ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ . Wednesday, July 23, 2014 23:28 - 2 քննարկում

Նամակ Ուղղված Պատասխանատու Ատմինսդր՝ Լույս Աշխարհի

Յարգելի՛ ՀՈՎՀԱՆՆԵՍ ՄԱՐԳԱՐՅԱՆ՝
Պատասխանատու Ատմինսդր՝ Լույս Աշխարհի,

Հարազատի ջերմ բարեւներ Սուրիոյ՝ Հալէպ քաղաքէն, որը 22 ամիսներ է իվեր կ՛ապրի տագնապալի եւ ողբերքական ահաւոր օրեր, արիւնահոս մահուան դատապարտուած վիճակի մէջ կը գտնուի:

Մենք գործադիր մարմին՝ Կանթեղ Հայկականի, որը կը գործէ Ֆէյս-Պուքեան համացանցի մէջ իբրեւ Հայ Ազգի արժանիքները պահպանող խմբակցութիւն: Մեր հիմնական նպատակն է Հայ Ժողովուրդի իրաւունքները եւ պահանջատիրական աշխատանքներուն զօրավինք կանգնիլ բոլոր մարզերուն մէջ, ըլլան անոնք՝ գրական մշակութային, պատմական, ձգտելով լսելի դարձնել ձայնը, անոնց որոնք ձայները անլսելի են հանրութեան եւ ի մասնաւորի նեցուկ կանքնիլ ներկայիս Արեւմտահայութեան ջարդէն ազատած բեկորներուն, որոնք մահ ու կենաց պայքար կը մղեն Միջին Արեւելքի մէջ:

Այսու կը ներկայանանք Ձեզի խնդրանքով մը:

Խումբ մը նախանձախնդիր Հալէպահայ երիտասարդներու զանգուած մը, ամիսներ է իվեր աչալուրջ կերպով կը հետեւին Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութեան գործունէութեան, որու լուրերուն տարածման եւ ծանօթացման համար մեծ աշխատանք տարինք, Մենք՝ Կանթեղ Հայկականի խմբակցութիւնը, ծանօթացնելով հանրութեան ԱՀՎԿ-ը, լուսաբանելով թէ՝ ո՞վ է այս Կառավարութիւնը եւ ի՞նչ է իր նպատակները եւ ձգտումները:

Այս տղաքը, վերջերս նկատելով կատարուած սանձարձակութիւնները, որոնք կ՛իրագործուին Կառավարութեան ներկայացուցիչ Նախագահի կողմէն, ինչպէս նաեւ անոր անպատասխանատու արտայայտութիւնները, որոնք պատճառ դարձան Հալէպ քաղաքի քանդումներուն եւ ամիսներ առաջ Քէսապի շրջանի վրայ յարձակման եւ ներխուժման հակառակորդ ծայրայեղ ընդդիմադիր կրօնամոլներու կողմէ որու արդիւնքներէն էին՝ գաղթական դուրս գալ իրենց բնակարաններէն, միջավայրէն, փնտռելով ապահով ապաստանարան կեցութեան համար, այս բոլորը կատարուեցան Նախագահ կոչեցեալ՝ Արմենակ Աբրահամեանի կողմէ եղած հակաօրինական եւ անպատասխանատու սանձարձակ յայտարարութիւններէն:

Արդ, մեկնելով Ազգային պարտականութեան գիտակցութենէն եւ նկատի առնելով որ այսպիսի խեղաթիւրուած եւ անհիմն լուրերու տարածումով, Սուրիոյ Հայ գաղութը պիտի շարունակէ վնասներ կրել եւ տագնապներու ենթարկուիլ եւ մնալ անորոշութեան, անտէր անտիրական վիճակի մէջ, Հալէպահայ նախանձախնդիր Հայ տղաքը, դիմեցին Մեզի, որպէսզի մեր միջոցաւ հասնին Ձեզ նման լրատուական թերթերուն, որոնք միշտ նեցուկ կանքնած են ժողովուրդի կողքին պաշտպանելով անոր իրաւունքները, որպէսզի մեր միջոցաւ հասնին Ձեզի եւ Դուք ալ Ձեր կարգին նեցուկ կանգնելով բոլորիս հրապարակէք իրենց մերժողական եւ ընդվզումը արտայայտող նամակները, որպէսզի ողջ հայութիւնը տեղեակ ըլլայ եւ իմանայ թէ ի՞նչպիտի դաւադրութիւններպ կը սարգուին հայ Ազգի գլխուն կարգ մը դաւաճաններու միջոցաւ, այս պարագային՝ Արեւմտահայաստանի Գաղութներուն նկատմամբ, ի մասնաւորի՝ Սուրիոյ Հայութեան:

Մեր խնդրանքն է՝ հրապարակէք այս տղոց նամակները, որպէսզի իրենց զայրոյթը չմնայ թուղթի վրայ թագնուած այլ հասանելի ըլլայ բոլոր հայութեան ուր որ գտնուին անոնք:

Մեր սոյն նամակին հետ կցուած կը գտնէք երեք հատ նամակներ, ամէն մէկը իր յատուկ թեմայով եւ խորագրով գրուած է:

Լիայոյս ենք որ Ձեր նեցուկ կանգնելով բոլորիս, Մեր ճանապարհը պիտի մաքրուի դաւաճաններ է եւ մանկլավիքներ է, որոնք խոջնդոտներ կը սարգեն Հայ Ազգի յառափ գնացքին, հայապահպանման պայքարին եւ բռնագրուած Հողերուն պահանջատէր ըլլալու հսկայական աշխատանքին:

Կանխայայտ շնորհակալութիւն Յեր հասկցող վերաբերումին, Ձեր դրական աջակցութեամբ պիտի սատարէք մեր պահանջատիրական պայքարին:

Շնորհակալութեամբ եւ Յարգանոք,
Ի Դիմաց խումբ մը նախանձախնդիր Հալէպահայերու,

Կանթեղ Հայկական Խմբակցութեան՝



2 քննարկումներ

You can follow any responses to this entry through the RSS 2.0 feed. Both comments and pings are currently closed.

Արմէն Արմէնեան
Jul 25, 2014 16:40