ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ . Wednesday, July 23, 2014 23:23 - չքննարկված

Ի Պատասխան Արամ Մկրտչյանի Ազատ Արձակման.

ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ
Ուղղուած՝
ԱՀՎԿ – ԵԱՆ Նախագահին՝ Արմենակ (ԹԻԱՐԻ) Աբրահամեանին,

Վերջերս մամուլի մէջ կարդացինք Յուլիս 3. 2014 թուկիր Նախագահական Հրամանագիր մը, որը աշխատանքէ կը դադրեցնէ ԱՀՎԿ – Եան Արտաքին Գործերու Նախարար՝ ԱՐԱՄ ՄԿՐՏՉԵԱՆ-ը, զանազան անհիմն եւ անվաւերական պատճառներով: Այսինքն զրպարտաբար, պարզապես հեռու պահելու` այն անձը որ հիմնադիր եւ ծրագրողը եղած է Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութեան:

Մենք՝ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲԸ, ամէն կերպով անհիմն կը նկատենք Յարգելի Նախագահ՝ Ձեր ուղղած բոլոր ամբաստանութիւնները, որոնք կրնան ծառայել միայն թշնամիին եւ ջեղեալ կը նկատենք այս հրամանգիրը եւ կ՛ուզենք արձանագրել մեր դիտողութիւնը եւ քննադատական կեցուածքը բացատրելով ամէն մէկ կետը առանձին կերպով եւ որպէսզի հստակ ըլլայ բոլորին այս զեղծարարութիւնը: Կը սկսինք.
• Հայութիւնը ունի նորաստեղծ Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութիւն, որը մինջեւ օրս կը մնայ այդ անուանումին մէջ, անհասկնալի է թէ ե՞րբ այս Կառավարութիւնը եւ ի՞նչ հիմքի վրայ հռչակուեցաւ Հանրապետութիւն եւ ո՞ր տարածքի վրայ, արդեօք սկսած էք անհանգստանալ Ուիլսինեան դատավճիռի իրագործումէ՞ն: Ի՞նչու Կառավարութիւն մը Հանրապետութեան կ՛ենթարկուի ըստ մարդոց քմահաճոյքի՞ն թէ՝ ըստ Միջազգային օրէնքներու հիման վրայ: Մինջեւ ե՞րբ Յարգելի Նախագահ պիտի մնաք հակաօրինական կեցուածքներու մէջ եւ պիտի շարունակէք խախատումներ արձանագրել Ձեր աշխատանքային գործելակերպին մէջ: Աշխարհի օրէնքներուն մէջ չկայ Նախագահական արտայայտութեան բանձեւ մը կամ «Բրոթոքոլային» ոճ մը , որ կ՛ըսէ՝ Ես, որպէս նախագահ կը որոշեմ: Մենք ո՞ւր կ՛ապրինք, որմէկ դարը, դուն քեզ Հոլաքոն կը կարծես թէ Ստալինը, դուն քեզի բռնատերի հանգմանք տալով միայն կը ստորնանաս եւ կը վերածուիս մեծ ոչինչի մը եւ բախտաւոր պարագային կը տեղադրուիս թիապարտներու ԹԻԱՐԱՆԸ: ԱՀՎԿ-ը հիմնուած է աշխարհի կողմէ վաւերացուած եւ ճանցուած օրէնքներու վրայ:
• Գրուած է՝ քննադատական եւ վիրաւորական նամակներու մասին, որոնք իբրեւթէ Արտաքին Գործերու Նախարարը մամուլով եւ համացանցի կապերու միջոցաւ, ուղած է ԱՀՎԿ եւ ԱԽ անդամներուն: Լաւ կ՛ըլլար որ մի քանի հատ փաստացի նամակներ ներկայացնէիք ամբաստանելու համար ԱԳՆախարարին, ըլլան անոնք պաշտոնական նամակներ կամ ելեկդրոնային համացանցերուն մէջ տեղադրուած նամակներ կամ արտայայտութիւններ ինչպէս որ դուք կ՛ըսէք: Լաւ գիտենք՝ Մենք, Դուք եւ բոլոր անոնք որոնք կը ճանչնան եւ մօտէն կամ հեռուէն յարաբերութիւն ունեցած եւ աշխատակցած են Յարգելի Նախարարին հետ, շատ լաւ գիտեն թէ Ան ի՞նչպիսին է եւ շատ հեռու է այդպիսի արտայայտութիւններ է: Այդպիսի սեւ գործեր պատշաճ են մանկլաւիքներու եւ պնակալեզներու, տկար եւ թոյլ մարդոց, որոնք անզօր են հասնելու իրենց նպատակներուն ապա կը դիմեն անհիմն եւ զեղծարար միջոցներու իրականացնելու համար իրենց վարդագոյն երազները եւ որպէսզի հասնին իրենց նպատակներուն:
• Այո, ճիշդ է որ՝ Արեւմտահայութեան հիմնական մէկ մասնիկը եւ գաղութը՝ Սուրիոյ մէջ, կ՛ապրի ճքնաժամային եւ տագնապալի օրեր երկար ամիսներ է իվեր, բայց այդ հարցը կը կարծենք թէ Յարգելի Նախարարը չէ որ առաջին կայծը տուած է որպէսզի պատերազմական կրակը սկսի տարածուիլ Սուրիոյ եւ անոր հիմնական քաղաքներուն, շրջաններուն ապա բնակիչներուն վրայ որու հիմնական մէկ մասնիկն է Հայութիւնը, որ ունի հազարամիա կեանք Երկրին մէջ: Արտաքին Նախարարը չէ, որ կայծը տուած է եւ հրահրած այս կռիւներու ծայր տալը: Ճիշդէ որ Միջին Արեւելքի շրջանը պատերազմական վիճակի մէջ է բայց հիմնական վնասները որոնք ստացաւ ՍուրիաՀայ գաղութը եւ անոր հիմնական դրդապատճառը նոյն ինքն Դուք էիք Յարգելի Նախագահ, որովհետեւ Ձեր բեմ եկած անհիմն եւ մոլորեցնող արտայայտութիւններով, եւ ունեցած գաղտագողի շփումներով եւ ստեղծած յարաբերութիւններով անբաղձալի խմբակներու եւ մարդկանց հետ պատճառ դարձաք որ Պետութիւնը կեցուածք ունենայ, որովհետեւ Ձեր անհիմն արտայայտութիւններով կասկած արթնցուցիք Իշխանութեան քով: Ապա դուք էք որ պէտք է ամբաստանուիք եւ սառոյցի մէջ զետեղուելով ազատ արցակուիք Ձեր պաշտոնէն:
• Յետոյ այս ի՞նչ խայտարակութիւն է, չկայ Ազգային Խորհուրդ մը որ կլկլակի ջուրին նման ամէն օր իր Մայրաքաղաքը կը փոխ է՝ օր մը Շուշի, ուրիշ օր մը Փարիզ, Գամշլի կամ Կարին: Այլեւս այնքան ծիծաղելի կեցուածքներ եւ արտայայտութիւններ կ՛ունենաք եւ հրամանագիրներ կը հրապարակէք որ իսկական խայտարակ վիճակ կը ստեղծէք: Այն տպաւորութիւն ձգելով թէ ԱՀՎԿ-Եան Ազգային Խորհուրդը կ՛ապրի անտառին մէջ եւ Քաղաքակիրթ երկիրներու նման գաղափար չունի օրէնքներ է եւ պաշտօնական դիւնագիտական կարգուձեւերէ կամ «Բրոթոքոլներէ» որը իբրեւ մեծ ամօթ կրնայ արձանագրուիլ հայութեան ճակատին վրայ եւ ԱՀՎԿ հասցէին մէջ: Մայրաքաղաքները կը մնան անփոփոխ Յարգելի նախագահ:

Վերոյիշեալ բաժիններով հստակացուցինք թէ անօրինականութիւնը կը հոսի Ձեր հրամագրի առաջին տողերէն եւ բոլոր Ձեր յիշած ամբաստանութիւնները անհիմն են եւ փաստ չունին, որոնք կը ձգտին միայն մրոտելու ԱՀՎԿ-Եան, ԱԳՆ՝ Յարգելի ԱՐԱՄ ՄԿՐՏՉԵԱՆԻՆ, բա՛ց լաւ իմացէք որ ձեր բոլոր աշխատանքները ի Զուր են, որովհետեւ այդ Մարդը կանքուն է եւ կը մնայ իր սկզբունքներուն վրայ եւ բոլորը շատ լաւ գիտեն թէ ո՞վ է Արամ Մկրտչեանը:

Արդ, անվարան կերպով կը պահանջէք ընդհանուրին դիմաց, ինչպէս որ զրպարտեցիք անմեղ նախարարը, նոյն ձեւով ալ հրապարակէք Ձեր սխալած ըլլալը եւ ներողութիւն խնդրէք՝ Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի կառավարութեան, Արտաքին Գործերու նախարար՝ ԱՐԱՄ ՄԿՐՏՉԵԱՆԷՆ, միաժամանակ ներկայացնէք Ձեր հրաժարականը եւ հեռանաք Արեւմտահայութեան Մեծ Ընտանիքէն որպէս պետութեան գլուխ, որովհետեւ Դուք այլեւս փաստօրէն Մեզի չէք պատկանիր:

Յարգելի ԱՐՄԵՆԱԿ (ԹԻԱՐԻ) ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ, Դուք Արեւմտեան Հայաստանի Ժողովուրդին կողմէ Ազատ Կ՛արձակուիք եւ հետ այսու ոչ մէկ կապ ունիք Կառավարութեան եւ Մեզի հետ: Մենք Արեւմտահայերս Դաւադիրներու եւ Դաւաճաններու կարիքը չունինք, Մենք Մեր իրաւունքները պաշտպանող գիտակից մարդոց կարիքը ունինք, որոնք մեզի հետ ձեռք ձեռքի տալով պիտի իրագործեն՝ Ուլսինեան դատավճիռը:

Վերջին անգամ ըլլալով ամէնա ազնուութեամբ կը պահանջենք Ձեր հրաժարականը, քանի տակաւին ուշ չէ, ժամանակը ի նպաստ Ձեզի չէ, այլապէս տարբեր կերպով կրնանք վարուիլ Ձեզի հետ այդ ժամանակ, եւ վստահ եղէք թէ բոլոր անոնք որոնք կը թմբկահարէին Ձեզի բեմին վրայ պիտի չի տեսնէք անոնցմէ ոեւէ մէկը, հարուածները դուք պիտի ստանաք Ձեր գլխուն:

Կեցցէ՝ Պահանջատեր Հայ Ազգը, եւ Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութիւնը:

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅԵՐ

Հալէպ. Յուլիս 21. 2014



Այս թեմայի շուրջ տարվող Քննարկումները ժամանակավորապես կասեցված են.

ՀԵՌՈՒՍՏԱԾՐԱԳՐԵՐ, Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ - Aug 19, 2016 10:00 - չքննարկված

Ինչպես ընդունվեց Հայոց ցեղասպանության և ժխտման քրեականացման օրենքը Սլովակիայում :Ինչպես Հայաստանը ունեցավ Ռազմական ինքնաթիռներ:Ստեփան Քիրեմիջյանի հյուրն էր ԵՀՄՖ նախագահ Աշոտ Գրիգորյանը:

More In Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ


More In


ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ - Jun 18, 2016 10:07 - 1 քննարկում

տեղեկատվական տեխնոլոգիաների ձեռնարկությունների տնօրեն՝ Կարեն Վարդանյանը և տնտեսագիտության դոկտոր՝ Կարեն Ադոնցը:Մագնիս – Magnis 14.06.2016

More In ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ