ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ . Monday, July 7, 2014 23:16 - 2 քննարկում

Մինջեւ Ե՞րբ պիտի այպանուի ՀԱԼԷՊԱՀԱՅԸ ….

Ամէն անգամ երբ հրթիռի արձակումները կը սաստկանան եւ աւերներ կը գործեն յատկապէս հայահոծ շրջաներուն մէջ, ձայներ կը բարձրանան այպանելով եւ մեղադրելով մնացող հայութեան՝ ի՞նչու նստած էք Հալէպ, ի՞նչ կը սպասէք, ի՞նչու դուրս չէք գար, մահուան դահիճին հետ ժամադրուած է՞ք, մինջեւ հիմա տուած զոհերուն թիւը անբաւարար է՞, թէ կ՛ուզէք ականատես ըլլալ ձեր ողջակիզումին կամ փլատակներու տակ մնալու արհաւիրքի՞ն: Շուտով պէտք է դուրս ելլէք՝ վաղը ուշ կ՛ըլլայ կամ կրնայ ըլլալ որ նոյնիսկ դուրս գալու առիթ չ՛ունենաք:

Անկասկած որ ՈՉ, որովհետեւ Հալէպահայը միշտ յոյսով եւ աննկուն կամքով ապրած է, վստահելով իր Երկրի իշխանութեան կարողութիւններուն եւ Ազգի ղեկավարութեան վրայ: Սակայն օրերը եկան փաստելու թէ՝ անցեալի փառքի օրերը անցած են:

Իշխանութեան պարագային, հստակօրէն յայտի է թէ աշխարհի չորս կողմերէն ճնշումներ կը բանեցուին տապալելու համար Վարչակարգը, որու համար օգտագործուեցան աշխարհի ամէն տեսակի վարձկան ոճրագործները, որպէսզի երկրին խաղաղութիւնը եւ անդորրութիւնը խախտեն, զէնքի ուժով, ծայրայեղական մտայնութիւններով օժտուած մարդկանց միջոցաւ եւ սկսաւ արիւնահոսումը երկրին մէջ եւ ի մասնաւորի Հալէպի մէջ ուր գտնուեցան անցեալէն պատրաստուած հակադիրքորոշում ունեցողներ, որոնք դրամի ուժով միացան ծայրայեղ կրօնականներուն եւ խուժանը ստացաւ պատկառելի երեւոյթ: Ապահովութեան գետնի վրայ արձանագրուեցան խախտումներ, շնորհիւ դաւաճաններու, այդ պատճառով հարցերը երկարեցան եւ ստացան քաոսային վիճակ: Պետութիւնը խրուեցաւ քաղաքային կռիւներու ճահիճին մէջ: Ճիշդ է ունինք հարցականներ եւ մեղադրանքներ թէ՝ ի՞նչու մինջեւ օրս Գաղութին նկատմամբ իշխանութեան կեցուաածքը հարցականի տակ է շատերու համար, բայց այդ հարցականը դիմացինին ուղղել է առաջ մենք մեզի հարց տանք՝ արդեօք մենք ո՞ւր եւ ի՞նչ սխալ գործեցինք որ պատճառ դարձաւ Կոռիւնին զայրացումին եւ հիմա կը պատժէ մեզի ցոյց տալու համար թէ՝ այդպիսի կեցուածքին արդիւնքը այս պիտի ըլլար:

Պէտք է բոլորն ալ հասկնան, ներսի եւ դուրսի պատասխանատու ղեկավարները թէ՝ Պետութեան համար Հայութիւնը կը ներկայացնեն երեք Համայնգապետները, ապա անոնք էին որ պէտք էր առաջին օրէն կապի մէջ մտնելով Իշխանութեան հետ համագործակցութիւն ստեղծէին ի շահ Սուրիոյ Հայրենիքին եւ անոր հովանիին տակ ապրող բոլոր համայնքներուն որ ժողովուրդին զերծ մնար այս անարդար ապկատներէն եւ ծանր հարուածներէն:

Բայց ցաւի սիրտ դուրսի «հասկցող» ղեկավարները, որոնք մինջեւ հիմա չեն կրցած հասկնալ եւ չեն ուզեր հասկնալ, Սուրիական Հայրենիքի Ղեկավարութեան ուղեգիծը եւ անոր վերաբերումը իր ժողովուրդի նկատմամբ եւ յատկապէս փոքրամասնութիւններ անուան տակ գաղութներուն, որոնք խորքին մէջ Սուրիոյ հիմնական բնակիչները կը համարուին հազարամիա տարիներ է իվեր՝ Հայոց Արքայ Տիգրան Մեծի օրերէն երբ հայութիւնը արմատներ հաստած էր Հալէպի մէջ: Այս ճգնաժամային օրերուն անոնք եկան անգամ մը եւս պատճառ դառնալու հայութեան հարուածումին իրենց ըրած կոչերուն շնորհիւ, որուն իբրեւ արդիւնք քանդուեցան շէնքեր, բնակարաններ եւ եօթը հազար հայեր եւ աւելի, մնացին անպաստպառ, մէկ մասը սկիզբի օրերուն կրցաւ դուրս գալ քաղաքէն եւ երկրէն իսկ երկրորդ բաժինը որ ստացաւ աւելի ծանր հարուած, մնաց շշմած վիճակի մէջ, բայց շնորհիւ շտապ օգնութեան մարմիններուն ապաստան գտաւ եկեղեցիներու սրահներուն մէջ, որոնք մինջեւ օրս բոլոր մարդասիրական կազմակերպութիւններու կողմէ կը մատակարարուին եւ խնամք կը ստանան սպասելով ամպերու փարատումին եւ պատկան մարմիններու լուծումին որպէսզի գիտնան ի՞նչ պիտի ըլլայ իրենց վիճակը ապագայի հեռանակարով:

Այնպէս որ Գաղութը որ վստահած էր իր ղեկավարութեան եւ Հայրենիքի իշխանութեան վրայ, օրերը եկան փաստելու թէ՝ ինք մնացած էր անտեր անտիրական: Առաջին անգամ ըլլալով զգաց թէ ինք՝ ՈՐԲ է, անտէր անտիրական է եւ ինք իր գլխուն ճարին պէտք է նայի, անցեալի խօսքը այլեւս շրջուած է՝ «Օտարէն Ֆայտա չկա», նոյնինքն հայ ղեկավարներ էն այլեւս ոչ մէկ օգուտ չկա որովհետեւ բոլորն ալ անխտիր իրենց անձնական շահերուն մասին կը մտածեն, Ազգային շահերու նկատմամբ մտահոգութիւն չկա, Հայրենիքի մէջ անկարելին կը կատարեն, որպէսզի երկիրը դատարկուի հայութենէն, Սփիւռքի մէջ ալ կը դիմէն զանազան միջոցներու, որպէսզի անոնք մնան իրենց ապրած երկիրներուն մէջ, որպէսզի անոնց պատճառով իրենք պահպանեն իրենց աթոռները եւ աւելի կարեւորը որ այդ գաղութներուն պատճառով միլիոններու հաւաքներ կատարեն, որպէսզի կարենան լողալ դրամներու ծովին մէջ: Սփիւռքը իրենց համար իբրեւ «կթան կով» նկաի ունին ուրիշ ոչինչ, այլապէս շատ մօտէն կրնային հետեւիլ ամէն քայլափոխերուն եւ հասկցած կ՛ըլլային այդ երկիրներուն մտածելակերպերը եւ քաղաքական ուղեգիծերը:

Այս ահաւոր եւ դժուարին պայմաններու տակ, փոխանակ մտածելու համար կենսական եւ հիմնական լուծումներու մասին, չորս կողմէն միայն մեղադրանքներ եւ այպանումներ կը լսէ Հալէպահայութիւնը ինչպէս որ գրութեան սկիզբը մատնանշեցինք: Մեծ մասը կ՛ըսէ՝ Ձեր միակ հայացքը պէտք է ուղղուի եւ ըլլայ Հայաստան ուրիշ երկիր երթալու մասին մի մտածէք: Ըստ երեւոյթին հալէպ քաղաքի ապրած ահաւոր եւ դժոխային վիճակի եւ եղելութիւններու մասին հարազատ եւ հստակ գաղափար եւ պատկերացում չունին:

Մնացողներուն մեծ մասը կորսնցուցած է իր եկամուտի աղբիւրները, որոնցմէ մէկ մասը իր տունն ալ կորսնցուցած է: Այս մարդիկը կ՛ապրին կամ ինքնուրոյն կարգադրութեամբ եւ կամ ստացած օժանդակութիւններու շնորհիւ: Այսինքն գումարներ չունին դուրս գալու, նոյնիսկ Հայաստան հասնելու կարողութիւն չունին: Առ ի գիտութիւն, պզտիկ հաշուարկ մը ընենք եւ տեսնենք թէ որքան կրնայ արժէլ տեղաշարժը: Այսօր Հալէպէն դէպի Երեւան համբորդութիւնը, ամէն մէկ անձի համար 700 տոլար պիտի արժէ: Ո՞ւրկից, այս մարդիկը պիտի ապահուեն, որոնք իրենց տան մէջ ապաստանած են, տան վարձք չունին, գոտիները սեղմած կ՛ապրին աներեւակայելի պայմաններու մէջ: Միւսներուն վիճակը արդէն հստակ է՝ անոնք տուն ալ չունին, ապաստանած են սրահներու մէջ:

Փոխանակ ամէն կողմերէն այպանումներ եւ մեղադրանքներ տալու Հալէպահայութեան, թող մտածուի կերպի մը մասին անոնց, որոնք վերջնականապէս համոզուած են եւ դուրս գալ կը փափաքին, բայց իրենց պայմանները չեն ներեր այդ քայլը առնելու: Հայրենիքէն յոյս չկայ, փաստօրէն անկարող ըլլալը երեւան եկաւ իսկ աւելին հստակօրէն բացատրուեցաւ թէ՝ ան որ կուգայ գրպանը լեցուն հազար բարի, այլապէս դուք կը մնաք մեր հարազատները բայց մի մօտենաք մեր գրպանին, որովհետեւ մեզի ԲԵՌ պիտի ըլլաք: Այսինքն նոյնիսկ եթէ գումարներ յատկացուին գալ փափաքողներուն հասնելու Երեւան, տուն եւ աշխատանք պէտք է, որոնք ցաւի սիրտ չկան: Այնպէս որ հայրենիքի ծրարը փակուած է Հալէպահայութեան դիմաց: Իսկ դէպի օտար երկիրներ ապաստանելու պարագան գրեթէ անհնար է եթէ խնդրոյ առառրկաները հարազատներ չունին օտար ափերուն մէջ:

Աշխատանք կը տարուի բարեսիրական մարդկային հաստատութեան միջոցաւ, որ կապուած է Միջազգային Ազգերու կազմակերպութեան, այս անգամ անոնց դէմ կրակ բացուած է թէ՝ ի՞նչու այս ձեռնարկի յաջողութեան համար աշխատնաք կը տանիք: Միջին Արեւելքը պարպել կ՛ուզէք: Մէկ խօսքով այս կրակ բացողները այդ մարդոց վրայ, որոնք կ՛աշխատին փրկել մնացորդածը Գաղութին, համաձան են որ այստեղի մարդիկը նոյնիսկ եթէ ողջ ողջ թաղուին կամ մորթուին հարց չէ իրենց համար, կարեւորը իրենք շարունակէն Հալէպի անունին տակ միլիոններ հաւաքելու աշխատանքը սկսելով Հայրենիքէն հասնելով բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ կուսակցութիւններուն: Պիտի բազմին թագաւորական աթոռներուն վրայ առանց ժողովուրդի երեւոյթ մը որ անհնար է, այդ պատճառով կը պնդեն զանազան անուանումներու տակ Հայութեան մնալը Միջին Արեւելեան Երկիրներուն մէջ՝ Պարսկաստան, Սուրիա եւ Լիբանան, ի մասնաւորի:

Մեր խնդրանքն է իսկապէս պահպանելու տէր կանքնելու միջոցներու մասին մատածեն, բոլորն ալ անխտիր, անձնական շահերը մէկ կողմ դնելով, ծրագրուած աշխատանք տարուի միասնաբար, առաջին հերթին փրկելու Գաղութը, հասցնելով զինք ապահով ափեր, երկրորդ հանգրուանին տարբեր կերպով կարելի է լուծել:

Գաղութը ողորմութիւններու սննդեղենի կարիքը չունի, ժողովուրդը ապահով եւ խաղաղ ապրիլ կ՛ուզէ, նուազագոյնը երեխաներուն ապահովելու ապագայ մը, որոնք վաղուան Հայ մարդը պիտի ըլլան: Հայը աշխատասեր է, միայն առիթը ընծայուի, հաստատուի եւ ապաստան գտնէ սկսի ստեղծագործել:

Յիշենք այն պատմութիւնը որ կ՛ըսէ՝ սրինգահար հովիւը իր սպաննուած զաւակը պիտի չի մոռնայ, ոչ ալ օձը իր կտրուած պոչը:

Քանի տակաւին առիթ կայ շարժեցէք վաղը արդէն ուշ կ՛ըլլայ:

ԿԱՆԹԵՂ

Հալէպ. Յունիս 23. 2014



2 քննարկումներ

You can follow any responses to this entry through the RSS 2.0 feed. Both comments and pings are currently closed.

Սամվէլ Բեկթաշյան ք.Շուշի
Jul 9, 2014 23:00