ՀԵՌՈՒՍՏԱԾՐԱԳՐԵՐ - Հեղինակ՝ . Saturday, December 19, 2009 13:26 - չքննարկված

ՕՐՈՒԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

ՀՀԿ-Ն ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐԿԱՆ ՈՒ ԱՊԱԳԱՆ
Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
Անցեալ Շաբաթ օր, Երեւանի մէջ կայացաւ իշխող՝ Հանրապետական կուսակցութեան 12րդ համագումարը, ուր հաւաքուած էին Հայաստանի այսօրուայ դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, ազգային եւ այլ տագնապներու գլխաւոր դերակատարները:
ՀՀԿ-ի ղեկավար եւ երկրի փաստացի Նախագահ Սերժ Սարգսեան համագումարի պատգամաւորներու եւ հրաւիրեալներու առջեւ իր ունեցած համապարփակ ելոյթին ընթացքին անդրադառնալէ ետք այս օրերու կարեւորագոյն հարցերուն, ի միջ այլոց յայտարարեց ըսելով՝ «ինչպիսին կը լինի ՀՀԿ-ն, այդպիսին էլ կը լինի Հայաստանի ապագան»:
Ապագայի մասին խօսելէ առաջ կ’արժէ հպանցիկ ակնարկ մը նետել եւ տեսնել, թէ ինչ կը ներկայացնէ ՀՀԿ-ն ու իր ղեկավարած երկիրը ներկայիս:
Այսօրուայ Հանրապետական կուսակցութիւնը ոչ մէկ առնչութիւն ունի 1990 թուականին վաղամեռիկ Աշոտ Նաւասարդեանի կողմէ հիմնադրուած կուսակցութեան ո՛չ սկզբունքներուն, ոչ ալ հետապնդած նպատակներուն հետ: Ազգայնականութեան ու ցեղակրօնութեան գաղափարախօսութեան վրայ հիմնուած այդ կուսակցութեան ներկայի անդամները գաղափարազուրկ մարդկանց խումբ մըն են: Պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ մուտք կը գործեն կուսակցութենէն ներս, իրենց կուսակցութենէն ներս, իրենց աթոռները պահելու որպէս միջոց ու ապաստան: Տակաւին վերջերս, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, խումբ մը նախարարներու հետ միասին, անդամագրուեցան ՀՀԿ-ին, պիւտճէի քննարկման առթիւ խորհրդարանէն ներս քննադատութեանց ենթարկուելէ անմիջապէս ետք: Պետական հիմնարկներու մէջ աշխատողները կը միանան կուսակցութեան, իրենց ընտանիքի ապրուստը ապահովելու մտահոգութուններէն մղուած: Մեծահարուստ գործարարները, որոնք տիրապետող են ՀՀԿ-էն ներս, եկած են կուսակցութիւն, պետական միջոցներու հաշւոյն նոր հարստութիւն դիզելու, իրենց ունեցածը պահելու եւ կամ հարկային պարտաւորութիւններէ խուսափելու նպատակներով:
Հայաստանի օլիկարգներու մեծամասնութիւնը, որոնք մենաշնորհներ հաստատելով իրենց ձեռքերուն մէջ առած են երկրին ամբողջ տնտեսութիւնը, այս կամ այն ձեւով կապուած են Հանրապետական կուսակցութեան հետ: Իսկ ամէնէն տխուրը, Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր ծառայութեան կոչուած բարձրաստիճան հոգեւորականներ կը դառնան այդ կուսակցութեան վերնախաւին շուրջ, շատ պարագաներու ներգրաւուելով անոնց ապօրէն գործունէութեան ծիրէն ներս:
ՀՀԿ-ի իշխանութեան տակ, այսօրուայ Հայաստանի քաղաքական իրականութիւնը այնքան ալ տարբեր չէ Խորհրդային ժամանակաշրջանի միակուսակցական դրութենէն: Հանրապետական կուսակցութիւնը ոչ միայն կ’օգտագործէ պետական ամբողջ մեքենան ու միջոցները, ծառայեցնելով զանոնք իշխանութիւնը պահելու ու ամրապնդելու իր նպատակներուն, այլ նաեւ, կը սահմանափակէ միւս բոլոր կուսակցութիւններու, ներառեալ իր հետ գործակցող եւ իշխանամէտ նկատուող կուսակցութիւններու գործունէութիւնը:
Բնականաբար, շատ աւելի ծանր է վիճակը ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն համար, որոնց գործունէութեան առջեւ կը դրուին անյաղթահարելի այնպիսի խոչընդոտներ, որոնք ծիծաղելի կը դարձնեն ժողովրդավարութեան ու բազմակուսակցականութեան տարրական սկզբունքները, որոնց համաձայն պէտք է ապահովուած ըլլան ազատ գործունէութեան համահաւասար պայմաններ բոլոր կուսակցութիւններուն համար:
Սակայն, ՀՀԿ-ի իշխանութեան տակ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները կ’ենթարկուին այլեւայլ ճնշումներու, կը ձերբակալուին ու քաղաքական բանտարկեալի կարգավիճակին կ’արժանանան անոնց ղեկավարներն ու գործիչները, իսկ շարքային անդամները կը յայտնուին իրենց գործն ու ասպարէզը կորսնցելու վտանգին առջեւ: Այդ կուսակցութիւններուն համար փակ են զանգուածային լրատուական միջոցները, զրկուելով ժողովուրդին հետ հաղորդակցելու իրաւունքէն: Նոյն այդ կուսակցութիւնները մեծ դժուարութիւններու առջեւ դրուած են նիւթական միջոցներ ապահովելու առումով:
ՀՀԿ-ն չի կրնար հանդուրժել այլակարծութիւն, փակ կը պահէ միակ ազատ հեռատեսիլի ալիքը՝ «Ա1+»ն ու խիստ հսկողութիւն հաստատած է մնացեալ հեռատեսիլի ալիքներու լրատուական եւ քաղաքական հաղորդումներուն վրայ: Աւելին՝ նոր օրէնքներ մշակելով կը ձգտի առաւել եւս սահմանափակելու մամուլի ազատութիւնները:
Կուսակցութիւնները ունին միայն մէկ նպատակ, ժողովուրդի վստահութեան արժանանալով, գալ իշխանութեան ու ծառայել այդ ժողովուրդին: Իսկ, ընտրութիւնները կորսնցելու պարագային իշխանութենէն հեռանալ ու սպասել յաջորդ ընտրութիւններուն:
Հանրապետական կուսակցութիւնը իշխանութեան վրայ կը շարունակէ մնալ միայն ու միայն ընտրութիւններ կեղծելով, սահմանադրական կարգը խախտելով, ապօրինութիւնները հովանաւորելով, ու իր ապագան նոյնացնելով երկրի ապագային հետ:
Դատելով ՀՀԿ-ն իր ներկայով, դժուար պիտի չըլլայ կանխատեսել, որ ինչպիսին պիտի ըլլայ իր ղեկավարած երկիրը ապագային:
Ճիշդ է, Հայաստանի ապագան կապուած է ՀՀԿ-ի հետ: Այդ կուսակցութեան հեռացումով ու օրինաւոր իշխանութեան հաստատումով է պայմանաւորուած, Հայաստանն ու Հայ ժողովուրդը իր ներկայ տագնապներէն դուրս բերելու կարեւորագոյն նպատակի իրականացումը:
5 Դեկտեմբեր, 2009



Այս թեմայի շուրջ տարվող Քննարկումները ժամանակավորապես կասեցված են.

ՀԵՌՈՒՍՏԱԾՐԱԳՐԵՐ, Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ - Aug 19, 2016 10:00 - չքննարկված

Ինչպես ընդունվեց Հայոց ցեղասպանության և ժխտման քրեականացման օրենքը Սլովակիայում :Ինչպես Հայաստանը ունեցավ Ռազմական ինքնաթիռներ:Ստեփան Քիրեմիջյանի հյուրն էր ԵՀՄՖ նախագահ Աշոտ Գրիգորյանը:

More In Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ


More In


ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ - Jun 18, 2016 10:07 - 1 քննարկում

տեղեկատվական տեխնոլոգիաների ձեռնարկությունների տնօրեն՝ Կարեն Վարդանյանը և տնտեսագիտության դոկտոր՝ Կարեն Ադոնցը:Մագնիս – Magnis 14.06.2016

More In ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ