ԿԱՆԹԵՂ ԳՐԱԿԱՆ - Հեղինակ՝ . Friday, February 17, 2017 8:20 - չքննարկված

ԿԱՆԹԵՂԻՆ Խօսքը Հիմնադրութեան երրորդ ամեակին առթիւ

ԿԱՆԹԵՂԻՆ Խօսքը
Հիմնադրութեան երրորդ ամեակին առթիւ Աբիկ Գանտիլեան (1)

Տարիներ կան, երբ հազիւ մուտք գործած՝ օրերը քառասմբակ կը վազեն, երբեմն աւելի հանդարտ կը սահին, կամ ալ այդպէս կը թուի մեզի:
Խօսքս միշտ Հայ Ազգին մասին է, որովհետեւ մենք ենք ,որ մեր մասին պէտքէ խօսինք, արտայայտուինք. ուրիշին հոգը չէ ոչ ալ կը հետաքրքրէ զիրենք, թէ ուր հայ կայ, ինչ կ’ընէ, կամ ինչով զբաղուած է: Մենք, ուր որ ալ գացած եւ ապրած ենք, մեր ճակտի քրտինքով դրամ շահած եւ ապրած ենք, կեանքը վայելելով լայնքին եւ երկայնքին ապագայի մասին չմտածելով: Կանթեղի Երրորդ Ամեակի նկար-Զաւէնէն (2)

Զարմանալին այն է, որ աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ միշտ մեծ ընդունելութիւն գտանք, բացի մեզի պատկանող Հայրենիքէն ներս: Յատկապէս այն օրէն, որ մեզի Շնորհուեցաւ Անկախութիւն, եկողները առաջին օրէն ստրկացուցին ժողովուրդը, արիւնը ծծեցին բառին բուն եւ իսկական իմաստով անոր կողքին մեկուսացուցին Սփիւռքը եւ զայք նկատի ունեցան միայն իբրեւ թալանի աղբիւր: Ատելութիւն սերմանեցին Հայրենիքի հայութեան եւ Սփիւռքին մէջ, իբրեւ սատանայական ծրագիր, որպէսզի չըլլայ թէ իրարու քով գալով ձեռք ձեռքի եւ խելք խելքի տալով մտածեն երկիրը տակն ու վրայ ընեն եւ մեծ յեղաշրջում մը իրագործեն որպէսզի Երկիրը իր ճիշդ ուղիին մէջ ընթանայ եւ բարգաւաճի:

Նպատակը այդ էր, օրէ օր արիւնաքամ ընել, յօշոտել գազանի նման բոլորը անխտիր, անգործութեան պատճառով ճնշել եւ ստիպել, որպէսզի մարդիկ արցունքով հեռանան երկրէն որոնելու համար ապրուստը հացն ու լոյսը օտար ափերու մէջ:

Այս անտարբերութեան իբրեւ արդիւնք, հազիւ Գարուն հասած Հայ ժողովուրդը ստացաւ շատ ծանր հարուած մը, շնորհիւ անպատասխանատու անձերու, որոնք նախընտրեցին քաղաքի ոստիկանները զինել ամէնէն արդիական կազմածներով, մինչ զլացան այդ գործիքներն ու զէնքերն ու զինամթերքները սահմանը պաշտպանող երիտասարդ զինուորներուն: Արդիւնք, չնախատեսուած վնասներ եւ կորուստներ: Յայտարարուածը հարիւր Նահատակ էր բայց այլեւս ամէն ինչի վստահութիւն չէ մնացած: Զոհերուն թիւի մեծ քանակը ի յայտ բերաւ կատարուած սանձարձակութիւններն ու թալանները: Այնքան անխիղճ վերաբերուած էին կարգ մը պատասխանատուներ, որ իրենք իրենց իրաւունք շնորհած էին իւրացնելու սահմանը պահպանող զինուորին հացն ու կաթը, սնունդն ու ուտեստեղէնը, կարծէք չէր բաւեր անոնց յանձնուած հնամենի զէնքերն ու զրահապատները: Հետաքրքրականը այն է,որ երկրին պիւտճէին 85 տոկոսը կը տրամադրուի բանակին:

Ապրիլեան տակն ու վրայ վիճակը ազդեց ամէն տեղ: Անակնկալը, մեծամասնութեան սիրտն ու հոգին երկրաշարժի ենթարկած էր ու վիրաւորած մարդոց սրտերն ու հոգիները: Սառուցեալ վիճակ մը ստեղծած էր ամէն տեղ: Ամիսներով գրիչները դադրեցան գրելէ. երբեմն պոռթկումներու տեղի տուին, խայտառակութիւններն ու ցաւալի պատկերները ստիպեցին որ վիշտն ու ցաւը տիրապետեն գրութիւններուն մէջ: Զինուորներուն նահատակութիւնն ու տառապանքը, ժողովուրդին խուճապն ու սահմռկեցուցիչ վիճակը ունեցաւ իր խոր ազդեցութիւնը ամէն տեղ, սկսելով գրականութենէն:

Կանթեղն ալ ազդուեցաւ իբրեւ մասնիկը Հայութեան. բայց շնորհիւ խմբակիցներուն աննկուն կամքին եւ կորովին, շուտով թօթափեցինք դժուարին պայմանները եւ վերադարձանք մեր սովորական կեանքին, աշխատելով լաւագոյնը ներկայացնել բոլորին:

Աշխուժ հեղինակներուն ստեղծագործութիւնները շարունակուեցան հրապարակուիլ «Լույս Աշխարհ» կայքի «Կանթեղ Գրական» բաժնին մէջ իսկ «Կրթություն» բաժինը հարստացաւ զանազան յօդուածներով, յատկապէս Յարգելի Սոֆիա Արզոյանի դաստիարակչական շարքով, որոնք հրապարակուեցան պարբերաբար: Այս առթիւ կ՛ուզենք տեղեկացնել մեր հարազատներուն, թէ Կանթեղի երրորդ ամեակի առթիւ պիտի հրապարակենք դաստիարակչական այս շարքը ՓՏՖ կերպով, որպէսզի անոնք որ կը փափաքին կարենան բեռնել եւ իրենց քով պահել, որպէսզի ամէն անգամ, երբ նորէն կարիքը ունենան թարմացնելու իրենց մտքերը, կարդան յօդուածները:

Անցնող տարեշրջանին, Կանթեղին միացան երիտասարդ ստեղծագործողներ, որոնք կը պատկանին՝ գրականութեան, արուեստին ,երգ, երաժշտութիւն, նկարչութիւն եւ լուսանկարչութիւն, ձեռային աշխատանքներ ստեղծագործողներ, որոնց անխտիր առիթ տրուեցաւ որպէսզի հրապարակեն եւ տարածեն իրենց գործերն ու ստեղծագործութիւնները:

Մենք շնորհիւ Ձեր աջակցութեան պիտի շարունակենք այս ճանապարհը, որպէսզի իրականացնենք մեր ձգտումներն ու ծրագիրները, բոլոր ոլորտներուն մէջ:

ԱԲԻԿ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ

Գանատա
Փետրուարի 14. 2017



Այս թեմայի շուրջ տարվող Քննարկումները ժամանակավորապես կասեցված են.

ՀԵՌՈՒՍՏԱԾՐԱԳՐԵՐ, Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ - Aug 19, 2016 10:00 - չքննարկված

Ինչպես ընդունվեց Հայոց ցեղասպանության և ժխտման քրեականացման օրենքը Սլովակիայում :Ինչպես Հայաստանը ունեցավ Ռազմական ինքնաթիռներ:Ստեփան Քիրեմիջյանի հյուրն էր ԵՀՄՖ նախագահ Աշոտ Գրիգորյանը:

More In Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ


More In


ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ - Jun 18, 2016 10:07 - 1 քննարկում

տեղեկատվական տեխնոլոգիաների ձեռնարկությունների տնօրեն՝ Կարեն Վարդանյանը և տնտեսագիտության դոկտոր՝ Կարեն Ադոնցը:Մագնիս – Magnis 14.06.2016

More In ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ