ԿԱՆԹԵՂ ԳՐԱԿԱՆ - Հեղինակ՝ . Tuesday, February 2, 2016 7:42 - չքննարկված

Կանթեղ գրական:ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԱՆ

Սօսի ՄԻՇՈՅԱՆՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԱՆ

**

«ԾԻԱԾԱՆԻՆ ԲՈՅՐԸ»

Տղաներուս հետ որոշեցինք «Սիրահարների այգի» այցելել: Երեւանի յայտնի այգիներէն մէկն է Բաղրամեան պողոտայի վրայ գտնուող սիրահարներու այգին, որուն մէջէն կը հատէ մեթրոյին ճամբան: Եւ ես ասֆալտապատ փողոցէն անցնելու փոխարէն կը նախընտրեմ մեթրօ հասնիլ այգիի ճամբով: Բնութեան մաքուր շունչը կը զգլխէ եւ զիս մանկութիւն կը փոխադրէ՝ դէպի Հալէպի հանրային պարտէզ, զոր « մէշդէլ» կը կոչէինք տեղական լեզուով:
Ամառները մօրենական մեծ մօրս տունը մէկ շաբաթով հիւրութեան կ’երթայինք ես եւ քոյրս՝ Անոյշը: Ու ամէն առաւօտ առանց բացառութեան լուսաբացին հետ մեծ հայրիկս մեզ «մէշդել» կը տանէր: Մեծ մամաս մեզի համար հացիկներ փաթթած կ’ըլլար ու խնձոր եւ քաղցրեղէններ առած կ’ուղղուէինք հոն: Մանկութեան օրերուս կը կարծէի, որ այդ այգին մեծ հայրիկիս սեփականութիւնն է: «Տէտէին մէշդէլը» կը կրկնէինք յաճախ, ամէն անգամ երբ հոն ուզէինք երթալ: Մեծնալը երբեմն ինչ յուսախաբութիւններու դուռ կը բանայ: Ի՜նչ հեքիաթներ անախորժ իրականութիւն կը դառնան մեծնալէդ յետոյ…: Մէշդէլին մէջ շատ լաւ ժամանակ կ’անցնէինք, կը խաղայինք, պարան կը ցատկէինք, հեքիաթներ մտիկ կ’ընէինք…
Հիմա հոս ալ մանչուկներս ազատ համարձակ կը վազվզեն , ծառէն թափած կաղիններ կը հաւաքեն , տարբեր տերեւներու հաւաքածոներ կը կազմեն ու աւազով բաներ կը կառուցեն:
Սիրահարներու այգիին մէջ սիրող զոյգեր շատ կը տեսնես, այլապէս այգին իր կոչումին տէրը պիտի չըլլար: Իսլամական երկրի մէջ ապրելով , նման երեւոյթներու չտես ըլլալով հանդերձ, հոս գիրկընդխառնութիւնները խորթ չեն թուիր ինծի, քանի ի վերջոյ սիրոյ կը վերաբերին: Այգին նաեւ հարսի ու փեսայի լուսանկարուելու բաց տաղաւար եղած է: Ահա հարս մը ամէն անկիւն տարբեր շարժումներ ընելով կ’անմահացնէ իր կեանքի ամենայատկանշական օրուան ժամերը: Հոս ոչ ոք ուրիշի կը խառնուի, հակադրութեամբ կը յիշեմ, թէ ինչպէս շատ անգամ կը խուսափէինք Հալէպի հանրային պարտէզը երթալէ, որովհետեւ այլազգի մը կա’մ անախորժ նայուածքներէն կա’մ անհաճոյ «խօսք զարնել»ներէն պիտի կաշկանդուէինք:
Սիրահարներու կողքին, ամէն տարիքի մարդ կայ հոս: Իւրաքանչիւրը ինքն իր զբաղումը գտած է արդէն: Նորածին մանուկը կառքին մէջ դրած մայրը արեւուն տակ կը տեղաւորէ զայն, որպէսզի «d» կենսանիւթով օժտուի երեխան: Անդին, մեծահասակ կիներ ընթերցանութեամբ տարուած են, ուրիշներ իրենց զաւակները բերած են, որպէսզի աւազէ աւազանին մէջ խաղան: Շատեր իրենց լէփթօբներուն հետ այգիի սրճարանը կը սրճեն:
Նստած եմ մանչերուս դիմաց զետեղուած նստարանին վրայ եւ զիրենք կը դիտեմ: Հանգիստ եմ երեխաներուս քրքջանքները լսելով: Հանգիստ եմ արտաքուստ, իսկ ներքնապէ՞ս… ժամանակաւոր հանգստութիւն է սա: Վայրկենական կամ գուցէ ժամանակի մէջ: Մտքերուս մէջ խորասուզուած անընդհատ փնտռտուքի մէջ եմ, ի՞նչն է փնտռածս այդ ալ ճշգրիտ չեմ գիտեր: Հակասութիւնն ու երկուութիւնը մտքիս կը տանջէ զիս: Կ’ուզեմ հո’ն ըլլալ, բայց ՝չերթալ: Կարօտը կը մաշեցնէ հոգիս, բայց մերժում կայ դէպի ետ երթալու: Մագնիսը իր ուժը կորսնցուցած է: Նոր հորիզոններ փնտռելու մարմաջ կայ մէջս ու ափսոսանք կուրօրէն ապրած տարիներուս համար:
– Մամա, տե’ս , ծիածան, շո~ւտ , նկարէ մա’մ՝ չանհետացած:
Նկարեցի: Անմահացաւ այդ ակնթարթային գունազարդ պահը: Ու հիմա առձեռն հեռաձայնիս մէջ նկարները դիտելով պահ մը կը խորանամ ու կը փնտռեմ ի’մ հոգւոյս ծիածանը ու կը գտնեմ զայն անցեալի լաւ յուշերուս ընդմէջէն: Հո’ն, ուր երջանիկ էինք, կա’մ այդպէս կը կարծէինք եղած ըլլալ. անցեալը շաղկապուեցաւ միա’յն լաւ յուշերով : Չենք յիշեր անախորժութիւններ: Հալէպին « երազային» ըլլալը զայն լքելէ վերջ է որ ըմբռնեցինք. կա’մ գուցէ մենք այդպէս կ’ուզենք տեսնել ու յիշել: Անցեալի լաւն ու բարին է միա’յն որ ներկայի անորոշութեան ու մթութեան մէջ գոյն կու տայ ու շող կ’արձակէ, կը ծիածանէ:
Կեանքէն ապտակ ստացածի հոգեվիճակ մը պատած է մեզ: Ապտակ՝ արթնացումի, ապտակ՝ կեանքի ճիշդ ընկալման: Ամբողջ կեանք մը մեզի կը թուէր, թէ մենք անհուն երանութեան մէջ էինք, որ անկարելի պիտի ըլլար զայն խափանելը, մինչդեռ կեանքը իր միւս երեսն ալ ունի եղեր, այդ չպատկերացուցածդ, չսպասածդ, ատոնք միայն ֆիլմերու կամ գիրքերու մէջ չեն, իրական ալ կրնան ըլլալ եղեր, իրական են արդէն: Սակայն որքանո՞վ պատրաստ ենք այս երկրորդ երեսը պարզ հայեացքով ընկալելու…:
-Մամա’, տե’ս բերդ շինեցի: Ես պիտի մեծնամ, շինարար դառնամ:
Չէ՜, ես պէտք չէ ընկրկիմ, իրաւունք իսկ չունիմ ընկրկելու: Տղաս երազներ կը հիւսէ, ի՜նչ ընկրկիլ, ինչ բան: Հիասթափութիւնները օգտակար են, լսած եմ յաճախ: Անոնք կը կոփեն, կը յղկեն անձդ եւ աշխարհահայեացքդ կը փոխեն:
– Մամա, տերեւը շփէ, հոտը ա’ռ:
– Իսկապէս անուշ կը բուրէ: Ամէն ինչ անուշ կը բուրէ , պարզապէս զգալ պէտք է:

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԱՆ



Այս թեմայի շուրջ տարվող Քննարկումները ժամանակավորապես կասեցված են.

ՀԵՌՈՒՍՏԱԾՐԱԳՐԵՐ, Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ - Aug 19, 2016 10:00 - չքննարկված

Ինչպես ընդունվեց Հայոց ցեղասպանության և ժխտման քրեականացման օրենքը Սլովակիայում :Ինչպես Հայաստանը ունեցավ Ռազմական ինքնաթիռներ:Ստեփան Քիրեմիջյանի հյուրն էր ԵՀՄՖ նախագահ Աշոտ Գրիգորյանը:

More In Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ


More In


ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ - Jun 18, 2016 10:07 - 1 քննարկում

տեղեկատվական տեխնոլոգիաների ձեռնարկությունների տնօրեն՝ Կարեն Վարդանյանը և տնտեսագիտության դոկտոր՝ Կարեն Ադոնցը:Մագնիս – Magnis 14.06.2016

More In ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ