ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ . Wednesday, June 11, 2014 4:22 - չքննարկված

Reportage. Ողբերգական եւ Ցաւալի լուրեր Հալէպէն ….

June-9

Aleppo Water Problem-11

Aleppo Water Problem-14

Aleppo Water Problem-9

Aleppo Water Problem-6

Vahan-1

June-910

June-11Վերջին Շտապ լուրեր Հալէպէն ….

Մայիս ամսուայ ջուրի տագնապէն հազիւ ազատած Հալէպի ժողովուրդը նորէն կրկնուեցաւ նոյն արարքը:Այո, ջուր է զրկուեցաւ քաղաքը մի քանի օրով երբ ռմբակոծումի ենթարկուեցաւ ջուրի բաժանման ցանցի կեդրոնը, տարբեր աղբիւրներ կըսեն թէ ջուրի ընկերութենէն դուրս եկող մեծ խողովակները պայթեցուցած են հակառակորդները որպէսզի ճնշեն պետութեան վրայ: Ամէն մէկ կողմ կ՛աշխատի ինքզինք արդարացնել մինչ ամենամեծ ԶՈՀԸ՝ ժողովուրդն է:

Մի քանի օր քաղաքը զրկուելէ ետք ջուրէն, նորէն սկսաւ հոսիլ բայց խառնուած վնասակար նիւթերով որոնցմէ յայտնի էր հիմնականին մէջ՝ մազօթը, որը հիմնականին մէջ իբրեւ վառելանիւթ կ՛օգտագործուի: Մնացեալ նիւթերը տակաւին հետազողութեան պիտի ենթարկուին որպէսզի ստուգուին:

Անոնք որ առաջին վայրկեանէն զգացին խուսաբեցան խմելէ բայց մեծ մասը անուշադիր ըլլալով եւ երբէք չ՛երեւակայելով՝ արդեօք հնարաւոր է հսկայ քաղաքի մը միլիոնաւոր բնակչութիւնը թունաւորման ենթարկուի «ԱՆՅԱՅՏ Ձեռքերու» կողմէ, խմեցին: Հիմա արդէն հիւանդանոցները ողողուած են թունաւորուած մարդոցմով եւ որոշ հիւանդանոցներ արդէն ընդունելու կարողութիւն չունին:

Ծիծաղելին այդ է որ հակառակորդներուն շրջանը որ արեւելեան կը կոչուի, չուրը կը հասնի մաքրամաքուր իսկ այն բաժինը որ Պետութաեն հովանիին տակ կը գտնուի՝ արեւմտեան շրջանը, միակն է որ բնակչութեան հասած ջուրը թունաւորուած է:
Պետական լրատու գործակալութիւնները եւ հեռատեսիլի կայանները լուռ մնացին այս աղէտի նկատմամբ պատին զարնելով մարդկային իրաւունքները:

Այս ջուրի հարցով երկրորդ անգամն է որ Հալէպը աղէտալի վիճակի մէջ կը յայտնուի: Հիմա որ արդէն մարդիկ կը լսեն թէ Թուրքիան Եփրատ գետի ջուրը գոցած է դէպի Սուրիա հոսել է կը մտածէ գալիք օրերուն ի՞նչ պիտի ըլլայ այս անգամին ողջ նահանգին վիճակը առանց ջուրի: Նորէն օտար աղբիւներ կը լսենք թէ Սուրիոյ կառուցած ջրամբարտակի լճին ջուրը նուազած է վեց մեթր:
Ահազանգը նորից կը հնչէ Հալէպի բնակչութեան այ անգամ մահու կենաց հարցով՝ ՋՈՒՐՈՎ:

Երանի մարդկային կազմակերպութիւնները քիչ մըն ալ երեսնին արեւելք դարձնեն, այստեղ ալ ապրող մարդ կայ: Եթէ Ափրիկէի մէջ խումբ մը ուսանողուհիներ առեւանգուեցան, մէկ շաբաթով թբկահարեցին աշխարհը տակն ու վրայ ըրին: Այստեղ տասը միլիոն բնակչութիւն կայ ապրող, որոնք կրնան մահուան հետ դէմ դիմաց մնալ:

Ո՞ւր են այդ մարդկային կազմակերպութիւնները:

Յունիս ամսուան առաջին օրէն սկսեալ` Հալէպի ընդհանրապէս եւ Նոր Գիւղի մասնաւորապէս դարձաւ թիրախ, ահաբեկիչ ծայրայեղական խմբաւորումներու կողմէ, որոնց կարեւոր բաժինը ուղղակի թուրք կամ թրքամէտ արմատական ահաբեկչական խումբեր են, ամէն տեսակի կործանարար հրթիռներ ու հրասանդներ տեղացին եւ կը շարունակեն տեղալ խաղաղ բնակչութեան վրայ:

Մեծամասնութեամբ հայութեամբ բնակուած Նոր Գիւղի շրջանին մէջ ինկած հրթիռները մարդկային վնասներու կողքին նիւթական սարսափելի վնասներ պատճառեցին: Բնակուած կարգ մը շէնքեր ամբողջովին փուլ եկան, ուրիշներ մասամբ կործանեցան: Հարիւրաւոր հայ ընտանիքներ ստիպողաբար լքեցին իրենց տուները, ոմանք քաղաքէն հեռացան եւ փորձեցին ապաստան գտնել ապահովական դիտանկիւնէ աւելի անվտանգ համարուող ծովեզերեայ Լաթաքիա քաղաքը, ոմանք տեղափոխուեցան Հալէպի այլ շրջաններ բնակող իրենց հարազատներու բնակարանները, ոմանք այլ բնակարան տեղափոխուելու հնարաւորութիւն չունենալով ապաստան գտան Նոր Գիւղի մէջ գտնուող Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս:

Հսկայական վնասներ կրեցին Նոր Գիւղի մէջ կեդրոնացած հայկական կառոյցներու մեծ մասը` Ազգային երեք Վարժարան (Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան, Ազգային Զաւարեան Վարժարան, Ազգային Սահակեան Վարժարան), երեք մանկապարտէզ (Ազգային Հայկազեան մանկապարտէզ, Ազգային Սահակեան Մանկապարտէզ, Ազգային Զաւարեան Մանկապարտէզ), Կաթողիկէ համայնքին պատկանող մէկ դպրոց (Զուարթնոց Վարժարան), Հայ Առաքելական Եկեղեցի (Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ), Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի (Ս.Երրորդութիւն), «Արեւելք» տպարանը, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի՝ Ս. Օ. Խ. Ի, ընկերաբժշկական կեդրոնը, ի մասնաւորի դարմանատունն ու վարչական գրասենեակները, կահոյք ու կազմածներ մեծ վնասներ կրեցին:Այս իրավիճակը, նիւթական վնասներէն բացի, անհնար դարձուց աշխատանքը ընկերաբժշկական կեդրոնէն ներս:
Վնասներ կրեցին նաեւ՝ Ազգային պատսպարանը, Երիտասարդական Գրախանութը, ազգապատկան Կիլիկիա, Օշական, Նայիրի, Արցախ եւ Սիս բնակարանային շէնքերը եւ խանութները:

Անցեալին, քսան ամեսներ առաջ, սկզբնական օրերուն Նոր Գիւղը ենթարկուեցաւ գազանային եւ օճրային յարձակումներու հրթիռներով եւ հրասանդերով, որոնց արդիւնք՝ մեծ թիւերով քանդումներ տեղի ունեցան եւ պատճառ դարձան որ մարդիկ փախուստ տան շրջանէն՝ անապահովութեան պատճառով եւ անտուն մնալու հետեւանքով: Այդ օրերուն չորս հազարէն աւելի Հայորդիներ մնացին անպատսապառ: Այդ օրերուն հնարաւորութիւն կար արտերկիր ճամբորդելու շատեր հասան Հայաստան բայց չիմացան որ Երեւանի մէջ իրենց տարբեր տեսակի ողբերգութիւն կը սպասէ:

Հիմա որ այդ ողբերգական պատկերը եւ փոթորիկը անգամ մը եւս այցելեց Նոր Գիւղի շրջանը՝ քանդելով, հրկիզելով, աւերակի դարձնելով մեծ մասը շրջանին, որու պատճառով ծանր տեսակի վնասներու ենթարկուեցան, հայորդիներու գործատեղիներն ու վաճառատունները:
Այսօրուան դրութեամբ մեծաթիւ բնակարաններ բոլորովին անբնակելի դարձած են: Իսկ հարիւրաւոր բնակարաններ նորոգութեան կարիքն ունին: Առի գիտութիւն մարդկանց՝ մօտաւորապէս երեք հազար հայորդիներ դուրս եկան շրջանէն: Այսնինք եթէ հաշուեյարդար մը կատարենք ՆորԳիւղի շրջանէն դուր սեկող հայորդիներու թիւը կը գերազանցէ Քէսապի շրջանէն դուրս եկող բնակչութեան թիւը: Մէկ խօսքով Սուրիահայութիւնը կ՛ապրի իսկական տեղահանութիւն մը տարբեր եւ իւրայատուկ ոճով: Եթէ պրպտենք արդէն հստակ է իսկական հեղենակը՝ բարբարոս թուրքն է:

Երեք օրերու ընթացքին ինկած հարիւրաւոր հրասանդներու եւ կազի տակառներէ պատրաստուած հրթիռներու պատճառով, զոհեր եւ տասնեակներով վիրաւորներ արձանագրուեցան, որոնց մէկ մասը տակաւին հիւանդանոցի մէջ բուժում կը ստանայ:

Երբեմնի հայահոծ Նոր Գիւղը այսօր աղէտալի շրջան է` ամայացած ու աւերակ:

Ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Հալէպի մէջ բոլոր պատկերացումները եւ հաւանական բոլոր ենթադրութիւնները շրջանցեց, վիճակը այլեւ տանելի չէ:

Այս բոլորին մէջ ամէնէն ահաւորը այն է, որ Հալէպահայութիւնը առանձին կը զգայ ինքզինք այս վտանգին ընդառաջ: Հալէպահայութեան կրած փորձանքները արձագանգ անգամ չունեցան:
Անհասկնալի եւ անընդունելի ձեւով լուռ են թէ՛ պաշտօնական, թէ՛ հասարակական կողմերը: իսկ Հայրենի Իշխանութիւնները ըստ երեւոյթին արդէն շատոնց մոռցած են Հալէպը:

Նոր Գիւղն ու Հալէպահայութիւնը կործանման աղէտի եւ վտանգի դիմաց է…

ՌԱԶՄԻԿ

Հալէպ. Յունիս. 10. 2014



Այս թեմայի շուրջ տարվող Քննարկումները ժամանակավորապես կասեցված են.

ՀԵՌՈՒՍՏԱԾՐԱԳՐԵՐ, Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ - Aug 19, 2016 10:00 - չքննարկված

Ինչպես ընդունվեց Հայոց ցեղասպանության և ժխտման քրեականացման օրենքը Սլովակիայում :Ինչպես Հայաստանը ունեցավ Ռազմական ինքնաթիռներ:Ստեփան Քիրեմիջյանի հյուրն էր ԵՀՄՖ նախագահ Աշոտ Գրիգորյանը:

More In Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ


More In


ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ - Jun 18, 2016 10:07 - 1 քննարկում

տեղեկատվական տեխնոլոգիաների ձեռնարկությունների տնօրեն՝ Կարեն Վարդանյանը և տնտեսագիտության դոկտոր՝ Կարեն Ադոնցը:Մագնիս – Magnis 14.06.2016

More In ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ