ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ . Monday, December 7, 2015 15:48 - չքննարկված

ՔՐԻՍՏԻՆԱ ՏԷՐ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ . ԵՐԿՈՒ ՔԵՐԹՈՒԱԾ

ՔՐԻՍՏԻՆԱ ՏԷՐ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ

*ԵՐԿՈՒ ՔԵՐԹՈՒԱԾ
Գիտե՞ս իմ տարիներու ընկերուհիս ,
Իմ երեկուան մանկան պատկեր
Ես չեմ ըսեր նոյն խօսքերդ քու հիմա,
Ո՛չ ալ քեզ կը մեղադրեմ ,
Այլ կ’օրհնեմ՝ քու ճամբադ երկար ,
Եւ գիտեմ ինչ փո՜յթ պիտի սիրես ինծի դուն .
Անիծես իսկ, պիտի սիրես առանց գիտնալու ինքդ քո՛ւ
Եւ ի՜նչ մեծ ուրախութիւն ինծի
երբ միտքս է հանգիստ եւ խիղճս է խաղաղ ,
եւ ինչ հեշտ բան ,երբ ամէն անգամ ՝
ինծի պիտ բախդատես ուրիշներուն հետ
եւ ես պիտի մնամ մի՛շտ ես
անկեղծը մարդը աչքերուդ,
պիտի չի գիտնաս իսկ դուն՝ եւ միայն
պիտի կարծես որ կ’ատես եւ պիտի մնաս այդպէս
ատելով կամ ուրանալով ,
ի՜նչ փոյթ դուն ինծի պիտի սիրես ես գիտեմ …
********************************************************************
Իմ աչքերուս նայէ՛ արդէն ինծի կը ճանչնաս,
Շատով քիչով իմ սկզբունքներս՝ իմ աչքերէս կը կարդաս,
Եւ գիտես թէ շա՜տ բաներ որ այդ երկու աչքերուս մէջ կը պահեմ,
Հոգւո՜յս գաղտնի՛քն է վսեմ ՝
Սիրոյ հրճուա՜նքս առաջին՝
Եւ ինչու՝ թախիծս շատ անգամ ՝.
Եւ ան որ պիտի կրնայ ինձ հասկնալ այս աչքերէս իմ երկու՝
Ես պատրաստ եմ զանոնք՝ իրեն նուիրելու :
****************************************************************

Սիրէ’ առանց Դիմակի

Թէեւ սուրճ խմելով անձրեւի ձայնը մտիկ ընելը շատ հաճելի կը թուի ինծի, բայց այդ օր չափազանց քաղցր սուրճով մը հաճոյքի փոխարէն ուղեղիս մէջ զանազան հարցեր ստեղծուեցան: Մինչ անձրեւի կաթիլները քովի պատուհանիս վրայ կը կաթկթէին: Անոնց եւ ժամացոյցի սլաքներու ձայնը զուգահեռ համանուագ մը կը ստեղծէին խոր լրութեան մէջ:
Պահ մը կանգ առնելով սաստիկ անձրեւին ձայնը լսելէ մեծ զգոյշութեամբ կը հետեւիմ ճամբան քանի մը անցնող սիրահար զոյգերու, խորհելով թէ արդեօք ինչե՜ր կը խօսին իրարու հետ, ի՞նչպէս ծանօթացած են, թերեւս կ’ուզեմ գիտնալ թէ իրարու վրայ ի՞նչպէս կը գուրգուրան եւ արդեօք իսկապէս կը գուրգուրա՞ն:

Արդարեւ, իւրաքանչիւր զոյգ ունի իր սիրոյ սկիզբն ու աւարտը, ունի իր իւրայատուկ սիրոյ պատմութիւնը բայց եւ այնպէս ի՞նչու ոմանք իրենց սիրոյ պատմութիւնը կ’ուզեն նմանեցնել ուրիշի պատմութեան, թէկուզ իրենց առջի օրուան այդ սիրային ֆիլմին հերոսներն ու հերոսուհիները չեն բայց ի՞նչու կ’ուզեն անոնց նման ըլլալ եւ ձեւացնել որ իրենց պատմութիւնն ալ նոյն է, կամ գուցէ այդ պատմութեան հերոսներուն ծանօթացման հանդիպումին նման իրենք եւս նոյն վիճակին մէջ կը յայտնուին: Անոնք կ՛ենթադրեն թէ պիտի ունենան այդ նոյն ֆիլմին կամ պատմութեան սկիզբն ու վերջը: Այսպիսով ՝ անոնք կը փորձեն գողնալ ուրիշին դէմքն ու հոգին :

Ափսո˜ս, որ իւրաքանչիւրը կը համեմատէ իր սեփական կեանքն ու սէրը ուրիշներուն հետ եւ չեն գիտեր, ոչ ալ կը ճանչնան իրենց սեփական սիրոյ դէմքը, իրենց պահանջքը. իրենց սիրային պատմութիւնը յաճախ չեն ապրիր այլ կը փափաքին ապրիլ ուրիշինը, չեն ճանչնար զիրենք լաւ եւ չեն գիտեր իրենց ուզածը: Ոմանք լաւ գիտնալով կամ զգալով որ իրենց հարեւանը կամ մտերիմը իրենց սրտին ճիշտ անցը չէ բայց անտրամաբանական պատճառներով ինքնախաբէութեամբ մը դերասանութիւն կ՛ընեն իբրեւ թէ կը սիրեն եւ շա՜տ ուրախ են:

Կաղանդի գոյնզգոյն լոյսերով զարդարուած էին բոլոր ծառերը որոնցմէ մէկն ալ Պէյրութի լայն փողոցներէն մէկուն ծայրը կը գտնուէր եւ անձրեւի ծանր կաթիլներով տարբեր հմայիչ տեսք մը ստացած էր, միաժամանակ անձրեւը հետզհետէ աւելի սաստկանալով մարդոց կը մղէր տուները վերադառնալու:
Այդ հաճելի իրարանցումին մէջ աչքերս կը սեւեռեմ ուրիշ զոյգի մը վրայ, որոնք կը քալեն մէկ հովանոցով հակառակ որ իրենց երկուքին ալ աչքերուն մէջ, խանդավառ սիրոյ նշոյլը չեմ տեսներ բայց իրենց կը թուի թէ այդ սովորական երեւոյթը իրենց սիրոյ պատմութեան անմոռանալի յուշերուն սկիզբը պիտի ըլլայ , մերթ ընդ մերթ ալ իրար նայելով կը ժպտան եւ իրարու միտքէն նոյն մտածումը կ’ունենան եւ անշուշտ այս մտածումին ալ երրորդողը ես կ’ըլլամ :
Երկրորդ սուրճի գաւաթիս աւարտին վերստին կը խորհիմ թէ՝ արդեօք աւելի լաւ չէ՞, մարդիկ զիրար սիրեն առանց դիմակի:

ՔՐԻՍՏԻՆԱ ՏԷՐ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ



Այս թեմայի շուրջ տարվող Քննարկումները ժամանակավորապես կասեցված են.

ՀԵՌՈՒՍՏԱԾՐԱԳՐԵՐ, Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ - Aug 19, 2016 10:00 - չքննարկված

Ինչպես ընդունվեց Հայոց ցեղասպանության և ժխտման քրեականացման օրենքը Սլովակիայում :Ինչպես Հայաստանը ունեցավ Ռազմական ինքնաթիռներ:Ստեփան Քիրեմիջյանի հյուրն էր ԵՀՄՖ նախագահ Աշոտ Գրիգորյանը:

More In Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ


More In


ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ - Jun 18, 2016 10:07 - 1 քննարկում

տեղեկատվական տեխնոլոգիաների ձեռնարկությունների տնօրեն՝ Կարեն Վարդանյանը և տնտեսագիտության դոկտոր՝ Կարեն Ադոնցը:Մագնիս – Magnis 14.06.2016

More In ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ