ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ . Thursday, April 15, 2010 16:10 - չքննարկված

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂ

Gruppe24April, Allensteiner Str. 5, D-50735 Köln                                                             Tel.: 0221 7126223, Fax.: 0221 7126267

Eine Initiative des Zentralrats der Armenier in Deutschland und der Diözese der Armenisch-Apostolischen Kirche in Deutschland

Գերմանիոյ „24Ապրիլ-Յանձնախումբ“ – Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. 24 Ապրիլ 2010

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂ

Ճիշդ 95 տարի առաջ սեւ ստուեր մը ծածկեց հայ ժողովուրդը: Ստուեր մը, որ մինչեւ այսօր չէ փարատած։ 24 Ապրիլ 1915ին Օսմանեան Կայսրութեան պարագլուխները Կ. Պոլսոյ հայոց ընտրանին ձերբակալելու եւ աքսորելու հրաման արձակած էին, որ դարձաւ սկիզբը ծրագրուած բնաջնջումի մը` ցեղասպանութեան, յանգելով աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայերու կեանքին կորուստին։

Ամէն Ապրիլ 24ի ամբողջ աշխարհի հայերը կը սգան իրենց ցեղասպանութեան զոհերը։ Գերմանիոյ մէջ ամէն տարի տեղի ունեցող կեդրոնական յուշահանդէսը այս տարի եւս կը կայանայ Ֆրանքֆուրթ քաղաքի Պօղոս Եկեղեցւոյ մէջ (Paulskirche)։ Այս տարուան գլխաւոր բանախօսներն են` գրող եւ հրապարակագիր Ռալֆ Ճիորտանօ եւ Թրիէր քաղաքի կաթողիկէ եպիսկոպոս` Շթեֆան Աքէրման, որ Գերմանիոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովին անունով խօսք կ’առնէ։

Գերմանահայութիւնը ցեղասպանութեան ճանաչումը կը պահանջէ Թուրքիայէն, որ 95 տարիէ ի վեր խստիւ կ’ուրանայ մարդկութեան դէմ գործադրուած այս ոճիրը ։

Գերմանահայութիւնը ճանաչում կը պահանջէ նաեւ Գերմանիայէն, որ 1915ի ցեղասպանութեան հետ առընչութիւն ունէր եւ մինչեւ այսօր կը խուսափի ցեղասպանութեան ճանաչման վերջնական վճիռէ մը։

Գերմանահայութիւնը կը ծրագրէ ցեղասպանութեան յուշակոթողի մը կառուցումը մայրաքաղաք Պերլինի մէջ` իբրեւ ապագայի խորհրդանիշ, որ պիտի ըլլայ ահաւոր վիշտը սգալու վայրը եւ միաժամանակ այս երկրին մէջ ապրող հայերուն համար գիտակից եւ ապահով կեանքի մը նշանը. կեանքի մը` առանց կորուստին առթած ցաւին, առանց պատմական հսկայական սուտի մը զոհ ըլլալու զգացումին։

Ցեղասպանութեան 100ամեակին, 24 Ապրիլ 2015ին, պէտք է որ յուշակոթողին բացումը կատարուի։ Յիշողութիւն եւ յիշեցում. այս երկուքը իրարու շաղկապուած են այսօր։ Ազատ Օրտուխանեան` Գերմանահայ Կեդրոնական Խորհուրդի նախագահը, կ’ըսէ. “Այս յուշահանդէսով մենք կ’ոգեկոչենք մեր նահատակները ու մեր յիշողութիւնը միաժամանակ ապագային կապուած յիշեցում մըն է. ո՛չ մէկ անգամ, աշխարհի վրայ ո՛չ մէկ տեղ պէտք է նման բան կրկնուի։

Յստակ է սակայն, որ միայն անոնք որոնք իրողութիւնները կ’ընդունին, կրնան այս յիշեցումը քաղաքականութեան մէջ գործնապէս իրականացնել”։

Անգարայի` պատմագէտներու յանձնաժողով ստեղծելու պահանջները, ըստ ԳԿԽի նախագահին, ուրիշ բան չեն ներկայացներ եթէ ոչ` մէկ մասը ապատեղեկատուութեան այն արշաւին, որուն նպատակն է թրքական ուրացումը երկարաձգել։

Մարդկութեան դէմ գործադրուած պատմական անվիճարկելի ոճիրին յարաբերականացումը երկու ժողովուրդներուն միջեւ կայանալիք ճշմարիտ եւ յարատեւ հաշտութեան խոչընդոտ կը հանդիսանայ։ “Կրնա՞յ պատահիլ, որ ցեղասպանութեան անվիճարկելի իրողականութիւնը քաղաքական խաղերով կազմուած յանձնաժողովի մը մեծամասնութեան որոշումով պատմութեան դասագիրքերէն սրբուի. իսկապէս լպիրշ գաղափար մը”։

Ստուերը, որ 95 տարի առաջ հայ ժողովուրդին վրայ տարածուեցաւ, կը վերնայ այն ատեն, երբ Թուրքիա ի վերջոյ իր պատմութիւնը ճանչնայ։ 1915ի վերապրողներն ու անոնց յաջորդները, ահա քանի մը սերունդ, ստիպուած են ապրիլ ցեղասպանութեան ուրացման դէմ յանդիման։ Գերմանիոյ հայոց Առաջնորդ`Գերշ. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պեքճեան կ’ըսէ.

“Միայն այն ատեն, երբ կարենանք այցի երթալ մեր նահատակներուն շիրիմներուն, երբ կարենանք մեր սուգը արտայայտել նաեւ հոն, ուր անոնք ապրեցան ու սպաննուեցան` այն ատեն միայն կրնայ պատմութիւնը հաշտ աւարտ մը ունենալ”։

1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան կեդրոնական յուշահանդէս. Պօղոս Եկեղեցի

(Paulskirche), Ֆրանքֆուրթ. 24 Ապրիլ 2010, ժամը 19.00։ Կազմակերպութիւն` “24Ապրիլ-Յանձնախումբ”, միացեալ նախաձեռնութիւն Գերմանահայ Կեդրոնական Խորհուրդի եւ Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդութեան։ Կապ`g24april@zentralrat.org



Այս թեմայի շուրջ տարվող Քննարկումները ժամանակավորապես կասեցված են.

ՀԵՌՈՒՍՏԱԾՐԱԳՐԵՐ, Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ - Aug 19, 2016 10:00 - չքննարկված

Ինչպես ընդունվեց Հայոց ցեղասպանության և ժխտման քրեականացման օրենքը Սլովակիայում :Ինչպես Հայաստանը ունեցավ Ռազմական ինքնաթիռներ:Ստեփան Քիրեմիջյանի հյուրն էր ԵՀՄՖ նախագահ Աշոտ Գրիգորյանը:

More In Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ


More In


ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ - Jun 18, 2016 10:07 - 1 քննարկում

տեղեկատվական տեխնոլոգիաների ձեռնարկությունների տնօրեն՝ Կարեն Վարդանյանը և տնտեսագիտության դոկտոր՝ Կարեն Ադոնցը:Մագնիս – Magnis 14.06.2016

More In ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ