. կ’աշխատակցի քանի մը ամերիկեան թերթերու որոնցմէ յիշեմ՝ The Wall Streeet Journal եւ International Business Times պարբերականները եւ յատուկ նիւթեր պատրաստած Bloomberg News-ին եւ CNN- ին համար։Ան զաւակն է սփիւռքահայ գրող Պետրոս Հաճեանին:Ստորեւ կը ներկայացնեմ զրոյցը Հաճեանին հետ՝ փորձելով առաւելագոյնս ներկայացնել Թուրքիոյ մէջ ապրող Իսլամացուած հայերու թեման՝ քաջ գիտնալով որ այս նիւթն անսպառ է ու տակաւին շատ բան կայ գրելիք եւ ընելիք այս ուղղութեամբ:

Գիրք Իսլամացուած հայերուն մասին

-Յայտնուած ես Պոլիս եւ ի՞նչու:

-Պոլիս եկայ Թուրքիոյ մէջ ապրող թաքուն կամ թաքնուած հայերուն մասին գիրք մը գրելու:Բայց սահմանումը յստակ չէ, ու կարելի է սխալ համարել, որովհետեւ անոնցմէ շատեր արդէն կ’ուզեն բացայատել իրենց ինքնութիւնը:Եկայ նաեւ մասնակցելու «Հրանդ Տինք» հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած «Իսլամացուած հայերուն» նուիրուած համագումարին:

-Ե՞րբ լոյս պիտի տեսնէ գիրքը, եւ ի՞նչ տեսակետէ մօտեցած ես:

– Գիրքը լոյս պիտի տեսնէ յառաջիկայ 2014 տարուան Մարտին: Այն ամբողջութեամբ նուիրուած է այն հայերու պատումներուն, որոնք եղեռնէն յետոյ մնացին մեր պատմական հողերուն վրայ ու շատ անգամ ապրեցան այլակերպուած ու փոխուած:Անոնց պատումները գաղտնի էին ու ես փորձած եմ բացայատել այդ թաքուն կեանքը:

-Իսկ նպատա՞կը:

-Նպատակը հայութեան ոգին ներկայացնելն է:Ու յատկապէս այն ոգին, որմով անոնք գոյատեւեցին յետ եղեռնեան շրջանին: Անոնց հայ ըլլալու յիշողութեան նուիրուած է այս գիրքը, ուր փորձած եմ ներկայացնել, թէ ինչպէս անոնք յաջողեցան գաղտնի կերպով իրենց կեանքը շարունակել մեր պատմական հողերուն վրայ: Ի հարկէ հոն կան տարբեր խաւեր: Անոնցմէ շատերը ամբողջութեանմբ իսլամացուած են, կան ուրիշներ որոնք արմատականօրէն իսլամացուած են:Իսկ շատերու մօտ շեշտուած չէ կրօնական երեսը: Նաեւ պէտք է նկատի ունենալ որ անոնցմէ շատեր թաքուն կերպով քրիստոնեայ են եւ կուզեն վերադառնալ հայ եկեղեցւոյ ծիրին:Իսկ անոնցմէ մէկ այլ կարեւոր հատուած համայնավար է ու ապակրօնացուած:Վերադառնալով նպատակին՝ ըսեմ, որ գիրքը քարոզչական բնոյթ չի կրեր եւ այս գիրքով ես բնաւ չեմ փորձած, ոչ ալ ուզած եմ համոզել որ անոնք իրենց ազգութեան ծիրին վերադառնան:Ի վերջոյ ես ազատութեան հաւատացող եմ ու կը կարծեմ որ ամէն մարդ ազատ է ընտրելու իր ազգութիւնը եւ իր կեանքին ուղղութիւն տալու: Ես կուզեմ աս գիրքով լոյսին բերել անոնց կեանքը որոնք արդէն երեք սերունդէ ի վեր տարբեր պայմաններու մէջ մեծցած են պահելով իրենց արմատներն ու ինքնութիւնը:

Ես կը կարծեմ, որ մենք պէտք է յարգենք ու միանգամայն լսենք զիրենք: Բացի անկէ, պէտք է արձանագրել ու լոյսին բերել անոնց պատումները: Պատկերացուցէք, որ արդէն հարիւր տարուան պարապ մը կայ, որ պէտք է լրացուի ու այս կարեւոր թեմային մասին մինչեւ օրս մենք ոչ մէկ առիթով խօսած ենք:Հոն թաքուն ապրուած կեանքի մը փորձառութիւնները եւ մանրամասնութիւնները կան:Այս բոլորը, վստահ եմ, կարեւոր են մեզի համար: Լոյսին բերել այն կեանքը, որ եղեռնէն յետոյ շարունակուեցաւ Սասունի, Մուշի, Սեբաստիոյ, Ամասիայի եւ այլ շրջաններու մէջ: Այդ կեանքը ճիշդ է՝ տարբեր ձեւաչափեր ստացաւ, բայց փաստ է, որ շարունակուեցաւ:

Իսլամացուած հայեր. տարբեր մօտեցումներ եւ մէկ ճշմարտութիւն

-Վերջերս Ամերիկահայ գրող Գէորգ Պէտիկեան Իսլամացուած Հայերու թեմային անդրադարձած էր յօդուածով մը, որուն շուրջ շատ լայն քննարկում եղաւ յատկապէս ընկերային ցանցերուն վրայ: Խնդիրն այն է որ այս թեման կը շարունակէ թապու մնալ հայութեան գրեթէ բոլոր հատուածներուն համար, ու երեւելի է նաեւ եկեղեցիին դերը, որ բաւական զգուշաւոր ու վերապահ է այս թեմային շուրջ: Ի՞նչ կարելի է ըսել այս ուղղութեամբ:

-Իմ անձնական մօտեցումս բնաւ ալ կարեւոր չէ: Կարեւորը, ըստ իս, այս մարդոց հանդէպ յարգանքի բաժինն է ու անոնց ականջ տալը:Այս առումով ըսեմ նաեւ, թէ իմ կարծիքս ցարդ ամբողջական չէ ու ես ալ իմ վերջնական կարծիքս չեմ կրցած եզրակացութեան մը հասցընել:Ու տակաւին փաստ է, որ ամէն օր նոր տեղեկութիւններ կ’իմանամ անոնց մասին: Տեղեկութիւնները կ’օգնեն, որ յարգենք ու լսենք զիրենք, որպէսզի հասկնանք անոնց խնդիրները:Ինչպէս վերը ըսի՝ տակաւին իմ մօտեցումս մշակուելու հունին մէջ է:Ես ամէն օր նոր կերպով կը բացայայտեմ այս խնդիրները: Ըսեմ նաեւ, որ ինծի համար հայ ըլլալու խնդիրը կրօնական դաւանումէն վեր էր մինչեւ այն պահը, երբ ես ականատես եղայ օրինակ հայու մը, որ նամազ կ’ընէ կամ հայ մը, որ ինքզինք միաժամանակ հայ եւ մահմհետական կը զգայ, եւ իր ազգութիւնը կը գերադասէ:Ահա այսպիսի երեւոյթներու առջեւ է, որ մեր աւանդական ըմբռնումները փորձաքարի կը զարնուին: Բայց նորէն դուն քեզի հարց կուտաս, թէ ուրիչ ի՞նչ կրնային ընել այս մարդիկ՝ վերապրելու համար: Անոնց մեծ մասը աղջիկներ էին, որ բռնի կերպով ամուսնացուեցան այս երկրի բնկիներուն հետ, բացի Համշէնցիներէն:

-Իսկ ազատ իսլամացում եղած է՞:

-Բնաւ: Ազատ իսլամացում չէ եղած այս երկրին մէջ (Նակտի ունի թուրքիան- Ս. Ա.):Պարզապէս փրկուելու եւ աւելի խաղաղ կեանք մը ապրելու համար անոնք դարձած են իսլամներ:Ազատ որոշում մը չէր այդ մէկը այլ փրկուելու միջոց մը: Ըսեմ նաեւ որ կան անհատներ նաեւ որ իսլամցած են ազատ կամքով բայց ատոնք կարելի չէ դնել 1915 -ին իսալամացուածներուն շարքին:Այդ օրերու պայմանները այնքան անատանելի եղած են, որ մարդիկ իրենց ապրուստին եւ գոյատեւումին յանուն ընդունած են իսլամը:

«Իսլամացուած Հայեր» թեմայով համաժողով

-Վերը ըսիք որ Պոլիս եկած էք նաեւ մասնակցելու «Հրանդ Տինք» հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած համագումարին. ի՞նչ կարելի է ըսել այս ուղղութեամբ:

-Այս համագումարին շնորհիւ է, որ իսլամացուած հայերէն շատեր իրենց ինքնութիւնը վերագտան ու բացայայտ կերպով յայտարարեցին, թէ իրենք հայեր են: Իհարկէ այս համագումարը կարելի է որպէս սկիզբ համարել: Ըսեմ նաեւ, որ Պոլսոյ մէջ շատ մը գրողներ, այս համագումարին մասին խօսելով, ըսին որ համագումարը կը համարեն յեղափոխական:Ըսեմ, որ համագումարին ուշագրաւ ելոյթով հանդէս եկան Ֆէթհիէ Չէթին (որ Տինք ընտանիքի փաստաբանն է, եւ եղած է այն անձնաւորութիւնը, որ առաջին անգամ ըլլալով, գրած է իսլամացուած հայերու թեմային մասին: Անոր գիրքը կը կոչուի «Մեծ Մայրս» (Հայերէնի թարգմանուած Սալբի Գասպարեանի կողմէ.-Ս. Ա.) եւ Այշէ Կիւլ Ալթընայ, որուն գրած գիրքը ձեւով մը շարունակութիւն է Չէթինի «Մեծ մայրիկս» գիրքին եւ կը կրէ՝«Թոռնիկներս» խորագիրը :Համագումարի մասնակիցներուն համար չափազանց հետաքրքրական էր Նէւին Կըլտըզ Թահինճիօղլույի ելոյթը, որ պատմած է բռնի կերպով թրքացուած հայուհիներու մասին եւ իր խօսքի աւարտին յայտնած է որ այդ բռնութիւնը գործողներն իր մեծ հայրերն են:Աւելի պակաս հետքրքրական չէին ո ակադեմիկոս Իշխան Չիֆթճեանի ու պատմաբան Վահէ Թաշճեանի ելոյթները:

Անոնց թիւը Միլիոններու կը հասնի

– Իսկ մանրամասն տուեալներ կա՞ն իսլամացուած հայերու թիւերուն մասին:

-Անկարելի է որ իսլամացուած հայերուն թիւը ճշդել, բայց, իր կարծիքով, այն հայերը, որոնք պայմաններու բերումով իսլամացուած են անոնց թիւը կը հասնի միլիոններու:

– Չէ՞ք չափազանցեր:

– Ո՛չ: Երբե՛ք:Բայց ըսեմ որ բաւական դժուար է անոնց թիւերուն մասին ճշգրիտ տուեալներ ներկայացնել, պարզ անոր համար, որ անոնք կազմակերպուած կեանք մը չեն վարեր:

-Ի՞նչ կարելի է ըսել Պոլսահայ համայնքին մասին:

-Ըստ իս, Պոլսահայ համայնքը արժանի է շատ խոր յարգանքի, որովհետեւ անոնք մեծ փորձառութեամբ ու դժուարին պայմաններէ անցնելով՝ հասած են այսօրուան իրավիճակին: Յարգանք, որովհետեւ Պոլսահայերը կարողացած են ճիշդ գնահատել, թէ ո՞ւր կ’ապրին եւ ի՞նչ պայմաններով շրջապատուած են:

-Խօսելով իսլամացուած հայերուն մասին՝ ձեր շփումներուն եւ հանդիպումներէն ետք ի՞նչ կարելի է ըսել անոնց մասին:Արդեօ՞ք անոնց համար կարեւոր է Հայութեան միւս հատուածներուն կեցուածքն ու կարծիքը:

– Մինչեւ օրս իսալամացուած հայերը ոչ մէկ ձեւով փորձած են առնչուիլ ըսենք Պոլսահայ համայնքի անդամներուն հետ:Անոնք մինչեւ օրս կը խուսափէին, որով վախ մը ունէին, որ կրնան չընդունուիլ հայերու կողմէ:Միշտ վախ մը կը հալածէր զիրենք, ու այս համագումարը կարծէք առիթ մը եղաւ, որպէսզի իրենք եւս լաւ զգան ու հասկնան, որ պիտի ընդունուին որպէս հայութեան լիարժէք մէկ մասնիկը, որ պայմաններու բերումով իսլամացուած է:Այս համագումարը դռները լայն բացաւ, որ անոնք ալ մօտենան մեզի ու ճանաչումը ըլլայ փոխադարձ: Պատկերացուցէք, որ հարիւր տարուան պարապ մը կայ, ու այդ պարապը միասին պէտք է լեցնենք:

Մօտենանք առանց քարոզչական նպատակներու

– Աւարտին, ձեր կարծիքով ի՞նչ պէտք է ըլլայ հայութեան տարբեր հատուածներուն մօտեցումը իսլամացուած հայերու թեմային

-Իմ կարծիքով հայութիւնը եւ յատկապէս Սփիւռքի հայութիւնը պէտք չէ քարոզչական մօտեցում ցուցաբերեն իսլամացուած հայերուն հանդէպ, որովհետեւ պատմական փորձէն ելլելով շատ յստակ դարձած է, որ անոնք աւելի լաւ գիտեն իրենց միջավայրը ու այդ գիտակցումով է, որ կրնան իրենց ճակատագիրը ճշդել:Մեզի կը մնայ յարգել զանոնք, լսել անոնց խնդիրները եւ յարմար ժամանակին միայն իրենց խնդրանքին անսալով օժանդակութեան ձեռք երկարել: Անոնք, որ արժանի են մեր ուշադրութեան:Ես վստահ եմ:

Յ.Գ. Յայտնեմ որ յառաջիկայ 2014 տարուան Մարտին Աւետիս Հաճեանի աշխատասիրութեամբ անգլերէնով լոյս տեսնելիք գիրքը խորագրուած է՝ A Secret Nation: The Hidden Armenians of Turkey

Հարցազրույցը հրապարակվել է նաև Բեյրութում հրատարակվող «Արարատ» պարբերականում



2 քննարկումներ

You can follow any responses to this entry through the RSS 2.0 feed. Both comments and pings are currently closed.

Արա Հովհաննեսյան
Dec 27, 2013 0:47