ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ . Tuesday, June 24, 2014 7:40 - չքննարկված

REPORTAGE. ՀԱԼԷՊԸ՝ ԱրիւնլուայՎիճակի մէջ է …

10296563_10201392178001264_5838456879956457954_n10411977_10201392177721257_7692840359233918735_n10419477_10201392177921262_8185425942444644187_nԱրդէն անցան 21 ամիսներ, 630 օրերէ ի վեր Հալէպ կ՛ապրի լուռ եւ համայնական ողբերգութիւն մը, որ տակաւին կը շարուակուի շատ անմարդկային կերպով մանաւանդ որ ներկայիս շեղուեցաւ եւ ստացաւ տարբեր ուղութիւն. նուազագոյն արտաքին կերպարանափոփոխութիւն. ստացաւ հակա-կրօնական բնոյթ՝ կարելի եղած չափով աւելի հրահրելու հակամարտութիւնը Պետութեան հանդէպ. այս անգամ ճնշելու տարբեր անկիւնէ, սպառնալով Քրիստոնեաներուն գլխատել, որովհետեւ Պետութեան ի նպաստ դիրքորուշում ունեցան: Անկասկած, որ Հայութիւնը մասնաւորապէս և Քրիստոնեաները ընդհանրապէս այս դիրքորուշումը պիտի ունենային, որովհետեւ անոնք միշտ օրինական Պետութեան Ղեկավարութեան եւ Իշխանութեան կողքին կանգնած են անկախութենէն եւ այտկէ առաջ:
Այս յառաջաբանով ուզեցի պատկերացում մը տալ թէ ո՞ւր էինք եւ ո՞ւր հասանք այս պարագային Մենք Հալէպահայերս:

Դուք՝ Մեր Թանկագին հարազատ եղբայրները եւ քոյրերը որ կ՛ապրիք տարբեր երկիրներու հովանիին տակ, Դուք, որոնց մեծ մասին արմատները Հալէպէն են, ճիգ եւ օժանդակութիւն չխնայեցիք մեզի օգնելու, ամէն մէկը ըստ իր կարողութեան. երբէք դուք Ձեզ վատ մի զգաք, Աստուած Ինքն Վարձահատոյց Ընէ եւ բոլորիդ ալ Ձեր Սրտին համեմատ խաղաղութիւն Շնորորհէ:

Հարցը Դուք չէք, հիմնական հարցը «Մեծերն են» որոնք միշտ ճգնաժամային պահերուն «Ջայլամեան» ռազմավարութիւնը գործադրած են իրենց գլուխները մխրճելով աւազներուն մէջ իբրեւ թէ չեն տեսնէր ի՞նչ կը կատարուի Հալէպի մէջ եւ կամ չտեսնելու կուագան մխրճելով իրենց գլուխները՝ աւազին մէջ, վստահ որ կուրացան:

Լռիւ մէկ դար, այսինքն հարիւր տարիներ, այսինքն 36500 օրերէ իվեր Հալէպը բոլոր գաղթօճախներուն մարդկային ուժ և լոյս մատակարարեց. իսկ Հայրենիքին անսահամնօրէն թեւ-թիկունք կեցաւ անցնող 70 տարիներու ընթացքին, երբ Հայրենիքը կքած էր բռնակալ վարդապետութեան մը լուծին տակ, Հալէպը շարունակեց ըլլալ Մայր Բազկերակը անոր արիւն մատակարելով անդադար, ուղակի եւ անուղակի ճամբաներով, որպէսզի կանքուն մնայ մինջեւ որ նորէն ծագի Ազատութեան Արեգակը, նորէն ԵռագոյնԴրօշը ծածանի Հայրէնի Սուրբ Հողին վրայ:

Հասաւ Անկախութեան Պահը, Հայրենիք եւ Սփիւռք ապրեցան ցնծութիւն, ողջ Հայութիւնը կարծեց թէ իր տարիներու երազանքը պիտի իրականանայ, բայց ափսոսաց ու սարսռաց, որովհետեւ անկախութեան առաջին օրէն իսկ յայտնուեցան անձեր, որոնք ոչ մէկ կապ ունին Հայութեան հետ, անուանական Հայեր են, վստահ որ անոնց ժառանքական «կէնէդիկները» եթէ ստուգելու ըլլանք ի յայտ պիտի գայ որ անոնք մեր Ազգին չեն պատկանիր: Անձեր որոնք տասնեակ տարիներ է իվեր արիւնը կը ծծեն ժողովուրդին եւ Հայրենիքի բարիքները կ՛իւրացնէն: Այդքանով ալ չգոհացան, որովհետեւ իրենց մարմնի երակներուն մէջ կը շրջի յատուկ տեսակի բաղադրութիւններ՝ ագահութեան, պարակտելու, կեղեքելու, Հայութիւնը բզկտելու, Սփիւռքը կեղեքելու, զանազան դրամահաւաքներու անուան տակ, իբրեւթէ Հայաստանի կամ Ղարաբաղի մէջ շինարարութիւններ պիտի կատարուին:

Երան՜ի կատարուէին, բոլորս ալ ուրախանայինք իսկ անոնք որոնք նուիրատւութիւններ ըրած էին հոգինին պիտի խաղաղէր, որով իրենց ճակտի քրտինքով շահած դրմաները հասած էին իրենց տեղերը: Բայց ափսո՜ս, մինջեւ հիմա հաւաքուած միլիոնաւոր «Տոլարները» իրենց նպատակին չեն հասած եւ չեն ծառայած, որովհետեւ ճանապարհը շեղուած է եւ գացած են տարբեր ուղութեամբ:

Ներկայիս մէկը միւսին հետ կը մրցի, թէ ո՞վ աւելի շատ միլիառներ ունի: Եթէ պահ մը նայինք անուանացանկերուն արդէն կը հասկնանք թէ՝ ո՞վքեր են:
Ո՞ւրկից եկան այս «Պաշըպոզուքները», «Տզրուկները», արմատնին անյայտները:
Անհամբեր պիտի սպասենք այն օրուան երբ հաշուեյարդարութեան դատաստականի ծրարը բացուի եւ ողջ Հայութիւնը աշխարհի, իմանայ թէ՝ ո՞րոնք եւ ի՞նչպիսի աւազակային միջոցներով , իւրացուցեր են Հայրենի ժողովուրդի եկամուտները, Սփիւռքէն եկած իբրեւ նուէր, օժանդակութիւն, գումարները, տակաւին չխօսինք աշխարահռչակ վաճառանիշներով հայկական արտադրութիւններու գործարաններ որոնք միոնաւոր եկամուտներ մուտք ըրած են երկրին յանկարծ շշուկ կը շրջի թէ սնանկացումի ճամբայի մէջ են: Ո՞վ որու վրայ կը ծիծաղի, երեւի կը կարծեն թէ մարդիկ երբ լուռ են եւ չեն խօսիր անոնք անտեղեակ են հարցերէն, այս օրերուս ոչ մէկ եղելութիւն ծածուկ չի կրնար մնալ:

Նիւթականով ալ չգոհացան այլ անցան շատ աւելի առաջ, ոճրային մեծ խաղեր եւ դաւադրութիւններ սարքելով պատմութիւն ունեցող կուսակցութիւններուն վրայ զանազան կերպերով, որպէսզի խամաճիքներ դառնան իրենց ձեռքերուն մէջ վերջն ալ սկսին իրենց ոճիրները գործադրել անտեսելով Սփիւռքի բոլոր շրջանները, որպէսզի կարենան մենաշնորհեալ բռնատէր՝ Գերագոյն մարմիններ կազմել, որոնց անդամները կազմուին միայն Հայաստան բնակողներէ, որպէսզի «Իրենք զարնեն իրենք խաղան» օգտագործելով տկարամիտ եւ հոգիով աղքատ մարդիկ, համոզելով իրենց թէ այդ շրջանի աթոռները կը պահպանուին իրենց համար այնքան ժամանակ երբ լռելեան կը գործադրեն իրենցմէ պահանջուածները առանց քննարկումի:
Այնքան վատ հոգի էին որ չվարանեցան աթոռի համար փորձեր կատարել եղբայրասպան դաւեր լարելու կարգ մը շրջաններու մէջ, բայց այդ օրերու ղեկավարներու հմտութիւնը առիթ չի տուաւ այդպիսի արարքներու, այդ արարքները կրնային դժոխքի դռները բանալ գաղութներուն դիմաց, այդ շրջաններու պետական իշխանութիւններուն հետ:
Անոնք եկած էին խլելու ամէն ինչ նոյնիսկ եթէ ըլլային խամաճիկները իրենց «Վարպետներուն» ձեռքը կարեւոր չէր, կարեւորը աթոռն էր, ցաւալին այդ էր որ այդ շրջաններուն եւ անոնց պայմաններու մասին գաղափար չունէին:
Այս պատճառով խլրտումներ առաջացան, այս մէկն ալ գործադրեցին, որպէսզի իրենք ալ եկող եւ գացող իշխանութիւններուն հետ բաժնեկիցներ ըլլան: Այսպէս եղաւ իրենց համաձայնութիւնը օրուայ Ղեկավարութիւններուն հետ: Մէկ խօսքով՝ Սփիւռքը իրենց համար դարձաւ «Կթան կովը», գանձատուն մը, որ անսակարկ եւ արատօրէն միշտ ալ բացաւ իր քսակը Հայրենիքի Սիրոյն համար:

Ներկայիս մի քանի տարիներ է իվեր, երբ Հայրենասեր կուսակցութիւններ և պատասխանատուներ, որոնք կրցան հասնիլ Ազգային Ժողովին, ներկայացնելու իրաւազրկուածներուն, երբ «բացի կուտան» ամէն ինչ եւ լուսաբանութիւններ կը պահանջէն եւ կամ քննադատութիւններ կ՛ընեն, քմծիծաղով եւ հեգնանքով կը դիմաւորուին, երեւոյթ մը որ անպատշաճ եւ անվայէլ է պատասվանատու մարդոց կողմէ մանաւանդ որ ամէն մէկը կը ներկայացնէ կուսակցութիւն մը:

Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ կը յանդգնին իրենց ժողովի ընկերակիցներուն նկատմամբ ստորին արտայատութիւններ ունենալ, որովհետեւ այդպիսիները ծախաուած ներկայացուցիչներ են, խամաճիկներ են, ի սպաս տիրող իշխանութեան եւ ղեկավարութեան, եկած են «այո-ներ ըսելու եւ համր մնալու», անձայն նստելու իսկ եթէ շատ «խելօք» մնան մինջեւ վերջ, այդ ժամանակ առիթ պիտի ընծայուի իրենց որպէսզի իրենց մատերը «լզուըրտէն»:

Այսպիսի տեսակ Պետութենէ, կուսակցութիւններէ եւ ինչու չէ՝ կամզակերպութիւններով շրջապատուած երկրէ մը, Հալէպահայութիւնը ի՞նչպէս կրնայ սպասել կամ ակնկալել, որ նպաստներ, օգնութիւններ հասնին, տակաւին չեմ խօսիր անոնց մասին որոնք մեզի համար կը ներկայացնեն Անձեռնմխելի Արժէքներ, որոնք չի կրցին իրենք զիրենք պարտադրել, որովհետեւ Անոնց գործերուն խառնուեցան «Մեծերը» եւ իրենց քիթերը մտցնելով ամէն ինչի մէջ, տակն ու վրայ ըրին ծրագիրները:

Նոյնիսկ բարեսիրական կազմակերպութիւններն ալ սկիզբի ամիսներուն որոշ չափով շատ մը մարդոց սննդեղէնով մատակարարեցին, որը երթալով նուազեցաւ և դարձաւ ծիծաղելի: Թէեւ Հալէպի անունով այդ կազմակերպութիւններուն մատակարարումը չդադրեցաւ դուռսէն, բայց ի՞նչու նուազեցան քանակները եւ բաժանումի օրերը: Անոնք ալ զերծ չմնացին կոշտ կոպիտ վարուելէ մարդոց հետ, եւ այնքան բրտօրէն վարուեցան մարդոց հետ սկիզբի օրերուն, որ շատեր մերժեցին երթալ, որովհետեւ եղածները քստմնելի էին, ցաւի սիրտ:

Լաւ իմացէք, Հալէպահայութեան հասաւ՝ «Ուղտէն ականջը»:

Ներկայիս, նիւթականէն աւելի տարբեր կարեւոր հարցեր կան, քանդուածը քանդուեցաւ, կողոպտուածը գնաց, Նահատակուողներն ալ Երկնային Արքայութեան արժանացան, հարցը մնացողներն են եւ իրենց սպասող ճակատագիրը:
Անոնց մասին թող մտածեն, թող մտածեն թէ ի՞նչպէս պիտի պահպանեն անոնց: Այս հակամարտութիւնը նոյնիսկ եթէ յաջորդող ամիսներուն դադարի եւ խաղաղութիւն տիրէ, ան պիտի շարունակուի անվերջ, որովհետեւ շրջանը միշտ պիտի մնայ լարուած, ոչ մէկ կողմ պիտի ընդունի որ արիւնը մնայ պատին վրայ եւ միշտ երկու կրակի մէջ մնացողները պիտի ըլլան անմեղները, այս պարագային՝ Հայերը եւ Քրիստոնեաները:

Շնորհակալութիւն բոլոր Հայորդիներուն որոնք աշխարհքի չորս ծագերէն իրենց անկարելին ըրին հասնելու եւ օգնելու Հալէպահայութեան անսակարկ: Ինչ որ ալ հասաւ հազար Փառք, կարեւորը քալիք օրերն են, որուն մթութիւնը ահ ու սարսափի մէջ ձգած է Հալէպցիներուն:

ԿԱՆԹԵՂ



Այս թեմայի շուրջ տարվող Քննարկումները ժամանակավորապես կասեցված են.

ՀԵՌՈՒՍՏԱԾՐԱԳՐԵՐ, Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ - Aug 19, 2016 10:00 - չքննարկված

Ինչպես ընդունվեց Հայոց ցեղասպանության և ժխտման քրեականացման օրենքը Սլովակիայում :Ինչպես Հայաստանը ունեցավ Ռազմական ինքնաթիռներ:Ստեփան Քիրեմիջյանի հյուրն էր ԵՀՄՖ նախագահ Աշոտ Գրիգորյանը:

More In Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ


More In


ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ - Jun 18, 2016 10:07 - 1 քննարկում

տեղեկատվական տեխնոլոգիաների ձեռնարկությունների տնօրեն՝ Կարեն Վարդանյանը և տնտեսագիտության դոկտոր՝ Կարեն Ադոնցը:Մագնիս – Magnis 14.06.2016

More In ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ