ՀԵՌՈՒՍՏԱԾՐԱԳՐԵՐ - Հեղինակ՝ . Saturday, October 3, 2009 23:25 - 1 քննարկում

Տղամարդիկ դե՞մ են

ԴԵՄ

  • article's photo

    Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի սփիւռքեան կարեւոր գաղթօճախներ այցելելու եւ Հայաստան-Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ զարգացման գծով նախաստորագրուած զոյգ արձանագրութիւններու կապակցութեամբ՝ հայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպելու եւ խորհրդակցելու նախաձեռնութիւնը կը նկատենք ուշացած եւ առ այդ ժամանակավրէպ:Ափսոս, նախագահը իր վարած արտաքին քաղաքականութեամբ ու մեր ազգային հիմնախնդիրներուն գծով որդեգրած պարտուողական մօտեցումներով վատնեց Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութիւնը նոր մակարդակներու բարձրացնելու եւ մեր ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու սքանչելի առիթը:

    Նախագահի նախաձեռնութիւնը կրնար ողջունելի ըլլալ, եթէ այդ մէկը կատարուէր մեր ժողովուրդին համար ճակատագրական կարեւորութիւն ներկայացնող վերոնշեալ զոյգ արձանագրութիւններուն նախաստորագրումէն առաջ, եւ ոչ թէ այդ գծով որոշում ու վճիռ կայացնելէ ետք միայն՝ բոլորովին ձեւական բնոյթ տալով անոր ու զայն ծառայեցնելով քարոզչական նպատակներու, ինչ որ ծայր աստիճան վիրաւորական է համայն հայութեան համար:

    Այսուամենայնիւ, յանուն մեր նահատակներուն եւ յանուն պատմութեան, մենք պարտաւոր կը զգանք ընդառաջելու մեր համայնքի կազմակերպութիւններուն հետ Կալային նախորդող նախագահին ունենալիք խորհրդակցական հանդիպումին գծով՝ մեզի յղուած հրաւէրին, որպէսզի մեր խղճի պարտքը կատարենք ու այս հանդիպումին ընթացքին ուղղակիօրէն նախագահին փոխանցենք այդ արձանագրութիւններուն արմատապէս հակադրուելու մեր հիմնաւորումները:

    Առ այդ, խոր ցաւով է, որ կը յայտարարենք, թէ չենք կրնար ընդառաջել այս առիթով Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպուած Կալային ներկայ ըլլալու հրաւէրին:

    ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմին

    ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ

    ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն



1 քննարկում

You can follow any responses to this entry through the RSS 2.0 feed. Both comments and pings are currently closed.

Narek
Oct 3, 2009 23:50