ԿԱՆԹԵՂ ԳՐԱԿԱՆ - Հեղինակ՝ . Tuesday, May 24, 2016 22:01 - չքննարկված

ԿԱՆԹԵՂ ԳՐԱԿԱՆ:ՆԱԶԵԼԻ ԹՈՐՈՍՅԱՆ

Նազելի Թորոսեան (1)ՆԱԶԵԼԻ ԹՈՐՈՍՅԱՆ

***
Աստղազարդ գիշեր մըն էր`
Աստղերը իրենց շողերը ցողած էին`
Գետակի ջուրերուն տալով անոնց
Մարգարիտներու բիւրեղացած փայլք մը.
Իսկ հարսնուկ լուսնեակը իր շղարշը
Ցողած էր` մեր զոյգին դէմքին
Տալով անոնց մարմարեայ գեղեցկութիւն.
Անոնք նստած կողք կողքի կը շաղակրատէին`
Հրեշտակը շշնջաց` նազանքով,
«Դուն իմ կողքիս ես բիւր եւ յաւիտեան
Ես քեզի կ`ըզգամ ամէն մէկ վարկեան
Իմ սրտիս խորքը եւ հոգւոյս ներքեւ,
Դուն գրաված ես իմ ամբողջ էութիւնս,
Դուն պայծառ արեգս ես առաւօտեան,
Եւ բիւրեղեայ աստղս մութ գիշերուան,
Դուն իմ անտեսանելի տեսանելիս ես
Որ նստած կողքիս կ`ունկնդրես իմ
Նազանքներս բոլոր,
խենթութիւններս սիրոյ,
Դուն իմ միակն ես իմ չքնաղ Հրաշքս,
Իմ ապրելակերպի միակ հրաշքը,
Որ կեանք կու տայ ինծի պայքարելու`
Բոլոր յոյզերուս դէմ,
Տխուր թէ ուրախ, ատող թէ սիրող,
Քեզի կորսնցնող ապա ետ գտնող,
Միակ խենթուկդ քեզի շատ սիրող…
Դուն իմ նուիրեալ միակ ընծան ես,
Զոր ստացած եմ Աստուծոյ կողմից,
Մեր սիրոյ պուրակին սկիհին կողմէն,
Աստուածատուր խորանին`
Խնկաբոյր բուրմունքէն,
Ես մասունքով ստացայ քեզի
Եւ սուրբ նշխարհով ըմպեցի սէրդ,
Կը սիրեմ քեզի իմ սիրուն Հրաշքս
Իմ սիրոյ պուրակիս միակ չաստուածը…»…
Հրաշք ժպիտով համբուրեց իրեն
Ապա շշնջաց` մեղմիկ ու քնքուշ,
«Ես քուկդ եմ յաւերժ, մինչեւ յաւիտեան,
Եւ կը սիրեմ քեզի բոյլ աստղի նման,
Սիրտս քուկդ է, ինչպէս եւ հոգիս,
Իսկ երազանքներս դուն ես առ յաւէտ,
Քու շրթներդ անվերջ ինձ միշտ կը դիւթէն
Եւ այդ վարդերէն մեղրեր կը ծորէն,
Կ`ուզեմ հարբենալ այդ քաղցր մեղրէն
Գիշեր ու ցերեկ մինչեւ յաւիտեան,
Քու մատներդ ճկուն կ`ըզգամ մարմինիս
Ամէն անդամին մեղմիկ հպումով
Որ սարսուռներ կը յառաջացնեն
իմ սրտիս ներքեւ
եւ ջրվէժներ`
Իմ հոգւոյս ներսէն կը գահավիժին`
Մարմինիս մէջը
Եւ կը հոսեցնեն հեղեղներ
Սիրոյ արբունքի…»…
Անոնք գրկխառնուեցան եւ վերացան վեր
Եօթներորդ երկինքը եդեմի,
Եւ սկսան սիրարբունքի ցողեր ցանել`
Համայն աշխարհի մարդկութեան…
Ջութակը կը նուագէր` սիրոյ մեղեդին,
Իսկ պուրակը կ`ունկնդրէր`
Լուռ ու մունջ…

***
Գեղեցիկ այգաբաց էր`
Արեգը իր ոսկեգոյն շղարշը
Տարածած էր` սիրոյ պուրակին
Ուր մեր սիրահարները նստած Գետափին
Կ`երկխօսէին մեղմիկ յուշիկ.
Հրեշտակը շշնջաց` քնքուշօրէն,
«Կեանքիս ճամբէկին ես քեզի կը բնտռեմ
Ամէն լուսաբաց եւ ամէն արեւմար,
Աստղերու բոյլին ես քեզի կը հարցնեմ
Անոնք կը գծեն պատկերդ զուլալ
Խղճալով իմ հէգ ու յոգնած սրտիս,
Լուսաւոր արեգը իմ թախիծէս
Երեսը կը պահէ ամպերուն տակը,
Կամ ալ կը կարմրի կը բոսորանայ`
Ինծի նման տխուր ու թախծոտ կ`ըլլայ.
Խեղճ ամպերը իրենց գոռում գոչումով
Հեղեղ կը թափեն երկնքէն ի վար,
Որպէսզի ծածկէն արտասուքներս հեղեղ
Որոնք ջրվէժ դառցած կը գահավիժէն`
Աչքերէս դէպի սրտիս ու հոգւոյս անդունդները…
Քու փակ դռներդ ես միշտ կը թակեմ
Եւ կը սպասեմ անվերջ քու պատասխանին,
Սէրով թող լեցուի մեր կեանքը տխուր
Վերջ թող գայ կսրօտը եւ անոր թախիծը
Տեղ տուր սրտիդ բաց դռները
Որ ներս մտնեն գեղեցիկ յոյզերը
Սիրոյ խնդութեան…
Սրտիս զարկը քեզի կը կանչէ,
Անյոյս մինակ նստած յոգնած
Իր հունին մէջ բեկորած,
Իմ շրթներս քեզի կ`ուզեր
կ`ըմպեր սիրոյ բուրմունքդ դիւթիչ,
Հոգւոյս լոյսը քեզի կը տենչար
Լուսաւորելու խաւարած հոգիս,
Իսկ դուն մինակ թողեցիր ինծի
Մեր սիրոյ պուրակին,
Ուխտեալ սիրոյ խորանին,
Եը թափառեցար հեռու հորիզոններ
Գուցէ բնտռելու մի ուրիշ սէրեր…
Եթէ անկեղծ կ`ուզես գահը սրտիս,
Եւ իմ սիրոյ զարկերուն,
Ես սիրահոժար կը նուիրեմ քեզի,
Իր ամբողջ սիրոյ յոյզերովը,
Իր անկեղծ մեղմիկ ու քնքուշ
Սիրոյ մեղեդիովը,
Կը նուիրեմ քեզի իմ սրտի գահը…»…
Հրաշք զմայլած գրկեց իր սէրը
Եւ համբուրեց զայն հրսժեշտի համբոյրով…
Ջութակը կը նուագէր` քնքուշ մեղեդի մը,
Իսկ պուրակը` լուռ ու մունջ
Կ`ունկնդրէր երկխօսութիւնը…

***
Գեղեցիկ մթնշաղ էր`
Աստղերը պար բռնած էին երկնակամարին,
Իրենց միջեւ առնելով հարսնուկ լուսնեակը,
Ամէն կողմ խինդ ու ծիծաղ կար,
Պուրակը ուրախ կը պարէր ձեռք-ձեռքի բռնած,
Ջութակը սիրոյ մեղեդին կը նուագէր ցնծութեամբ,
Մեր սիրահարները իրար գրկած կը պարէին,
Հրեշտակը շշնջաց` ժպիտը իր դէմքին,
«Այսօր երկնքէն հրաշքները ,
Թեւերնին բացած ինծի գրկեցին,
Եւ ցողեցին բիւր բիւր սէրեր,
Երկինքներէն մեր եդեմի,
Սիրով լեցուն ջինջ աղբիւրներ,
Մասունք դառցած սիրոյ յոյզեր,
Սէր ցողացող սուրբ նշխարհներ
Հաղորդութեան սուրբ աղօթքներ,
Այսօր տօնն է մեր միացման,
Սիրով լեցուն սուրբ խորանին,
Հրաշքներու մեր սուրբ բոյնին,
Երկինքներու մեր եդեմին,
Բոյլ բոյլ աստղեր մեզ ցողեցին`
Սիրով լեցուն ու կարօտով,
Հազար յոյզեր իրար գտած,
Մեզ գրկեցին թեւերնին բաց,
Եւ սէր ցողացուցին ամէնուրէք
Մեր ջերմացած մարմիններուն,
Հեղեղումները արբունքի
Եւ ջրվէժները գինարբուքի…
Սէրն է այսօր կը ցողայ մեզի
Բիւրեղացած լուսնի լոյսով,
Եւ մարգարիտները փայլող աստղին…
Դուն Հրաշքն ես իմ սիրտ բոյնի,
Ես ալ Հրեշտակդ հոգւոյդ լոյսի,
Երկուքս ալ ծնուած ենք իրար համար,
Ապրելու մեր սէրը թաքուն գողտրիկ…»…
Ջութակը կը նուագէր` ուրախ սիրոյ մեղեդին,
Իսկ մեր զոյգը իրար գրկած սաւառնեցան`
Դէպի երկինքը եդեմի
Ապրելու սիրոյ պահերը գողտրիկ.



Այս թեմայի շուրջ տարվող Քննարկումները ժամանակավորապես կասեցված են.

ՀԵՌՈՒՍՏԱԾՐԱԳՐԵՐ, Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ - Aug 19, 2016 10:00 - չքննարկված

Ինչպես ընդունվեց Հայոց ցեղասպանության և ժխտման քրեականացման օրենքը Սլովակիայում :Ինչպես Հայաստանը ունեցավ Ռազմական ինքնաթիռներ:Ստեփան Քիրեմիջյանի հյուրն էր ԵՀՄՖ նախագահ Աշոտ Գրիգորյանը:

More In Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ


More In


ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ - Jun 18, 2016 10:07 - 1 քննարկում

տեղեկատվական տեխնոլոգիաների ձեռնարկությունների տնօրեն՝ Կարեն Վարդանյանը և տնտեսագիտության դոկտոր՝ Կարեն Ադոնցը:Մագնիս – Magnis 14.06.2016

More In ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ