ՀԵՌՈՒՍՏԱԾՐԱԳՐԵՐ - Հեղինակ՝ . Monday, November 26, 2012 1:49 - 7 քննարկում

«ՀԱՅ»-ԵՐԸ, ԱՌԱՋԻՆ «ՄԱՐԴ»ԵՐԸ- Hovhannes Israel Pilikian.

«ՀԱՅ»-ԵՐԸ, ԱՌԱՋԻՆ «ՄԱՐԴ»ԵՐԸ

ՄԱՐԴԱՏԵՍԱԿԻ ԾԱԳՄԱՆ ԵՒ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄԻՋՈՒԿԱՅԻՆ ՏԵՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

 Foreword

Պրոֆեսոր Հովհաննես Փիլիկյանի թեորիաները մաքուր գիտական աներեւակայելի գյուտեր են… նա չի ընդօրինակում ուրիշներին, ոչ էլ գրում է ընդունված ոճով, նրա մտքերն ու գիտական արտահայտությունները բոլորովին յուրահատուկ են հրատարակված 30 տարիների ընթացքում Ամերիկայի «Նոր Սերունդ» եւ Երեւանի սովետահայ Գարուն ամսագրում:

Հիշում եմ պրոֆեսորը ինձանից խնդրեց, որ իր գիրքը հրատարակեմ Երեւանում այն միակ պատճառով որ հայ նոր սերունդներին պարգեւի ՀԱՅ լինելու ծովածավալ հպարտությունը:

Սակայն չբավարարվելով դրանում այժմ այս հույժ կարեւոր  եւ իր տեսակի մեջ եզակի գիտական հայտնությունը մասնագետների, ինչպես նաեւ հասարակության լայն խավերի սեփականությունը դարձնելու համար  որոշեցինք գրքի հայերեն բաժինը ինտերնետային տարբերակով հրատարակել հինգ առանձին մասերով:

Գիտության այս բնագավառում հսկայական հետազոտություններ են կատարվում աշխարհում եւ միլիոնավոր դոլարների գնով հազարավոր նոր գիտավավերագրական ֆիլմեր պատրաստվում ու հրատարակություններ հայտ գալիս: Ցավոք իրականությունը այն է, որ այդ հետազոտությունների ճնշող մասը գիտական թեորիաներից պարզապես անցնում են զուտ ենթադրությունների եւ հաճախ հետապնդում են  քաղաքական նպատակներ, տառապում են միակողմանիությամբ եւ ծառայում մեծ տերությունների մեծապետական նպատակներին:

Պրոֆեսոր Փիլիկյանի հեղինակած գիրքը եւ նրանում արտահայտված մտքերը հետապնդում են զուտ գիտական նպատակներ եւ սկզբունքային են՝ համամարդկային կոնտեքստով  եւ ենթակա չեն առու ծախի:

Անկախ այս բոլորից յուրաքանչյուր հայ մարդ անկարելի է, որ չզգա մեծ հպարտություն եւ անասելի գոհունակություն՝ տեսնելով համայն մարդկության ողջ պատմության մեջ մեր ազգի ունեցած հսկայական դերն ու նշանակությունը…

Եվրոպայի Հայերի Համագումարի նախագահ

Կարո Հակոբյան

www.aaeurop.com

 

Part One

Հազար հինգ հարիւր տարիներ առաջ, հայոց Հերոդոտոսը` պատմահայր Մովսէս Խորենացին կարեւոր նշմարում մը արձանագրեց:- Հայը ինքզինք «հայ» կը կոչէ, իսկ ոչ-հայերը զայն կը կոչեն «Արմէն»ական: Այս տարբերութիւնը բացատրելու ճիգը պատճառ հանդիսացաւ  որ Խորենացին գրէ իր նշանաւոր գիրքը: Ըստ իրեն, ուրեմն, «Արմէն»-ը կը բխի Արամ թագաւորի անունէն («արամայոս» հին յունարէն կը նշանակէ «Արամի սեր»(, իսկ «հայ»-ը հայ ժողովուրդի նահապետի անունէն` Հայկ-էն:

Փիլիսոփայութեան մէջ կայ «անսահման յետագնացութեան» (infinite regress) հասկացողութիւնը: Կարելի է հարցադրել թէ Արամն ու Հայկը ուրկէ՞ ստացան իրենց անունները, եւ այսպէս յետագնացութեամբ կարելի է հասնիլ անիմաստ անսահմանութեան: Յետոյ, առաջնորդն է որ կը կոչուի ցեղին անունով, եւ ոչ թէ հակառակէն… այսինքն, Հայկ Նահապետը կոչուած է հայ «ժողովուրդ» ին անունով եւ ոչ թէ տուած է իր անունը իր հետեւորդներուն… Թէեւ «ուրիշ»ին  («օտարին») անուանարկումը ցեղի մը իր ղեկավարին անունով, հայուն Արմէն կոչուիլը օտարներու կողմէ, Արամ թագաւորի անունով, ընդունելի է եւ պատմականօրէն ամբողջովին հաւանական:

Եթէ Հայկ Նահապետի պատմական գոյութիւնը (ինչպէս Յիսուս Քրիստոսինը կամ Մովսէս Մարգարէինը) կարելի է հարցադրել, ապա Արամ Թագաւորի պատմական գոյութիւնը անկասկած է, «Ուրարտական» կոչուած արձանագրութիւններու «Արամէ»ն է, եւ նախահայրը «Արամէական» կոչուած ցեղախումբերու, որոնցմէ Աբրահամ մարգարէն, նախահայրը Հրեաներու եւ Արաբներու, Հին կտակարանի եւ Քորանի  ներշնչման  աղբիւրը:Այս մասին`յետոյ. Առայժմ բաւականանք նշմարելով որ «Ուրարտացի» կոչուած Արամը ուղն –ու-ծուծով հայ էր, հին աշխարհի առաջին կայսերական ստեղծիչը, եւ ըստ Խորենացիի մէկ շատ արժէքաւոր տեղեկութեան, հայերէնը կը տարածէր ամէնուրեք, ուր որ գրաւէր, այնտեղ կը ձգէր հայերէն լեզուի ուսուցիչներ, հայերէնը վերածելով այսպէսով առաջին միջազգային լեզուի (LINGUA FRANCA) «լինկվայ ֆրանկա»յի… եւ այդ, Քրիստոսէ առաջ շուրջ տասերորդ դարուն:

Անմիջապէս հաստատեմ, որ ես այն յիմարներէն չեմ որոնք Խորենացին կը մեկնաբանեն իբրեւ հեքիաթներու հաւաքածոյ: Կար ժամանակ որ արեւմտեան «գիտնականներն» ալ Հերոդոտոսը եւ Հին Կտակարանը կը մեկնաբանէին նոյնպէս: Այսօր արդէն այդ կեղծ-գիտնականներուն ժամը անցած է, եւ բարեբախտաբար Հերոդոտոսը վերահաստատուած իբրեւ պատմական աղբիւր: Նոյնը անկասկած պիտի վիճակուի Հին Կտակարանին եւ Խորենացիին, որոնք հին պատմութեան անփոխարինելի փաստաթուղթեր են:

 Առաջին անգամ ըլլալով հայագիտութեան մէջ, մենք կ’ուզենք այստեղ խորենացիական հարցադրումը զարգացնել լեզուաբանականօրէն, եւ հասնել աղբիւրներու աղբիւրին, ամէնէն հիմնական, գիտական, նիւթական առարկայական փաստագրութեան, գտնելու համար թէ նախադասութիւն մը, ինչպէս, «ես հայ եմ», ի՞նչ կը նշանակէ. Ուրիշ խօսքով, երբ անձ մը կ’ըսէ «ես հայ եմ», այդ նախադասութիւնը ի՞նչ իմաստներ կը պարունակէ, մեկնելով Արիստոտէլեան ձեւի-եւ-պարունակութեան միասնութենէն:   Անկարելի է թափանցել նիւթի մը աւելի հիմնական գիտական պարզաբանման:

Այս գիտական պահանջքէն մեկնելով, իբրեւ վերլուծութեան տրամաբանական մեթոդիկա, անհրաժեշտ է բարդօրէն միաձուլուած միասնութիւն մը ներքնապէս քանդել, պայթեցնել, տեսնելու համար թէ ի՛նչ «աղիւսներէ» կազմուած է… արդէն փիլիսոփայական պատմութեան մէջ Տեքարդի վէճն ալ այդ էր սքոլաստիքական-Արիստոտէլեան մեթոտին դէմ: Տասնեօթերորդ դարուն, Տեքարդ սահմանեց իր նշանաւոր մեթոտը, առանց որուն թերեւս անկարելի ըլլար միջուկային ֆիզիկան … Ըստ ուրեմն Քարթեզեան մեթոտին, հասնելու համար գիտական-փիլիսոփայական առաջնային սկզբունքներու    (FIRST PRINCIPLES), անհրաժեշտ է բարդը պարզացնել գերազանցապէս իր բաղադրիչ մասերուն, յետոյ վերստին վերակառուցելու համար դէպի իր նախկին եւ նոր բարդ իրավիճակներու: Եւ այդ պէտք է իրագործել քայլ առ քայլ:

Խորենացիի նշմարումը հայագիտութեան մէջ հասցուած է ծիծաղելի չափերու, որոնք անարդար են նոյնիսկ Խորենացիի հաստատումին: Ընդունուած դրոյթ դարձած է որ հայ ժողովուրդը ինքզինք կը կոչէ իր նախահօր` Հայկի անունով: Ոչ մէկը նշմարած է որ Խորենացիի հաստատումը կը վերաբերի երկրի´ անուանարկման եւ ոչ թէ ցեղին : Անհատը կը ծնի ցեղային միաւորումի մը մէջ  (երեխան ուրիշ կերպ չի ծնիր. Նոյնիսկ նախամարդուն էվոլուցիոն ցեղակից կապիկներու մօտ, «անհատը» ինչպէս Արիստոտէլը նշմարեց «ընկերային (սոցիալական) արարած է»: Այս յատկանիշն է բոլոր PRIMATE- Փրայմէթ կոչուած կենդանական տեսակին, որուն կը պատկանի նաեւ մարդ-կենդանին):

Անհատն է որ ուրեմն կը կնքուի իր ցեղին յատկանիշներով եւ կը կրէ ցեղային անուանարկումները: Առաւել սակայն , «անուն»ը մանաւանդ հնագոյնները, սովորական բառեր են, իմաստային յագեցուածութեամբ: Իրականութեան մէջ, անիմաստ անուն  գոյութիւն չունի, այդպիսին կը ծածկէ մեր տգիտութիւնը անունին նախնական իմաստին: «Անունը» բառ է, հին բառը, հնագոյն բառերը լեզուական աթոմական մասնիկներ են եւ կը պարունակեն հին պատմութեան, նախա-պատմութեան արձանագրութիւններ: Զանոնք պէտք է վերլուծել իբրեւ այդպիսին վերծանելու համար անգիր պատմութեան միջուկային պատահարները…

Նախամարդը անիմաստ բառ չի ստեղծեր: Նախամարդուն համար  ոչինչ անիմաստ է: Նախամարդը կեանքի եւ բնութեան իր փորձառութիւնը կը վերածէ բառային նշանակութեան: Ան չի կրնար «անիմաստ» բառ ստեղծել: Հնագոյն բառերը լեզուի մը, ոչ թէ միայն նշանակութիւններ կը պարունակեն, այլ նաեւ նշաններ են, code-եր, որոնք կարելի է «յայտնաբերել», կարծես ըլլային «ծածկագրեր», որոնց վերծանումով միայն կարելի պիտի ըլլայ գրել մարդկային հնագոյն պատմութիւնը, նախա-պատմութիւնը, եւ լուծել վերջինիս բարդ առեղծուածները: Այս տեսակէտէն առաջին կարգի կարեւորութիւն կը ներկայացնեն աշխարհի հնագոյն ցեղանուններն ու տեղանունները, որոնք կը պարունակեն ցեղերու ծագման ծննդագրերը: Այս մասին` յետոյ: Վերադառնանք մեր առաջին լեզուաբանական հարցադրման:- Երբ մէկը ըսէ, «ես հայ եմ», այս նախադասութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ, իբրեւ իմաստային կառոյց եւ բառային շարայարում:

 

 «ՀԱՅ» ԲԱՌԻ ՍՏՈՒԳԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ԱԾԱՆՑՈՒՄՆԵՐԸ __ ՀԱՅ ՆԱԽԱՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ  ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

 

Հայագիտութեան մեծագոյն սխալներէն մէկը ցայժմ, այն հաւատքն է որ գրաբարը մեր լեզուի հնագոյն ձեւն է: Ոչ, բացարձակապէս ոչ: Գրաբարը մեր լեզուի հարիւրաւոր բարբառներէն միայն մէկն էր, որ ստացաւ մեծագոյն կարեւորութիւն, դառնալով քրիստոնէական պետութեան պաշտօնական լեզուն, Մեսրոպ Մաշտոցի ընտրեալը: Մեծ սխալ է հետեւաբար, գրաբարի բառապաշարն ու բառաձեւերը ընդունիլ իբրեւ բացարձակ չափանիշներ` ընդունելու կամ մերժելու հայերէն բառի մը հնաբանութիւնը: Աշխարհաբարը  նոյնքան պահպանած է հայերէնի հնագոյն բառամշակոյթը, արտայայտուած իր բազմերանգ բարբառներով, որքան անոնցմէ մէկը միայն, գրաբարը…

Վերջին տասնամեակին միայն ծնունդ առաւ գիտահետազօտական ամբողջ շարժում մը հիմնուած Ֆերտինանտ տը Սոսսիւռի լեզուագիտական գործին վրայ, Սեմիոթիկայ, որ կարելի է թարգմանել հայերէն, նշանագիտութիւն թէ նշանաբանութիւն (հին յունարէն «նշան-խորհրդանշան» բառէն):

Հայ բառին նշանագիտութեան բանալին նախ եւ առաջ պէտք է փնտռել Վանի բարբառին մէջ, որը հաւանաբար գրաբարէն ալ աւելի հին է, քանի որ ըստ խորենացիական տուեալներու, հայոց Հայկ Նահապետի ցեղախումբին ընտրած բնակչութեան շրջանն է, յետագային Ուրարտական պետութեան սիրտը, եւ մանաւանդ անշուշտ Արարատ լեռան շրջակայքը: Վանեցին «հայ»ը կը հնչէ խ(ո)այ, իսկ «խո(ա)յ» բառը հայերէնի մէջ ընդհանրապէս նախ այծի, ապա ոչխարի եւ միշտ կոտոշաւոր կենդանիներու ”արուն” կը նշանագրէ (եւ կը նշանակէ անշուշտ: – Ըստ սեմիոթիկայի, նշանագրութիւնը աւելի լայն հասկացողութիւն է քան թէ նշանակութիւնը, որ բառի մը բարդ նշանագրութեան մէկ երեսն է միայն: Այսպէս, «խոյ» բառը կրնայ անմիջապէս ոչխարի կամ այծի արուն նշանակել. Բայց կը նշանագրէ ընդհանրապէս կոտոշաւոր կենդանիներու առնականը, իբրեւ նաեւ առողջ եւ հզօր արու սեռայնութեան խորհրդանիշ):

Հայերէնի մէջ «հայ» բառին անմիջական եւ առաջնային իմաստը կը նշանագրէ «խոյ-մարդեր», «խոյի ժողովուրդ» (խուսափինք «ցեղ» բառի գործածութենէն, չիյնալու համար ցեղապաշտական տհաճ ծուղակներու մէջ):

Երբ ուրեմն ոմն ասացէ, «ես հայ եմ», իր հնագոյն առաջնային իմաստով կը նշանագրէ որ ինք խոյի ժողովուրդին, խոյի խմբաւորումին կը պատկանէր, խոյի-մարդ է:

Հնագոյն պատմութեան մեծագոյն առեղծուածներէն մէկը այսպէս կոչուած «խոյի քաղաքակրթութեան» ծննդեան հարցն է: Նախապատմութեան ընթացքին իսկ, այդ պաշտամունքային քաղաքակրթութիւնը տարածուեցաւ հին աշխարհով մէկ, բայց թէ ու՞ր է անոր օրրանը, տակաւին կը մնա առեղծուած, մինչեւ այս տողերուս գրուիլը անշուշտ… հայերէնի Վան բարբառին մէջ պահպանուած է այդ քաղաքակրթութեան ծննդաբերութեան նշանագրութիւնը, կարելի է մեծագոյն գիտական ճշգրտութեամբ որոշել խոյ-մշակոյթի ծննդավայրը (եւ ոչ թէ միայն մշուշոտ վարկածով…)  այդ Վանի շրջանն է, ուրկէ դարերու ընթացքին կը տարածուի հին աշխարհով մէկ: Նշմարենք  որ Խալտիները, որոնց պատմականօրէն տրուած է նախնական աստղաբաշխական գիտութեան ստեղծումը իսկական վանեցի խայ-եր են, որոնք Հայաստանէն կ՚՚իջնեն կը հասնին Միջագետքի հարաւը, կը ստեղծեն ZODIAC_ը, նշանակելով խոյը իբրեւ առաջին  կենդանի-խորհրդանշան-նշանագիրը, ի պատիւ իրենց հայ-կական ծագման, Հայ-աստան աշխարհի մէջ ծննդեան իբրեւ փառաւորում, սրբազնագոյն յիշատակ: Խալ-տէ բառին արմատը լեզուաբանօրէն ուրիշ բան չէ եթէ ոչ խայ արմատին տարբերակը ( «լ» եւ «յ»  լծորդ են): Խոյ կենդանիին առաջնային տեղադրումը իբրեւ աստեղագիտութեան նշանագրութիւն, կը ծառայէ իբրեւ ցեղային-ժողովրդային յուշագրութիւն, խալտէ ժողովուրդին յաւիտեան յուշելու համար իրենց ծննդագրութիւնը իբրեւ խոյի ժողովուրդ, իբրեւ խայ-հայ, Վանայ լճի շրջակայքէն սերած:

Խոյ-հովիւ պատկերներու խմբաւորումը ամէնէն հիմնականն է Սուրբ Գիրքին ամբողջ ընթացքին: Թէ հին եւ թէ նոր կտակարանները հեղեղուած են այդ պատկերախումբին նշանագրութեամբ: Ըստ կարգ մը հեղինակաւոր աղբիւրներու, հրեայ ժողովուրդին նախահայր Աբրահամը խալտէացի մըն էր: Բայց կան շատ աւելի հիմնաւոր փաստեր, հաստատելու համար աներկբայօրէն հրեայ ժողովուրդին հայաստանեան ծագումը, դարձեալ Վանի շրջակայքէն: Անոնց «խոստացեալ երկիրը»… Հայաստանի վերագտնումն է, ոչ մէկ կապ ունի Պաղեստինի հետ: Իբրեւ մասնիկ հայ ժողովուրդի, հայ ժողովուրդի բառանունը եբրայերէնի մէջ կը վերածուի սրբազնագոյն նշանագրի, իբրեւ բառ կը նշանակէ «կեանք»(=խայ – եբրայերէն), եւ տակաւին արմատը կը դառնայ միակ եւ գերագոյն Աստուծոյ սրբազնագոյն անուանակոչումին:- Եահ-ուայ: Մեծն Աստուծոյ այս կոչումը այնքան սուրբ է, որ ուղղափառ հրեան կը սարսափի զայն երբեւէ բերան առնելէ, նոյնիսկ չի համարձակիր զայն գրել թուղթի վրայ, քանի որ այդ պարագային այդ գրութիւնը չի փճացուիր… եւ ուրեմն նշմարենք որ այդ սրբազան ահեղ անուան արմատը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ սեմական լեզուի ուղղութեամբ հայ ժողովուրդի անուանակոչութիւնը, ի փառաւորումն եւ յիշեցումն հրեայ ժողովուրդի «հաւաքական ենթագիտակցութեան» մէջ  (Քարլ Եունկի բառերով) այդ ժողովուրդի ծննդագիրը ի Հայաստան աշխարհ:

Ի միջի այլոց նշմարենք, որ հրեայ կրօնքը միակն է աշխարհի կրօնքներուն մէջ, ուր Աստուծոյ հասկացողութիւնը կենսաոյժի, կեանքի սրբազնացումն է, այսպէս, հայ-խայ-եահ(ուայ) շղթայումը հիմնուած է «լինելութիւն», «էութիւն», «կենսագոյութիւն» եբրայերէն բային վրայ: Ի պատիւ եբրայեցիներուն, պէտք է իմանալ որ անոնց Աստուծոյ հասկացողութիւնը ամէնէն «աթէիստականն» է կրօնքներուն. Պարզապէս եւ հիանալիօրէն, կեանք-հրաշագործութեան սրբազնացումն է, անոնց եահ(ուայ), հակառակէն հաե աստուածը կեանքն իսկ է, հայերէնի մէջ ալ պահպանուած իբրեւ «Է» « անուանակոչում գոյութիւն-կեանք» նշանագրութեամբ:

Երկրորդ մեծագոյն եւ կարեւորագոյն յիշեցումը հրեայ ժողովուրդին հաւաքական ենթագիտակցութեան, որ իրենց ծննդավայրը-հայրենիքը Հայաստանն է, եւ պէտք է հոն վերադառնան, Արարատի շուրջը, ջրհեղեղի-պատմութեան գոյութիւնն է իբրեւ առաջին , գիրք սրբազնագոյն գրքին, Թորայ-ին:

Մինչեւ Տարվինիզմի հաստատումը, Սուրբ Գիրքը քրիստոնէական Արեւմուտքի պատմական վկայաբանութիւնն էր: Տարվինիզմի հաստատումը թէ աշխարհը չէ ստեղծուած տառացիօրէն եօթը օրէն (կարծես իւրաքանչիւր օր Սուրբ Գիրքին մէջ չէր կրնար խորհրդանշել պիլիոն տարի), Թէ աստուած տառացիօրէն չստեղծեց Մարդը (կարծես «Աստուած» չըլլար խորհրդանշական բառ, նշանագրելու համար տիեզերական ամենակարող ստեղծագործ կենսաոյժը որ որեւէ գիտնական չուրանար եւ չի կրնար ուրանալ առանց գիտական ըլլալէ դադրելէ), Սուրբ Գիրքը նկատուեցաւ իբրեւ հեքիաթասացութիւն: Բայց, գիտականօրէն խոսելով, ամէն ինչ չէ որ հեքիաթ է այնտեղ, մանաւանդ Հին Կտակարանին մէջ, որ ըստ իս հաւաքագրումն է (որքան ալ թերի, բայց եւ այնպէս պատմական փաստաթուղթ) Եբրայեցի ժողովուրդին պահպանած նախապատմական յիշողութեանց: Եւ այսպէս, շատ բան կարելի է յայտնաբերել հնագիտականօրէն այնտեղ թաքնուած: Վերլուծենք Նոյեան տապանի հարցը:

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ ԱՄԲՈՂՋ` ՆՈՅԵԱՆ ՏԱՊԱՆԸ

Անհրաժեշտ չէ որ Նոյեան Տապանը նկատուի տառացիօրէն իբրեւ հսկայական չափերով շինուած նաւ-տապան: Ամերիկացի ուսումնասիրողներ, ինչպէս Ռընէ Նոորպերկենը այնքան մը կը յիմարանան, որ կ’երեւակայեն գերարհեստագիտութեան հասած գիտա-հասարակութիւն մը որ կրնար ստեղծել գերարդիական միֆական տարողութեամբ նաւ մը ցայժմ անծանօթ նիւթով մը ջուրի դէմ ձիւթապատուած, դիմանալու համար ահաւոր կայծակներու, փոթորիկներու մինչեւ երկինք հասնող ալեկոծումներու եւայլն – եւ այդ որքան զանգուածեղ պէտք էր ըլլար որպէսզի պարունակէր ամէն բուսական թէ կենդանական տեսակէն զոյգ մը… եւայլն – տակաւին ուրիշ ամերիկածին յիմարներ Արարատի գագաթը կը մագլցին Նոյի Տապանի հետքեր փնտռելով…

Նշմարենք որ երկրաբանականօրէն, Հայաստանը աշխարհիմիակ ամենազանգուածային լեռնային բարձրավանդակն է, ուրիշ խօսքով, լեռնաշղթաներու տափարակ գագաթներէն կազմուած երկիր: Կան նմանօրինակ փոքր տարածքներ Հիմալայեան լեռներուն մէջ, ինչպէս Թիպէթը, բայց երբէք Հայաստանի բարձրավանդակի տարածութեամբ, տափարակութեամբ եւ զանգուածեղութեամբ: Այսպէս ուրեմն, «կողքէն» դիտուած, Հայաստանը ամբողջ պատկերն է, կը խորհրդանշէ Նոյեան Տապանը:

Հայաստան աշխարհ

Տապանը                                                Հայկական

լեռնաշխարհ

Սխեմայի նշանագրութիւն                                                  ծովի մակերես

Հայկական լեռնաշխարհ

Հայաստանը ամբողջ իբրեւ Տապան շատ դիւրաւ (առանց գիտա-ֆանթասթիքական վարկածներու) կրնայ պարունակել աշխարհի բոլոր բուսական եւ կենդանական տեսակներուն նախադրյալները (ARCHETYPES), բնութեան ամբողջ կենսաձեւերը, ներառեալ առաջին մարդ-արարածները: Նոյի անուան եբրայական ձեւն իսկ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ խայ-ի տառատեսակ, նո-ախ: Ի միջի այլոց, Եւայի եբրայերէն անուանակոչումը նոյն արմատն է դարձեալ, խա-ուա, որուն երկրորդ կէսը գոյ է նաեւ «եահ-ուա»ի պարագային – անշուշտ այս բոլոր անուններն ալ կը նշանագրեն հայ ժողովուրդի անուանակոչումը, որ եբրայերէնի մէջ սրբազնագրուած է իբրեւ «կեանք» նշանակող բառ:

Եբրայեցի ժողովուրդի մէկ այլ սրբազնագոյն հասկացողութիւնը կը վերաբերի տապան- ուխտի պաշտամունքին. Այդ այն խորանն է, որ կը պարունակէ սրբազան գիրքերը – կարգ մը մասնագէտներ կը կարծեն թէ տապանի հասկացողութիւնը այստեղ բոլորովին տարբեր է Նոյան տապանէն, եւ անկախ ատկէ: Տակաւին ուրիշներ կը կարծեն որ այն կը պարունակէ առնանդամին թլպատը, որը Աբրահամ մարգարէին դաշինքն էր Աստուծոյ հետ… այս եւ այլ մեկնաբանութիւններ չեն ըմբռնած որ տապան-ուխտի պաշտամունքը ամբողջ Հայաստանի, Հայաստան աշխարհի բարձրավանդակի պաշտամունքն է, իբրեւ հայրենիքը, ծննդավայրը եբրայեցի ժողովուրդը կազմող հնագոյն ցեղախումբերուն, ժամանակ առ ժամանակ, զանազան ժամանակահատուածներու Հայաստանէն արտագաղթող: Արամ թագաւորի զաւակունք թէ խալտէացի Աբրահամն իր սերունդով կը հասնի Եգիպտոս, ուր արդէն հասած էր Մովսէս մարգարէի սերունդը իբրեւ Հիքսոս: Ըստ իս , Հիքսոսներու անբացատրելի պատմական անյայտացումին առեղծուածը կը լուծւի այսպէս:- Նշմարենք որ Հիքսոսներու անուանարկումը հուք-սոս է, որուն արմատը, դարձյալ սեմականօրէն շրջուած «խույ» է (կամ` խոյ: – ք-խ, հ-յ լծորդներ են): Ուրիշ խօսքով Հիքսոսներն ալ խոյի-ժողովուրդ են, կը հասնին Եգիպտոս, եւ հարիւր յիսուն տարի իշխելէ վերջ, կ’անյայտանան… ոչ, ըստ իս, այլ կը վերածուին Մովսիսական ցեղախումբին որ կը փախչի Եգիպտոսէն: Յիշենք որ Մովսէս Մարգարէն եգիպտականացած իշխան, թէ հովիւ-խոյական թագաւոր էր (ընդունուած կարծիք):

 Քանանացիները դարձեալ Հայաստանէն  վար իջած խայի ժողովուրդ են (արմատը Քանանի, խա, քա-ն է, ք-խ լծորդ են): Այսպէս, զուտ-հրեայ գովերգող ցեղապաշտները չեն ըմբռներ, որ Քանանի երկրին մէջ հաւաքուած զանազան ցեղային թելերն են որ միախառնուած են ստեղծելու համար այսօրուայ հրեաները:

Գոյութեան մը էութիւնը գիտականօրէն ըմբռնելու համար, անհրաժէշտ է զայն վերլուծել դիտելով զանազան անկիւններէ – Իսաակ Նիոտոնը (Isaac Newton) սովորական արեւի լոյսը անցուց փրիսմի մէջէն, տարբաղադրեց զայն երեւան հանելու համար սփէքթրումի «ճերմակ լոյսը» կառուցող գոյները: Մենք ալ ուրեմն, հիմա շրջենք Նոյի Տապանի լեգենդար կառոյցը, գտնելու համար թէ այն ուրիշ ինչ գիտական գաղտնիքներ կը պարունակէ: Այսպէս. Ընդունուած տոկմա է որ Նոյան Տապանի պատմութիւնը կը յատկանշէ մեր մոլորակի հողանիւթի ընկղմումը ջրհեղեղով աշխարհիս ջուրերուն մէջ… ըստ իս, ոչ, նոյն սխալ ըմբռնուած պատմութիւնը իրականութեան մէջ, կը նշանագրէ մեր մոլորակի հողանիւթի ջուրէն դուրս ելնելու երեւոյթը հրաբխային պայթումներով (փոխակերպուած իբրեւ ահագնային անձրեւ-փոթորիկ կայծակնային պայթումներ) … Արարատ լեռան գագաթը, եւ յետոյ ամբողջ լեռնաշղթան, Հայաստանի Վանի եւ Այրարատեան  դաշտավայրի այդ տարածքը, հին Հայաստան աշխարհի սիրտը ամէնէն առաջին հողանիւթն է, կերտուած բիլիոնաւոր տարիներ առաջ,  երբ կերեւայ, կը կազմաւորուի, կը ծփայ Օվկիանոսներու մակերեսին եւ անոր խորերէն ծնած (Խորենացիի արձանագրած Վահագնի ծնունդի քառատողը այս կը նշանակէ)…

Թէ Արարատ լեռը հին հրաբուխ է, անկասկած է, թէ ծովի յատակէն ծնած հրաբուխները կը կազմաւորեն երկրագունդի հողանիւթը, արդէն ընդունուած գիտական դրոյթ է… գիտական աշխարհին կը մնայ ըմբռնել  որ Արարատ լեռն է երկրագունդի այդ ամէնէն առաջին հրաբխային հողակոյտը:  Եւ Նոյի տապանի պատմութիւնը գիտականօրէն, եւ հիմնականօրէն, եւ պատմագիտականօրէն կը-նշանագրէ  այս փաստը, ոչ իբրեւ հողակոյտի ընկղմումը ծովաջուրերուն մէջ, այլ ընդհակառակը, շրջուած Նիոթոն-եան «փրիսմաթիք» տեսանկիւնէն դիտուած, Նոյան տապանի երեւումը Արարատի գագաթին, կը փաստագրէ առաջին հրաբխային հողակոյտի առաջին երեւոյթը օվկիանոսներէն դուրս… Եւ ուրեմն , բացարձակապէս զարմանալի չէ, որ հայկական լեռնաշխարհը այսպիսով, կը պարունակէ ամէն բանի առաջին նախատեսակը, մանրէներէն սկսեալ, բոյսերը, մինչեւ կենդանիներն ու մարդ արարածը…

Եւ այս փաստին համար, անհրաժէշտ չէ, բացարձակապէս, որ Արարատը եղած ըլլայ ամէնէն բարձր գագաթը – ոչ, ինչու՞, բացարձակապէս ոչ – հնագոյնը չի նշանակեր բարձրագոյնը, որ յետոյ կը ծնի անհաշուելիօրէն աւելի երիտասարդ Քիլիմինջարոյով Ափրիկէի մէջ, կամ Հիմալաեան լեռնաշղթայով Թիպէթի մէջ…

 

 Part 2

 ՍԽԱԼ ՀԱՍԿԱՑՈՒԱԾ ՏԱՐՎԻՆԻԶՄ

Վերջին տասնամեակին մի շատ ցնդած գիտական վարկած նետուեցաւ Անգլիոյ մէջ, բոլորովին երեւակայական, երեխայական, չը փաստուած, ապուշաբանութիւն – կը յիշեմ նոյնիսկ այն օրերը երբ այս մէջտեղ նետուեցաւ Լոնդոնի Natural History Museum-ի իմ գիտաշխատող բարեկամներէն մէկու մը ընկերոջ կողմէն, ըստ որուն, մարդկութիւնը երեւան եկած է … Ափրիկեան տափաստաններու մէջ. Այս մէկը Տարվինի մեծագոյն գիտական սխալներէն մէկն էր. Տարվինի եղափոխութեան թէորիան (the Theory of Evolution) պայմանաւորուած չէ այս միտքով: Տարվին պարզապէս երեւակայեց (առանց գիտական ոչ մէկ փաստագրութեան) որ մարդակապիկը կրնար միայն Ափրիկեան տափաստաններուն մէջ գոյանալ…

 Բայց ի՞նչ կը նշանակէ «տափաստան». Լայնածաւալ, ծովածաւալ, մինչեւ հորիզոնը երկարող տափակհողատարածութիւն. Այսպիսի բնաշխարհային պատկերը (paysage-ը) չունի ոչ մէկ հետաքրքրական կառոյց, էլէմէնթ, գողտրիկ մասեր,մարդկային ուղեղը, միտքը քրքրելու, զարգացնելու համարմարդկային միտքն (ու ստեղծագործական հոգին) կրնան ծնիլ, զարգանալ, բարգաւաճիլ, միայն ու միայն բնութեան լեռնաշխարհային paysage-ով, կառոյցին մէջ … եւ ուրեմն, մարդակենդանին կրնա միայն ու միայն ուղեղային բարգաւաճումով յառաջանալ լեռնաշխարհի մը մէջ, եւ անշուշտ Հայաստանեան լեռնաշխարհին մէջ. Մարդկային ուղեղի բարգաւաճումը բացարձակապէս կախեալ է լեռներու, ձորերու, առուակներու, իրարմէ կտրուած հողամասերու գաղտնիքներու բացայայտմամբ: Այս է պատճառը որ նախամարդը կը պաշտէ լեռն ու գետը, բնութիւնն իր կառոյցային էլէմէնթներով: Ուրիշ խօսքով, այն փաստը որ նախամարդը ամէնուրէք աշխարհով մէկ, ստեղծած էր անհամար լեռնաշխարհի բնաշխարհի պաշտամունքներ, կ՚՚նշանագրէ մարդատեսակի ծնունդը լեռնաշխարհային բնաշխարհին մէջ:

 

 

Հնագոյն Եգիպտոսի պարագան – Բուրգերը իբրեւ Արարատ լեռան կառոյց-պատկեր

Բազմաթիւ են փորձերը լուծելու եգիպտական հին բուրգերու առեղծուածային նշանագրութիւնը: Հին եգիպտացիներու ծագումն իսկ տակաւին անլոյծ մնացած հարց է – վերադառնանք մեր լեզուագիտական մեթոդին.”Egyptian” բառը կուգա (վարիանթ է) հին յունարէնով անուանարկուած Ai-g-uptos բառէն, որ ունի նոյն արմատը Եթովպիացիներու նշանարկման, իբրեւ Ai-thio-pos: Այսպէս, միայն ու միայն այս հնագոյն անուններու յայտնաբերումով  կարելի է հասկնալ որ հնագոյն աշխարհիս այս երկու ժողովուրդները ունին նոյն պատմական ծագումը:

Արդէն Եթովպիացիները ունին ոչ-ափրիկեան, այլ Caucasoid (կովկասեան) գանկային կառոյց: Եւ երկու ժողովուրդներն ալ արդէն պոռչտում են, բարձրաձայն աղաղակելով որ իրենք (Հ)ԱՅ – ի ծնունդ են, հայ ժողովուրդ են, (հ)Այ-աստան լեռնաշխարհէն …

Եթովպիացիներու ծննդեան հին յունարէն անուանային հաստատագիրին մէջ, Ai-thio-[p]os, կա նաեւ հին յունարէն theos θεοs բառը որ կ՚՚նշանակէ աստուած, թելադրելով Եթովպիացի ժողովուրդին հոգեպաշտութիւնը: Իսկ Եգիպտացի նշանակող հին յունարէն բառին մէջ պարունակուած է հին յունարէն ai-gs’ άιξ բառը որ վարիանթն է հայերէն այ-ծ բառին-յատկանշելով հին եգիպտացիներու այծ-ային թօթեմի «ազգային» ընկալումը: 

Այսպիսի փաստագրումը կը նշանակէ (1) Եթովպիացի եւ Եգիպտացի ժողովուրդներու նոյնարմատ ծնունդը (2) իբրեւ (հ) Այ-ի ժողովուրդ (3) հայկական լեռնաշխարհի մէջ:

Եւ երբ եգիպտացիները կը հասնին Նեղոսի գետի դաշտագետինները, իբրեւ մշակութային-«ցեղային» յիշողութիւն, ի փառաբանումն իրենց «ազգային» ծագման, եւ Արարատ Լեռներու սրբազնագոյն պաշամունքի «կարօտէն» մղուած, կը ստեղծագործեն եւ կը շինեն բուրգերը, իբրեւ կենդանի պատկեր Արարատ լեռաննոյնիսկ հաւատարիմ Մեծն եւ Փոքր Մասիսներու նկարազարդումով – երկու բուրգեր քով-քովի, մէկը միւսէն քիչ մը փոքր:

 Հնագոյն մշակոյթներու մէջ, աշխարհի հնագոյն «կրօնական» պաշտամունքը եղած է Արեւի պաշտամունքը աշխարհիս ամէն կողմէ, հարաւային Ամերիկայէն մինչեւ Չինաստան: Մինչեւ այժմ, Արեւային պաշտամունքի ծննդավայրը եւ ծիսակատարումի առարկան մնացած են անյայտ, վիճելի, Հնդկաստանը նկատուած է (առանց գիտական փաստագրութեան) իբրեւ ընդունելի երկիրԴարձեալ, իմ պատասխանը մեծ ոչ մըն է:

 Արարատ լեռը եղած է հնագոյն աշխարհի հնագոյն կրօնական պաշտամունքի, Արեգակի պաշտամունքին աստուածային սրբազնագոյն ծիսական առարկան  (object/subject).  Եւ ահաւասիկ մեծագոյն փաստերս. Պատմական ցարդ չը հասկցուած փաստ է, որ Եգիպտական հնագոյն չաստուածը կը կոչուէր ՐԱ – եգիպտական բոլոր փարաւոնները կը նկատուէին նրա որդիները: ՐԱ, ԱՐ-արատ լեռան արմատի սեմական շրջումն է պարզապէս, նաեւ հայերէն հնագոյն Ար-եգակ (Ար-եւ) բառին արմատը:

Եւ այսպէս ուրեմն լեզուագիտական փաստագրութեամբ (1) Եգիպտացիները ելած են (Հ)Այ-աստանի լեռնաշխարհէն, (2) իբրեւ հնագոյն Ար/Րա արեւապաշտներ, իրենց Արարատ  Լեռնաստուծոյ  հաւատարիմ (3) կառուցած են Բուրգ հրաշալիքները իբրեւ արեգակնային պաշտամոինքային-ցեղային յիշողութիւն, իրենց  ծնունդը երաշխաւորող սրբազնագոյն Արարատ լեռան:

Եւ ուրեմն երբ Ախնադէն Փարաւոնը ստեղծեց մի-աստուածութիւն արեւի պաշտամունքով, ան պարզապէս վերադարձ կը կատարէր դէպի հնագոյն կրօնքը հայաստանի լեռնաշխարհէն բերուած: Եւ եթէ իր կինը առեղծուածային Նէֆէրթիթը Հիթիթական իշխանուհի էր, ապա ուրեմն ան եղած էր Հիթիթներու Վանի Արարատեան տարածքէն … Նէֆրէթիթը իբրեւ օժիտ … իր հետ բերաւ իր Հիթիթական ծննդավայրէն արեւի պաշտամունքի մշակութային կրօնական յիշողութիւնը իր ամուսին  Ախնադէն-ին նուէր, որ զայն կտակեց աշխարհի ժողովուրդներուն իբրեւ մի-աստուածութեան առաջնային գաղափար:

Հիթիթները իրենք զիրենք կը կոչէին … խա-թթի, որի արմատը դարձեալ յստակօրէն եւ անզարմանալիօրէն Վանի բարբառի խա-յ-ն է արդէն:

Թէ Եգիպտական բուրգերը ունին արեւային պաշտամունքային էութիւն, արդէն բազմիցս փաստուած է: Ինչ որ ցայժմ չէ հասկցուած բացարձակապէս, վերեւ դրուած լեզուագիտական հնագոյն բառակապակցութիւններն են:

 

 Անգլիական փրոթո-նազիսմ

 

Պիտի նաեւ նկատել, որ Դարուինեան մարդակապիկներու թէորիան եւ մարդու Ափրիկէում յառաջացած ըլլալու ոչ-գիտական վարկածը խորապէս ցեղապաշտական հիմք ունի … հիմնուած է Ափրիկեան ցեղերու կապիկի նմանողութեան նշմարումին վրա …

 Մարդ արարածը կարող է նմանուիլ որեւէ կենդանիի – ուշադիր զննեցէք խոյերու, ոչխարներու դէմքերը համոզուելու համար որ անոնց դիմագծերը որքան խորապէս մարդկային են- իզուր չէ որ Հայ ժողովուրդը ինքզինք նկատած է խոյի ժողովուրդ:

 Նշմարեցէք որ  այծի դէմքերը իրենց մօրուսներով շատ են նման … Չինացիներուն,եւ ուրեմն ըսել որ չինացիները եղած են ափրիկեան այծերէն … կամ նշմարեցէք թէ Լիբիայի նախագահ Գադդաֆին որքան կը նմանի … ուղտի, իսկ անգլիո այսօրեա վարչապետ Քամերօնը աղուէսի … նոյնքան նազիստական յիմարութիւն է որքան հաւատալը թէ մարդուն արիւնը կրնայ «զուտ» «մաքուր» ըլլալ … ախր մարդիկ ունին արիւնի զտումի մեխանիզմ մարմնին մէջ իսկ, որովհետեւ,արիւնին կէսը տեւական կ՚՚աղտոտուի,  մարմնին կեղտերը կրելով … հաստատուած գիտական փաստ է որ մարդ կենդանիին (եւ ուրեմն բոլոր ժողովուրդներու) արիւնը 98 առ հարիւր նոյնն է ինչ որ … կապիկներունը! Եւ ուրեմն  հայ նժդեհական յիմարագլուխներ Երեւանի մէջ, իրենց անգոյ «մաքուր» արիւններով ցեղապաշտական աւանակութիւններ կը քարոզեն:

Առաջին մարդերը կրնային միայն լեռնաշխարհի մէջ ծնիլ, եւ այդ լեռնաշխարհը կրնար միայն ըլլալ Հայաստանը, եւ արդէն այդ գիտական փաստն ալ դրուած է Նոյան Տապանի պատմութեամբ, իբրեւ մեր մոլորակի առաջին հողակոյտի հրաբխային կայծակնային ծնունդով – Արարատ Լեռը:

Այս օրերս, անգլիացի քաղաքական աղուէսագէտները, փաստելու համար որ իրենք ցեղապաշտներ չեն, երբ ստեղծած էին 20-երորդ դարի ամէնէն տխմար ցեղապաշտական դրոյթները Eugenics թէորիայի անուան տակ, (որը դարձաւ խելագար Հիթլերի նազիսմի հիմունքը, որի համար ալ սպանուեցան հարիւր միլիոնաւոր մարդիկ…), այդ նոյն անգլիացի աղուէսները, ուզեցին փաստել աշխարհին որ բոլորս եկած ենք … Ափրիկեան անհետաքրքիր կապիկային տափաստաններէն:

 

 ՀՆԱԳՈՅՆ ԱՆԳԼԻԱՑԻՆԵՐՈՒ ՊԱՐԱԳԱՆ

Պաշտօնական Անգլիոյ կապերը հրեաներու հետ հանրածանօթ են: Կան ժամանակներ, երբ Անգլիոյ պետութիւնը կը նմանի… Իսրայէլի պետութեան: Հաւատացողներ կան որ միջազգային Սիոնիզմի կենտրոնը ոչ Իսրայէլ, ոչ ալ Ամերիկա, այլ Անգլիա կը գտնուի:  Քսաներորդ դարու սկիզբը լուրջ փորձեր եղան գիտականօրէն փաստելու, որ հին Իսրայէլը կը գտնուի… Սկովտիոյ մէջ:

Անգլիոյ կապը հրէութեան հետ, ըստ իս, ունի աւելի խորունկ, չհասկացուած նախապատմական արմատներ:

Այսպէս. –

Լոնտոնի Ուեսթմինսթըր Ապպի-ի մէջ կը պահպանուի Անգլիոյ թագաւորութեան գահը, որ աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ եւ նուրբ շինուած աթոռներէն մէկն է: Այս աթոռին կռնակին ձեւը բացառիկ իւրայատկութիւն մը ունի, եռանկիւն է, եւ իւրայատկօրէն զարդանկարուած: Այս գլուխ-գործոց նրբազեղութիւնը կոպտացած է խոշոր, ճերմակ, հաւկթաձեւ ժայռով մը աթոռին տակը տեղադրուած:

Անհաւատալի աթոռ մը արդարեւ նշանագրութեամբ հարուստ եւ բարդ, ցայժմ անհասկանալի: Ժայռը այնքան նշանաւոր է Անգլիոյ պատմութեան մէջ, որ երբեմն-երբեմն կը գողցուի Սկովտիացի ազգայնականներու կողմէ իբրեւ իրենց հին կելտական արքայական մշակոյթի խորհրդանիշ:Այնտեղ, թագադրութիւն լեռներու կողին բարձրադիր ժայռեր իբրեւ գահեր գործածել, ծանօթ երեւոյթ է: Սակայն մարդ չի գիտեր թէ Անգլիոյ բոլոր թագաւորներուն թագադրութեան իբրեւ գահ ծառայող այս աթոռին տակի ժայռը ուրկէ՞ եկած է, ո՞վ բերած է, առեղծուած մըն է արդարեւ: Կոչուած է նաեւ Յակոբի բարձը, որուն վրայ գլուխը հանգչած, Յակոբ կ’երազէ դէպի երկինք տանող իր նշանաւոր սանդուղքը… նշմարենք որ այս գահին սխեմական նշանագրութիւնը բոլորովին նման է եբրայական ձեռագրային մանրանկարչութեան մէջ ներկայացուած տապանաուխտի նկարներուն:  Հրէական  տապանարուեստը սրբազնագոյն «խորանն» է հրէական տաճարին (կամ` մերօրեայ սինակոկներուն):

Հին Հրէաստանի նշանաւոր տաճարի շինարարութեան նպատակն է ու իմաստաւորումը կը կայանար սրբազնագոյն տապանաուխտը պարունակելուն մէջ: Այդպէս ալ` Անգլիոյ ազգային եկեղեցիին իմաստաւորումը: Թէեւ քրիստոնէական, բայց իբրեւ ազգային ինքնուրոյնութեան հաստատում ընդդէմ Հռոմի տիրապետութեան, Ուեսթմինսթըր Ապպին Անգլիոյ տաճարն է, որ կըպարունակէ Անգլիոյ տապանաուխտը, որուն նեցուկով կը թագադրուին Անգլիոյ թագաւորները: Իսկ Անգլիոյ թագադրեալը է  նաեւ Անգլիոյ եկեղեցիին գլուխը (հետեւաբար ծիծաղելի է երբ Անգլիացիները կը մոռնան որ Անգլիոյ պետութիւնը աշխարհական չէ, եկեղեցին եւ պետութիւնը բաժնուած չեն, ինչպէս կը հաւատացնեն աշխարհին… ):

Անգլիոյ պատմութեան հնագոյն փաստաթուղթն է ութերորդ դարու «Անկլոյ-Սաքսոն խրոնիկաները»,  անյայտ հեղինակութեամբ: Գոյութիւն ունեցող չորս ձեռագիրներէն երեքը ունին յառաջաբան մը, ուր շատ յստակօրէն գրուած է որ Անգլիական կղզիներու «հնագոյն բնակիչները եկած են Հայաստանէն (ARMENIA)»:  Անգլիացի անպարկեշտ գիտնականները, անխտիր միշտ աւելցուցած են ծանօթագրութիւն, առաջարկելով որ այստեղ յստակօրէն գրուած ARMENIA-ն Հայաստանը չէ, այլ Ֆրանսայի հիւսիսը տեղադրուող ARMORICA կոչուած տեղանուան սխալ ուղղագրութիւնը: Նոյնիսկ վերջերս, մեծագոյն հրատարակիչ ՄաքՄիլլանը հրատարակեց փառաւոր արդիական անգլերէնով թարգմանութիւն մը, ուր գիտնական-թարգմանիչը այնքան մը կը ստորնանայ որ ձեռագրային բնօրինակին  ARMENIA-ն անամօթաբար կը փոխէ  ARMORICA-ի գիտականօրէն փակելով հարցին խնդրականութիւնը (եւ Անգլիահայ խեղճերս, չունինք կազմակերպութիւն մը որ այսպիսի հարցերէն տեղեակ ըլլայ եւ պաշտօնապէս բողոքէ, պայքարի, պատմական փաստաթուղթը վերահաստատէ եւ իրականութիւնը փրկէ… Սփիւռքահայերս տակաւին խոր քունի մէջ ենք. Իսկ այնտեղ ալ, Ազերի Բունիաթով ոճրագործ –գիտնական-աւանակներ տասնամեակէ մը ի վեր հայ ժողովուրդի գոյութիւնը կ’ուրանան, մինչ ղարաբաղեան այս օրերուն իսկ մեր կարգ մը պոռնիկ-գիտնականները գիրք կը հրատարակեն ուրանալու համար Ուրարտուի հայկականութիւնը… Հայ ժողովուրդի մեծագոյն թշնամին… Հայ ոճրագործն է, գիտնական թէ վաճառական):

Անկլօ-Սաքսոն խրոնիկաներու Հայաստան պարունակող մասը մաքրամաքուր է, առանց աղճատման  որեւէ նշոյլի: Իսկ ոչ մէկ գիտականօրէն ընդունուած փաստ կրնայ հաստատել ARMORICA-էն դէպի ARMENIA ուղղագրական-ձեռագրական (օրթոկրաֆիական) անցումը: Հետեւաբար, այդ պոչաւոր սուտը շատ դիւրաւ կարելի է փճացնել:

Հերոդոտոսը կը վկայէ որ Կելտերը արտագաղթած են Հայաստանէն: «Խու» թէ «խո» արմատն է Անգլիոյ հնագոյն տեղանուններուն, ինչպէս CORNwall (cor-խոյ c-ք-խ, r-յ լծորդ են), CUmbria (CU-խույ), SCOtland եւայլն:

Ահագնային փաստ մըն է Կալեսի(WALES) երկրին ծննդաբանութիւնը: Առեղծուած մըն է կելտական ցեղախումբ եղող Կալեսի երկրի բնակիչներուն հնագոյն ծննդավայրի հարցը: Այդ առեղծուածը մենք դիւրաւ կը լուծենք այստեղ առաջին անգամ, նշմարելով հետեւեալը:- Ամբողջ աշխարհի մէջ միայն երկու տեղ ունին տառացիօրէն նոյն բացառիկ անունը իւրայատկութեամբ զրնգուն… Լենինականի հին անունը, Քիւմրիւ, ճիշդ այն անունն է ինչպէս Կալեսի երկրինը CYMRY, որ կը հնչուի բացարձակապէս նոյնը ինչ Լենինականի հին անունը, եւ անշուշտ խոյի արմատին տարատեսակն է -խույ: Այսպէս, ոչ թէ միայն մշուշոտ վարկածով կը լուծենք հին կելտական Կալեսի երկրի ցեղին ծննդավայրի առեղծուածը , այլ ամենայն գիտական ճշգրտութեամբ կրնանք հաստատել որ Կալեսի շրջանը հասած ժողովուրդը կու գայ Լենինականի բնակավայրէն : Եթէ յիմար մը պիտի առարկէ որ ինչու ոչ Լենինականի բնակավայրին անուանարկութիւնը Կալեսի երկիրէն … պատասխանը պարզ է. վկայ Անկլօ-Սաքսոն խրոնիկաները, Հորոդոտոսը, Խոյի ժողովուրդին հնապատմութիւնը եւայլն: Հակառակ այս բոլոր փաստագիտութեանս, ես անգամ շշմեցայ երբ Սիսիանի մէջ տեղ մը «գտայ» Անգլիոյ եւ Հիւսիսային Եւրոպայի մէջ տարածուած մեկալիթեան կրոմլեխներ, կանգուն-քարեր-շրջանակներ: Կովկասեան Հայաստանի բարձրագոյն լեռներուն մէջ «կորսուած» այդ հրաշափառ հնութիւնը կարծես մէկ կրկնօրինակը եղած ըլլար  Անգլիոյ նշանաւոր դաշտագետինի մը մէջ պահպանուած քարային շրջանակային համալիրին AVEBURY անունով… Փաստագրական ֆիլմ մը Հայաստանէն այդ մասին ցնցիչ գիւտ մը իբրեւ պիտի պայթէր Անգլիոյ մէջ, փաստագրելով եւ լուծելով Մեկալիթեան շինարարներու հայրենիքին առեղծուածը: Անկասկած է որ Անգլիոյ հնագոյն Մեկալիթեան շինարարները հասած են Կովկասեան Հայաստանէն, ինչպէս ալ Անկլօ-Սաքսոն խրոնիկաները կը փաստեն:

 

Իսկ հիմա վերադառնանք Անգլիոյ թագադրութեան նշանաւոր աթոռին: Աթոռին պատկերագրութիւնը կը ներկայացնէ ուրեմն սրբազնագոյն տապանաուխտը, ներփակուած տաճարին մէջ (ինչպէս հրէական պարագային), եւ ըստ իս, կռնակաձեւի իւրօրինակ եռանկիւնը պատկերն է Արարատ լերան, եւ անկասկած, չէ՞ որ այս վերջինս տապանաուխտի լեռն իսկ է… իսկ զարդանախշերը կը խորհրդանշեն Արարատեան շրջանի բուսաբանութիւնը, բերրիութիւնը, իսկ յատակի քարը, որուն գոյառումը կորսուած է պատմութեան մշուշներուն մէջ… Ըստ իս, ժայռակտոր է Արարատ լեռէն բերուած, տառացիօրէն թէ խորհրդանշանակօրէն , իբրեւ ցեղային յուշ հայրենիքէն հայրենակարօտ Կելտերուն, խոյի շառաւիղներուն… Աթոռի յատակին նստած առիւծները խորհրդանիշ են հին հայկական Ուրարտական դարաշրջանէն: Անգլիացիները պարզապէս գողցած են հին հայկական ուրարտական առիւծը իբրեւ իրենց, անգլիական ազգի քաջութեանց խորհրդանիշ:

Նախիջեւան վայրի անուան մէջ պահպանուած է Նոյի եբրայերէն ձեւը, նոախ-իջեւան, որը կը թելադրէ այդ անուան հայկական ծագումը: Նոյն խոյ-ի արմատի տարատեսակն է Կովկասեան տարածքի անուանունը: Հին աշխարհի կախարդական աւանդութեամբ, սրբազնագոյն բառանունները կը կրկնաւորուէին (REDUPLICATION): Ուրիշ խօսքով, անուն մը որ կրկնաւորումն է արմատի մը, կը նշանակէ թէ սրբավայր է, կամ սրբազնագոյն ցեղանուն: Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիայի բնիկները տակաւին մինչեւ այսօր պահպանած են սրբազնագոյն-վայրերու աւանդութիւնը: Այսպէսով, կաու-կա-ս (Կովկաս) խաու (խա-յ) արմատի կրկնաւորումն է, որը կը նշանագրէ ըստ նախապատմութեան` սրբավայր: Պատահական չէ ուրեմն, որ Արագածի լեռներով մէկ (Ուղտասարի շրջան) Հայաստան կը գտնուին բազմահազար ժայռանկարներ, որոնց տիրապետող թեման եւ գծանկարը խոյի հսկայական կոտոշներն են: Պատահական չէ որ անոնք կը կոչուին «էծանկարներ», իբրեւ խոյ-մարդկանց նշանագրերը, մշակույթը:  Մեսրոպ Մաշտոցը, ըստ մեր պատմագիրներուն, արտադրեց հայոց այբենգիմը, տառապագին, մենանձնական շրջագայութեամբ Վասպուրականի լեռները, եւ ի վերջոյ երբ զանոնք երազեց, կարծես անոնք` այդ գիրերը փորագրուած ըլլային քարի վրայ: Այս պատմութեան մէջ ծածկագրուած է, ըստ իս, պատմական այն փաստը, որ հայկական մաշտոցեան այբենգիմը ստեղծուած է իբրեւ … էծագիր, նմանողութեամբ  Վասպուրականի ժայռանկարներուն, որոնք անկասկած ներշնչման աղբիւր ծառայած են Մաշտոցին: Հայկական այբուբենը բացառապես գեղեցիկ եւ նրբազգաց պատկերագրում է խոյի կոտոշներու…  ուրկէ մեր թելադրութիւնը որ պարագան նոյնն է հին յունարէնի եւ… վրացերէնի:

Հին աշխարհի ամէնէն հետաքրքրական միֆերէն մէկը Մէտէայի պատմութիւնն է, որը կը վերաբերի խոյի-մարդկանց նշանաւոր խոյի ոսկեայ բուրդի ձեռքբերումին, Քոլքիս կոչեցեալ բնակավայրէն, տեղադրուած այսօրուայ Վրաստանի մէջ… բայց Քոլքիս տեղանունը դարձեալ խոյի արմատի կրկնաւորումէն կը յառաջանայ, իբրեւ սիրավայր: Այսպէս, խոլ-խի-ս հաւասար է լեզուականօրէն խոյ (լ-յ լծորդ) խի, որ խոյի մէկ ձեւն է: Տասնամեակներով Սովետական Հայաստանցիները վրացիներուն «եղբայր» կը կոչէին յանուն Մարքս- Լենինեան ինտերնասիոնալիզմի, առանց ըմբռնելու որ վրացիները իսկապէս, տառացիօրէն  մեր եղբայրներն են, իրենց ազգային աւանդավէպը զայն կը փաստարկէ, Քարթվելի կոչումը արմատաւորապէս Քախայ-ով (Քարթվելին եւ Հայոսը եղբայրներ են վիպերգութեան ծննդագրով): Վրացերէնը ուրարտական հայերէնի բարբառ է, ըստ իս: կը մնայ հաստատել, որ  Մէտէայ անունին արմատը ընդունուած է բխեցնել յունարէն «մետոս» μηδος բառէն, որ կը նշանակէ «խորհուրդ, ծրագիր, ճարպիկ մտածող»: Հայերէնի մէջ ունինք նոյնը, «միտք»:

Ուքրանացիները սեմական գրելաձեւով խոյ-ի ժողովուրդ են (ուք- արմատը հակառակէն խու է), թէեւ կը պարունակեն նաեւ խայի տարբերակը Քարբաթեան լեռներու նշանագրութեամբ («քար» արմատը խայի կը վերածուի լեզուականօրէն, ք-խ եւ ր-յ լծորդութեամբ): Այդ կը նշանակէ որ զանազան դարաշրջաններու տարբեր խմբաւորումներ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն կը հասնին եւ կը միախառնուին տեղացիներու հետ  սեռայնօրէն, կը ձուլուին արտադրելով նոր ազգութիւններ, իրենց «ծննդական վկայագիրը» յավերժացնելով իրենց սրբազնագոյն եւ հնագոյն անուանակոչումներով, իբրեւ տեղավայր թէ ազգանուն:  Ուրիշ խօսքով,  հնագոյն ազգանունները թէ տեղանունները կը պարունակեն եւ կը նշանագրեն այդ ժողովուրդին եւ իր բնակավայրին ծննդոցը հայկական լեռնաշխարհէն:  Հնագոյն այդ անունները ժողովուրդի մը ծննդականն են:

Հ. Մարտիրոսյանի

գրքից, «գիտությունն

սկսվում է Նախնադարում»,

Երեւան 1978.

  

 

  

Շշմեցուցիչ ցուցադրում խոյի քաղաքակրթութեան

ծննդեան ժամանակաշրջանից

 

Ասոնք Ուղտասարի ժայռապատկերներէն քանի մը նմուշներ են: Բառացիօրէն եզակի են եւ

Դեռեւս անծանօթ մնացեալ աշխարհին, ժայռապատկերները կը ձգուին հարիւրաւոր մղոն երկարութեամբ:

Ըստ իս ասոնք առաջին մարդ ժողովուրդի առաջին ձեռակերտներն են:

 

Part 3

 ՊԱՐՈՅՐԸ`ԽՈՅ-ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿՆԻՔԸ

Խայ-խոյ հայերը, նախապատմական շրջանին տակաւին, իբրեւ խոյ-ժողովուրդ որդեգրեցին եւ զարգացուցին խոյի կոտոշներու պատկերաբանութիւնը, պարոյրը, իբրեւ ազգային կնիք, իբրեւ ազգային մշակոյթի ինքնագիտակցութեան, եւ ցեղային-ժողովրդային ծագման պատմական հաստատագիր: Միայն ու միայն Հայաստանի Վասպուրականի լեռներու ժայռապատկերներուն վրայ կարելի է յայտնաբերել նախապատմութեան այս հնաբանական փաստը (օրինակ, Ուղտասարի էծագիրները), ուր կարելի է տեսնել թէ ինչպէս կոտոշները կը վերածուին պարոյրի մետաֆորիկային, ուրիշ խօսքով, միայն Հայաստանի ժայռապատկերները իբրեւ հնագոյն նախապատմական արձանագրութիւններ պահպանած են եւ հնաբանականօրէն կը փաստարկեն կոտոշի էվոլուցիան (եղափոխութիւնը) դէպի պարոյրը իբրեւ գեղարուեստական –մշակութային ազգային ինքնագիտակցութեան խորհրդանշան-նշանագիր ( տես այս յօդուածին ընկերացող պատկերները):

 

Խոյ-մարդերը, խայ-ժողովուրդը, պարոյրով կնքեցին ամէն արտադրանք ուր որ հասան եւ մնացին, իբրեւ յուշ եւ փառաւորումն ազգային ինքնագիտակցութեան: Նախապատմական այս իրողութենէն կարելի է նոյնիսկ զարգացնել հնագիտական (արխիոլոգիական) նոր հասկացողութիւն. Այսպէս, աշխարհի որեւէ մէկ անկիւնը, եթէ գտնուի անծանօթ նոր մշակոյթ մը հնաբանականօրէն, եթէ այդ մշակոյթի արտադրանքները (ARTEFACTS) կը կրեն պարոյրի կնիքը, ապա ուրեմն անկասկած է որ այդ «անծանօթ» առեղծուածային մշակոյթը կը պատկանի խոյ-մարդկանց, խայի-ժողովուրդ է, եւ նոյնիսկ գերագոյն ճշգրտութեամբ իսկ կարելի է տեղադրել իրենց հայրենական ծննդավայրը Արարատի շուրջ,  Վանայ լճի շրջանը… իսկ ինչ որ անհաւատալի թուի, բայց հնէաբանական-գիտական փաստ է, որ խոյի-մարդկանց պարոյր-կնիքը յայտնաբերուած է աշխարհով մէկ, ամէնուրեք հնագոյն բնակավայրերու պեղումներէն, յետագային նոյնիսկ վերածուելու համար պուտտայական «անսահմանութիւնը» խորհրդանշող նշանագրութեան…

 

Խայ-ժողովուրդի ազգային խոյ-կնիքի ամէնէն կատարեալ եւ գեղեցիկ արտայայտութիւնը երեւցաւ ճարտարապետութեան մէջ: Աւելին, ճարտարապետութեան ծնունդն իսկ պայմանաւորուած է անով: Ըստ իս, սիւնի մտայղացումը սկիզբն է ճարտարապետութեան, կամ շինարարական արուեստի կարելիութեան իսկ. այն կը ծնի ֆալոսային պաշտամունքի նշանագրութենէն, որը խորապէս ընդելուզուած է եւ նոյնիսկ էութիւնն է խայի-քաղաքակրթութեան (Հայաստանը իբրեւ ֆալոսային պաշտամունքի ծննդարան նիւթն է գրքային ծաւալով ուրիշ մէկ ուսումնասիրութեանս  եւ ուրեմն այս յօդուածի սահմաններէն դուրս): Սիւնը ֆալոսն է, որ կարելի  կը դարձնէ ճարտարապետական արհեստի թէ արուեստի ծնունդը: Ինչ որ այստեղ պիտի նշմարենք, «իոնիական» կոչեցեալ սիւնի տիպական նշանագրումն է: Կան իտալացի նշանաւոր մասնագէտներ, որոնք կը «փաստեն» թէ սիւնի պատկերաբանութեան պարոյրները կը խորհրդանշեն պապիրոսային – գիրք, մագաղաթեայ-փաթթուք… ի~նչ ահաւոր մասնագիտական տգիտութիւն: Նոյնիսկ իմ սխեմային պատկերս  կը փաստէ որ պարոյրները խոյի կոտոշներուն նշանագրութիւնն է, եւ սիւնը ինք խոյի երկարաւուն դունչը: Ուրիշ խոսքով, իոնիական կոչուած սիւնը, ամբողջական պատկեր մըն է, նույնիսկ ամէնէն յոռի նկարազարդութեամբ (ինչպէս իմս այստեղ) չի կորսնցներ իր հանճարեղ ռէալիզմը, «անկարելի» է խաթարել իր ռէալիստական նմանողութիւնը, այդքան հանճարեղ է անոր կառուցողական – ճարտարապետական հասկացողութիւնը (կոնցեպցիան), եւ կը ներկայացնէ խոյ-ոչխարին թէ այծին դէմքը, կարծես մեծ նկարիչ մը գծէր խոյի մը դիմանկարը… բայց իոնիական սիւնին խորհրդանշագրութիւնը, ըստ իս, նոյնիսկ աւելի բարդ է քան այս դիմանկարային խոյ-ական ցուցադրումը, իր երկրորդ պաշտամունքային–կրօնական պատկերացումը կը ներկայացնէ խոյի ֆալոսը, կանգուն առնանդամը ( մասնագէտներ ցայժմ չեն ըմբռներ որ ֆալոս չի նշանակեր պարզապէս առնանդամ, այլ իր սերմը թափելու պատրաստ կանգուն-առնանդամ. Սովորական «քնած» առնանդամը տեղ չունի պաշտամունքային հասկացողութիւններու մէջ, որոնց նպատակը բնութեան կենսոյժի, սերնդագործութեան հրաշքի տօնակատարութիւնն ու փառաւորումն է): Իոնիական սիւնը ուրեմն բացառիկ հանճարեղութեամբ կը ներկայացնէ (1)  խոյին դիմանկարային երկար դունչով դէմքը եւ (2) այդ դունչը միաժամանակ կը վերածուի խոյի ֆալոսի նշանագրութեան – պատկերաբանութեան: Այս փաստէն մեկնելով պէտք է վերանայիլ, ըստ իս, ճարտարապետական պատմութեան մէջ հաստատուած սխալ միտքը, որ իոնական սիւնը նորագոյնն է քորինթիական եւ տորիական տեսակներէն վերջ: Ըստ իս` ոչ, իոնիականը առաջինն է եւ հնագոյն հասկացողութիւնը, ծնունդն իսկ, սիւն-ին, որուն կը յաջորդեն քորինթիական եւ տորիական տարատեսակները: Քորինթիական ժողովուրդն ու մշակոյթը արդէն խոյով (քոր – խոյ, ք-խ, ր-յ լծորդութեամբ) արմատաւորուած խայ-ժողովուրդ են:

 

Հայերեն լեզուն աշխարհի մէջ միակն է որ պահպանած է մակերեսայնօրէն դիտարկուած առեղծուածային կապակցութիւնը սիւնին եւ… խոյ-կենդանիին, արտաքնապէս իրար հետ բացարձակապէս անկապ հասկացողութիւններ, կը նմանի աւազը (օրինակ) «խառնել» ծաղիկի հետ… բայց հայերէն խոյակ բառը բացառիկ, հանճարեղ հնագիտական գիւտ է, նախապատմական նախապատմութեան փաստագրութիւն, որ կը հաստատէ, կը փաստէ աներկբայօրէն եւ գիտական գերագոյն ճշգրտութեամբ, որ ճարտարապետական շինարարութիւնը կարելի դարձնող տեխնոլոգիական մեծ գիւտը, սիւնը, հնարքն է, ստեղծագործութիւնն է խոյ-ի ժողովուրդին, եւ ի փառս եւ ի պատիւ այդ գիւտին բոլոր սիւներու խոյակները ընդհանրապէս կը կոչուին խոյի անուամբ, եւ թէ պարոյրով-յատկանշուած իոնիական կոչեցեալ սիւնը առաջինն է իր տեսակին, եւ ըստ խոյակ-բառին, պարոյրները բարդ խորհրդանշանագրութեամբ, հանճարեղ պլաստիքայով կրնան միանգամայն պատկերել եւ կոտոշները, եւ աչքերը, ակ-ունքը (խոյ-ակ) խոյին:

 

Բայց աչք-ակ-ը հայերէնի մէջ նոյն ատեն կը նշանագրէ կենսաղբիւր, որը կը հատկանշէ ֆալոսային իմաստային ընդերքը պատկերին, որ այսպէս դարձեալ միանգամայն, հանճարեղ բազմիմաստութեամբ մը նոյն պատկերը կը վերածէ առնանդամային ամորձիքներուն: Այսպես, ամփոփենք, իոնիական կոչեցեալ սիւնը (1) ճարտարապետական շինարարութիւնը կարելի դարձնող հնագոյն եւ առաջին հասկացողութիւնն է ( առանց սիւնի կարելի չէ տաճար թէ բազմայարկ տուն կառուցել) (2) խոյի –մարդկանց, խայ ժողովուրդի գիւտն է, փաստագրուած ազգային նախապատմական կնիքը եղող պարոյրներով, (3) տուեալը ամբողջական պատկեր մըն է, ուր պարույրները ընդելուզուած սիւնին, խոյակը սիւնին հետ միատեղ եւ միակտուր, միանգամայն հանճարեղ բազմիմաստութեամբ մը (որ շնչասպառ կը ձգէ մասնագէտ-գեղագէտ արուեստաբանը) կը ներկայացնէ (ա) խոյին դիմանկարը, պարոյրները` կոտոշներ, սիւնը` երկարաւուն դունչ, (բ) խոյին աչքերը իբրեւ պարոյր, ակունքը, որ նաեւ իրբրեւ «ակնաղբիւր» կը տօնէ խոյին կենսոյժը, բնութեան արգասաբերութիւնը, խոյին դունչը-սիւնը իբրեւ ֆալոս, եւ ի վերջոյ (գ) ամբողջը զուտ ֆալոսային պաշտամունքի նշանագրութիւն, խոյակները` ամորձիքներ եւ սիւնը` ֆալոս, ի փառս բնութեան հրաշալի սերնդագործութեան:

 

Թէ իոնիացիները հայ-ի ժողովուրդ էին, կ’անդրադառնանք կրկին: Առայժմ նշմարենք որ այսպէս կոչուած յունական Իոնիան( որ նախա-Յունաստանն է), մաս կը կազմէ պատմական Հայաստանի, անոր արեւմտեան ծայրամասն է:

 

Միշտ ծիծաղելի գտած եմ երբ հայագէտներ կը խօսին Կիլիկիան Հայաստանի մասին իբրեւ միջնադարու պատահար: «Կիլիկիա» անունը դարձեալ  խայ-ի խի- վարիանտին սրբազնագոյն վայր իբրեւ կրկնաւորումն է (Կիլ-ի-կիա, կ-խ, լ-յ, ի-ա ձայնաւոր լծորդութեամբ) Կիլիկիան, նախապատմութենեն ի վեր, յաւիտեան եղած է խայ-ժողովուրդի ծննդավայր, եւ իբրեւ այդպիսին յատկանշուած  «սրբազան-վայր» այնպէս ինչպէս Աւստրալիական բնիկներու հնագոյն վայրերը, բնօրրանները, եւ այնպէս ինչպէս կրկնաւորուած անունով Կովկասը: Հայկական թագաւորութեան  երեւոյթը ի Կիլիկիա, մեր կարճատես հայագէտները կը կարծեն յանկարծակի երեւան եկած պատմական երեւոյթ է… պատմութեան էվոլուցիայի ընթացքին, երեւոյթները հետզհետէ փոքր-առ-փոքր կը կուտակուին եւ յանկարծ միայն կը պայթին. Յեղափոխական փոփոխութիւնը պարզապէս մէկ արտայայտութիւնն է եղափոխական «անսահման» ժամանակի ընթացքին կուտակուած մանր փոփոխութիւններուն: Պր. Կորպաչովի յանկարծական երեւոյթը պայթումն է սթալինեան շրջանէն սկսած կուտակումներուն, խրուշչեւեան փոփոխութիւններէն դէպի Անտրոփովեան կուտակումներ, եւ այս օրերուս պայթում… Կարդալ Զօրի Բալայեանի գործերը իբրեւ փաստագրութիւն այդ կուտակումներուն: Բալայեանի պէս խիզախ եղափոխականներն են որ յառաջացուցին եւ կազմաւորեցին Կորպաչեւի յեղափոխութիւնը: Տասնամեակ մը առաջ, Հայաստան առաջին այցելութեանս, նախազգուշացուցի  տիկին Ինգա Նազարեանին Սփիւռքահայութեան հետ կապի կոմիտէի իր գրասենեակին մէջ, որ եթէ չանդրադառնան պատմականօրէն կուտակուած յոռեգոյն երեւոյթներուն, օր մը Սովետական Միութիւնը ներսէն պիտի պայթի, առանց անկլօ-ամերիկեան գործակալներու օգնութեան…

 

Յոյներու ծագումը Հայաստանեան բարձրավանդակէն

Անկասկած է որ Յունաստանի յոյները, զանազան ժամանակահատուածներու եւ խմբային անուանումներով, հոն հասան Հայաստանի սիրտէն (Վանի շրջանէն, ճշգրիտ գիտականութեամբ) իոնիական ուղիով, եւ միշտ իբրեւ ծննդական յուշ-վկայագիր պահպանելով խոյ-խայ արմատը իրենց հնագոյն եւ սրբազնագոյն անուանակոչումներով, տեղանունի թէ ցեղանունի: Օրինակ, Յունաստան հասած ( եւ գրաւած) Ա-խայ-եցիները նոյն էթնոս էին ինչպէս Պարսկաստան  հասած եւ գրաւած Ա-խայ-մենցիները), եւ երկուքն ալ նոյնն էին իբրեւ խայ-ի ժողովուրդ Հայաստանէն արտագաղթած (ցայժմ չգիտակցուած պատմաբաններու կողմէ):

 

Ժողովրդական կատակաբանութեամբ, Յոյնը ընդհանրապէս կը ներկայացուի, մանաւանդ երբ ոչ-յունարէն խօսի, իր գործածած լեզուն խ-ով լեցնող հնչումներով նմանութեամբ յունարէնի: Աշխարհի մէջ զուտ-կատակներ չկան. Ամէն կատակ կը պարունակէ խորը ընթեղուած իրականութեան հատիկ: Անկասկած է որ յունարէն լեզուն կարելի է յատկանշել իբրեւ խ-ի լեզու, խ-ֆոնեմով ողողուած (ինչպէս հայերէնը կարելի է յատկանշել իբրեւ Ա-ի ձայնական-ֆոնեմով ողողուած լեզու. բայց այս մասին աւելի մանրամասն յետոյ): Իր կագին, հայկական Վանի բարբառը նմանապէս ողողուած է խ-ով, այնքան մը որ հայկական աշխարհաբար-ականջին հայերէն Վանի բարբառը կը հնչէ… յունարէն: Կարելի է նոր լեզուաբանական միտք առաջարկել, հին դասական  յունարէնը բարբառ մըն է Վանի հայերէն բարբառին, ինչպէս վրացերէնը բարբառ է ուրարտական հայերէնի, գրաբարը բնիկ Վասպուրականի բարբառ է եւայլն:

 

Յունաստանի յոյները ընդհանրապէս, աւելի դիպուկ, ուղղակիօրէն, անմիջականօրէն եւ յաւիտենականօրէն պահպանած են ցեղային յուշը իրենց հայկական ծագումին իբրեւ խայ-ժողովուրդ Վանի շրջանէն արտագաղթած, – յունարէն այբուբենի Х (χ) գիրը որ կը հնչուի… խայ, ըստ իս անուանումն է յոյն զանազան խմբաւորումներու հայաստանեան ծագման, յաւերժացուած իրենց գիրի սիսթեմին մէջ իսկ:

 

Յիշենք որ ըստ դիցաբանական տուեալներու, Փիւնիկեցի կոչուած Քատմոս-ն էր որ ներմուծեց Յունաստան գիր-գրելու (այբբենական) սիսթեմը, զաւակը թագաւոր Ակենորի, եղբայրը Քիլիքսի եւ Ֆինիքսի: Նշմարենք որ հայր Ակենորը (Ախի-նոր) խայի թագաւոր է, Քիլիքս եղբայրը Կիլիկիայի նախահայր, եւ Քատմոսի անունն իսկ արմատաւորուած է իբրեւ խայ-մարդ (քա-տմոս): Իսկ արդէն ըստ Խորենացիի,  այս Քատմոսը պատմական անձնաւորութիւն է, Հայկի թոռնորդի որ իբր ժառանգ իր մեծ հօրմէն ստացաւ Վանի շրջանը, որ յետագային լքեց փնտռելու համար իր քոյր Եւրոպան, որ այսպէս կը վերածուի Հայաստանէն արտագաղթած գիտական  ժողովուրդներու-ցեղերու բնակավայրի (յիշել Հերոդոտոսի կելտերու մասին հաստատումը, իբրեւ Հայաստանէն արտագաղթած խմբաւորումներ): Ըստ վերեւի տուեալներուն, կարելի է գիտական ճշգրտութեամբ որոշել Քատմոսի եւ իր խայ –մարդկանց-ցեղերու արտագաղթի ճամբան նախապատմական դարերուն: Վանի շրջանէն      դէպի Կիլիկիա, ուրկէ դէպի Փիւնիկեայ, ուրկէ դէպի Կրետայ-կղզի, ուրկէ դէպի Սպարտայ, եւ Թեպէ, եւ արդէն Եւրոպայ ( դիցաբանականօրէն Քատմոսը նկատուած էր նաեւ Թեպեցիներու, Սպարտացիներու եւ Կրետացիներու նախահայր): Եւ այս բոլոր գաղթարարութեան ընդհանուր յունական արխոլոգիական կնիքը ,  Յունարէնի էական ձայնանիշը Х խայ անունով կնքուած է ի փառս ցեղային ծննդեան ի աշխարհս խայ-աստանի: Եթէ ընդունինք Քատմոսը իբրեւ Հայկի թոռ եւ յունարէն այբուբէնի հնարիչ, ան կը դառնայ հայ ժողովուրդի առաջին… Մեսրոպ Մաշտոցը… Յունարէնի Х խայը, նշմարենք, ոչ միայն կը նշանագրէ յունարէն լեզուի ոգին եղող եւ հայերէն Վանի բարբառի հոգին կազմող հիմնական ձայնանիշը, այլ նաեւ պատկերաբանօրէն ինչպէս որ ալ փոխուի ըստ անհատական ձեռագրի, յունարէն խայ գիրը կը մնայ պատկերը խոյի կոտոշներու:

 

Բոլոր Այբբենգիմներու Խոյ-կոտոշային Ծագումը

Մեր երկրորդ Մաշտոցի ստեղծած այբբենգիմին նման, Քատմոսի ստեղծած յունարէն այբբենգիմը ներշնչուած է Հայաստանի ժայռապատկերներէն, արտադրանքն է խոյի-մարդկանց մշակոյթին, եւ ինչպէս պարոյրը, կը փառաւորէ ինքզինք խոյ-ով խորհրդանշող ժողովուրդի տոտեմը, խոյն-իր-կոտոշներով:

 

Հայերէնի պարոյրը իբրեւ հարցման նշան ± պատահական «անիմաստ» ձեւ չէ, այլ խոյ-ժողովուրդի նախապատմական աշխարհի կլոպալ (երկրագնդային-«միջազգային») կնիքը, նոյնարժէք որքան պուտտայական անսահմանութեան խորհրդանիշը:

 

Երեւակայութեան կարիք չկայ ըմբոշխնելու համար այն պատմական փաստը, որ եթէ, ինչպէս ընդունուած է կարծել, յոյները աշխարհի կտակեցին այբբենային գրելաձեւի սիսթեմը, ապա անոնք աշխարհի յետագայ «նոր» մշակոյթներուն փոխանցեցին խայ-ժողովուրդի խոյ-կոտոշ-եղջիւրներուն փառաւորումը իբրեւ յաւիտենական յուշ մարդկային ծնունդին ի աշխարհս Հայաստան: Խայ խատմոսը յոյներուն տուաւ եղջիւրաւոր այբբենգիմ, յոյները փոխանցեցին աշխարհին եղջիւր-կնիքները խայ-խոյ ժողովուրդին, որ զայն ստեղծած էր առաջին հերթին: Այսպէս, նշմարենք որ աշխարհի բոլոր ալֆապէթները խոյի եղջիւրներու վարիանտներ են, պատկերներ, տարատեսակներ:

 

Մարդ Արարածի Հայաստանի լեռնաշխարհին մէջ յառաջացման Քուանթումային տեսութիւն

( A Quantum Theory of Human Descent in the Armenian Highlands)

Մինչ այս, վերեւ արտայայտած մեր գիւտերը կարելի է համադրել իբրեւ Մարդ արարածի գոյառութեան,  կենդանիէն դէպի մարդկայնութիւն անցումի աթոմական թէորիան, «հայ» բառի «խոյ» իմաստի արմատաւորմամբ բեղուն: Յաջորդ փուլը պիտի ըլլայ միջուկի պայթեցումը, հասնելու համար խնդրին միջուկային-նիւթական ճանաչողութեան, խմբագրելու եւ սահմանելու համար մարդկային գոյառման միջուկային թէորիայի մը, որ կարելի ըլլայ գիտականօրէն փորձարկել: Ըստ վերջնագոյն արեւմտեան գիտական մտածողութեան, ներշնչուած գիտական լոկիքայի (տրամաբանութեան) եւ փիլիսոփայութեան ռահվիրաներէն Քարլ Փոփփըրի, այն թէորիան գիտական պէտք է սեպել, որ կ’առաջարկէ լուծումներ, որոնք կարելի կ’ըլլայ նիւթականօրէն փորձարկել, եւ մանաւանդ նախագուշակել ապագայ խնդիրներու լուծումներ: Այսպես փերեսթրոյքայի հասկացութիւնը, օրինակ, գիտական կարելի է սեպել միայն այն ատեն, երբ անով խոստացուած նիւթական արտադրանքները, բարձր որակով, երեւնան խանութներու մէջ: Քարլ Փոփփերը դէմ չէ կրօնական, «գեղարուեստական» թէորիաներու (ինչպէս երբեմն սխալ կը հասկցուի), այլ պարզապէս զանոնք գիտական չի նկատեր: Կարելի է փերեսթրոյքան նկատել իբրեւ հաճելի, երազական, գեղագիտական հասկացութիւն, բայց երբէք գիտական եթէ նիւթականօրէն չփորձարկուի, եթէ չդիմանայ նիւթական փորձարկութեան շօշափելի արդիւնքներուն: Ուրիշ խօսքով, ան որ «գիտականութիւն» կը պահանջէ, ստիպուած է դիմանալ գիտական  նիւթական փորձարկութեան արդիւնքներուն: Այնշթայնի թէորիաները երկար ատեն մնացին ոչ-գիտական, երազային-կրօնական, մինչեւ այն ատեն որ աթոմական ռումբը եկաւ փաստելու իր նշանաւոր ֆորմուլան` E=MC2, իսկ միջոցային ճամբորդութիւնը եկաւ հաստատելու Այնշթայնի Յարաբերականութեան թէորիաները, երբ Այնշթայն ինք անձնապէս իսկ չէր կրցած փորձարկել իր գիտականութիւնը…

 

Մարդկային գոյառութեան մեր միջուկային-քուանթումային թէորիան սահմանելէ առաջ, անդրադառնանք կարգ մը Տարվինեան հարցերու: Ժամանակը հասած է Տարվինի միտքերը վերանայելու: Ամերիկայի մէջ, վերջին տասնամեակին ծնունդ առած Sociobiology-գիտութիւնը ստանձնած է այդ դերը, թէեւ Տարվինի կարգ մը ծիծաղելի, կրոթեսք միտքերը տակաւին չեն փճացուած:

 

Տարվինին «յարմարագոյնին վերապրումը» (Survival of the Fittest), ըստ իս, ցեղապաշտական տիրապետական իմպերիալիստական ահաւոր ֆաշիստական դրոյթ է: Ինչպէս Տարվին ինք ալ կը խոստովանի, իրեն թելադրուած է քրիստոնեայ վարդապետ Մալթուսի աշխատանքէն, անձ մը որ անարժան է իր քրիստոնէական կոչումին, անգութ միասեռական մը, որուն համար կեանքը պատերազմադաշտ է, աշխարհը ճունկլ է, եւ ամէնուն կռիւը ամէնուն դէմ: Մալթուսը այս ահաւոր ստորին միտքը կտակեց Անգլիոյ մշակոյթին, արդարացնելով եւ զարգացնելով Անգլիական կայսրութեան գոյութիւնը… եւ տակաւին Անգլիական տիրող դասակարգի իտիոլոգիան ամէն օր կը գործադրէ մալթուսեան այդ դրոյթը, ամէն ինչ ամէն օր Անգլիոյ առօրեային մէջ մամուլը կը մեկնաբանէ իբրեւ կռիւ, պայքար, վէճ եւայլն:

 

Տարվինեան թէորիայի մարդ եւ կապիկի յարաբերակցութեան հարցը պէտք է հիմնովին վերակառուցել: Մարդու եւ կապիկի նմանութիւնը չէ դրուած գիտական հիմերու վրայ, եւ անկեղծօրէն ասած ռացիստական վիրաւորանք է ընդդէմ Ափրիկեան ժողովուրդներուն, որովհետեւ ըստ այդ ժամանակաշրջանի անամօթ հայեցողութեան, Ափրիկեցին նկատուած էր կապիկի մէկ տեսակ… Տարվինի վրայ, (տակաւին տարվինագիտութեան մէջ աննշմար մնացած) ազդեցութիւնը կու գար իր ազգական Սկովտիացի դատախազ էքցենթրիք Լորտ Մոնպոտտոյ կոչեցեալէն: Այս «գիտնական»ը համոզուած էր որ կապիկները… իսկութեան մէջ մարդատեսակներ էին, որոնք տակաւին չէին հասած քրիստոնեայ արեւմտեան քաղաքակիրթ մարդու մակարդակին… ինչ որ հետաքրքրական է գիտնալ այն է, որ Լորտ Մոնպոտտոն իր մօտ կը պահէր նաեւ խափշիկ-Ափրիկեցի սպասաւոր-գերի մը, եւ թերեւս զայն կը նկատէր կապիկի տեսակ մը…

 

Թէ մարդ արարածը հասարակաց յատկանիշներ ունի կենդանիներու հետ ընդհանրապէս (եւ ոչ թէ միայն կապիկներու…) հասկցուած էր վաղուց նախամարդուն կողմէ, որը կը բացատրէ տոտեմիզմի երեւոյթը պատմականօրէն, ցեղ-ժողովուրդի մը կենդանական տոտեմը նմանակն էր այդ մարդկանց նախահօր: Նշմարել որ մարդիկ կը նմանին (եւ շա~տ) աղուէսներու, կովերու, առիւծներու, օձերու… իսկ խոյի դէմքը կենդանիներու ամէնագեղեցիկներէն մէկն է, ազնուական, նուրբ, սլացիկ, հպարտ, ուժեղ, կարելի է միայն հպարտանալ անոր հետ ինքզինք նոյնացնելով: Ուրեմն, էվոլուցիոն թէորիային հաւատալ չի նշանակեր անպայմանօրէն համաձայնիլ կապիկ-մարդու ազգակցութեան, եւ խոյի-մարդկանց ինքնանոյնացումը խոյ-կենդանիի հետ, Տարվինէն հազարամեակներ առաջ գիտական էվոլուցիայի դաս է մարդկութեան համար: Ես անձնապէս հպարտ եմ իմ եւ իմ ժողովուրդիս խոյի հետ նմանակութեամբ: Եթովպիացիները եւ Սոմալիացիները թէեւ սեւամորթ, բայց նման են Եւրոպացիներուն … Եւրոպացի իմփերիալիստներուն մօտ կհանդիպիս աւելի շատ խոզերու, աղուէսներու, գայլերու եւ … կապիկներու քան Ափրիկէի մէջ …

 

Երկրորդ, հայ ժողովուրդի խոյ-ի մշակոյթի ստեղծագործութիւնը փաստ է, որ առաջին ընտելացուած կենդանին այծոչխարխոյն է եւ ոչ թէ, օրինակ, շուն-գայլը, ինչպէս կը կարծուի:

 

Երրորդ, որ նստակեաց-էկոնոմիկան-մշակոյթը կը յատկանշուի կենդանական ընտելացումով եւ ոչ անպայմանօրէն ցանքաբուծութեամբ, հացահատիկային տնտեսութեամբ ինչպէս կը կարծուի: Այծը աշխարհի միակ կենդանին է, նշանաւոր իր ամէն ինչ ուտելով, հետեւաբար, այծի պահպանութիւնը պայմանաւորուած չէր բուսամշակութեամբ:

Տարվինիզմի մեծագոյն սխալը հաւատքն է որ մարդ-կենդանին կը մարդեղինանայ տափաստաններու վրայ… իբր թէ կապկանման մարդը «ծառերէն իջած», տափաստանի վրայ անապահով կը զգայ, եւ կը սորվի իր ձեռքի գործածութիւնը իբրեւ գործիք, որը եւ կը զարգացնէ անոր ուղեղը… ծիծաղելի հեքիաթային գիտութիւն արդարեւ: Վերջերս իբր նորագիւտ փաստ տարվինեան էվոլուցիայի, յաճախ կը նկարահանուի մարդամօտ կապիկը, որ երբ զգայ յարձակման ենթակայ, անծանօթ առարկայի մը կողմէ, կը վերցնէ ճիւղ մը եւ վրան կնետէ… կ’եզրակացուի ասկէ որ միայն կապիկը ունի մտաւորական կարողութիւնը «գործիք աշինութեան»: Իսկ իմ կատուս, ամէն անգամ որ նշմարէ տեղէ մը կաթկթող  ջուր,  թաթիկը կը դնէ կաթիլներուն տակ (եւ այն ալ կատուները նշանաւոր են ջուրի հանդէպ խորշանքէն…) եւ յետոյ կը լիզէ թաթիկը, այդպէսով ջուր խմելով, ճիշդ այնպէս ինչպէս ես ջուր պիտի խմէի առանց գաւաթի, աղբիւրէ մը…

 

Ըստ ուրեմն վերեւ բացատրուած միտքերուն, մարդ արարածը կը մարդեղինանայ Հայաստանի լեռնաշխարհին մէջ, ուրկէ ալ « վար կ’իջնէ» իբրեւ մշակութաստեղծ էակ, ամբողջականօրէն կազմաւորուած իբրեւ ստեղծագործ միտք եւ հոգի… մեր յառաջիկայ էջերու մարդկային գոյառման միջուկային թէորիան այդ կը փաստէ:

 

art 4

ՄԱՐԴ ԱՐԱՐԱԾԻ ԳՈՅԱՌՄԱՆ ՄԻՋՈՒԿԱՅԻՆ-քուանթումային ՏԵՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՍ

Վերադառնանք մեր առաջնային նախադասութեան եւ հարցին:- Երբ ոմն ըսէ, «ես հայ եմ», այդ ի՞նչ կը նշանակէ: Առաջին իմաստը ուրեմն գտանք, որ կը հաստատէ թէ «ես խոյ եմ, խոյ-մարդ եմ, խոյի-ժողովուրդին կը պատկանիմ»:

Բայց ինչպէս մասնիկներու ֆիզիկայի (particle physics) մէջ, առնենք «հայ» բառ մասնիկը եւ զայն «ռմբակոծենք» մեր վերեւ սահմանած տեղեկատուութեանց հոսանքով, ինչպէս կամմայ ճառագայթաւորում… եւ միջուկը պայթեցնելով յայտնաբերենք նիւթին էութիւնը:

«Հայ» բառը իբրեւ հնչութային մասնիկային կառոյց աւելի հին է քան իր նախապատմական մշակութային նշանագրութիւնը իբրեւ խոյքաղաքակրթութեան ստեղծագործութիւն: Խօսինք իբրեւ թատերական պրակտիկայի մասնագէտ, խօսքային արհեստի թէրափիսթ, վերլուծենք հայ բառը զայն բզքտելով կամ միջուկը պայթեցնելով եւ տեսնենք թէ ինչ կը ստացուի: Այսպէս.-

«Հ» պարզապէս շնչողական մեխանիզմի արտաբերումն է, որ կարելի կը դարձնէ «Ա»ի հնչոյթը: Ուրիշ խօսքով, «Հ» ձայն  չէ ինչպէս «Ա» (քերականօրէն ձայնաւոր, այդ պատճառին համար: Բաղաձայնները շնչառային արգելքներէն ստեղծուած անձայն վիպրացիաներ են): «Հ» շնչառական  հարց է եւ ոչ ձայնային, այստեղ կը ծառայէ «Ա»ի իւրայատուկ արտաբերման: «Յ» կիսաձայն է ,  բայց իսկութեան մէջ ուրիշ  բան չէ մասնիկային այս («հայ») կառոյցին մէջ եթէ ոչ «Ա» ձայնաւորին շարունակութիւնը, շեշտագին արտաբերումը: Ուրիշ խօսքով, եթէ ուրիշ կերպով շեշտագին «Ա» ձայնը ուզէք արտաբերել, բնականօրէն այդ ձայնաւորը կ’երկարաձգուի դէպի «յ»: Փորձեցէք եւ կը զգաք անձնապէս այդ ընթացքը: «Հայ» բառի միջուկը այսպէս ուրեմն կազմուած է «Ա» ձայնաւոր ֆոնիմէն (phoneme) եւ անոր շուրջ դարձող էլեքթրոնը մէկ է. «յ» եւ «հ» կը դիւրացնէ անոր արտաբերումը: «Հայ» բառը կարծէք կը պատկերէ ջրածինի (Hydrogen)  ամէնէն տարրական աթոմը, միակ էլեքթրոնով մը … «Հայ» բառը ուրեմն էներգետիկ մեծ պարունակութեամբ արտաբերուած միակ ձայնաւորի մը` «Ա»ի շեշտագին եւ կրքոտ արտասանութիւնն է: Երբ ուրեմն մի ոմն ըսէ, «ես հայ եմ», այդ կը նշանակէ «ես Այ-ի մարդ եմ, ես Այ –ի ժողովուրդին կը պատկանիմ»:

Բայց ի՞նչ է այս շեշտագին հաստատումին արժէքը: Այնտեղ անթեղուած է, ըստ իս, ահագնային նախապատմական ոյժեր, առեղծուածներու լուծումները, որոնց բոլորին գիւտը առանձինն ես կը ձախողիմ յայտնաբերել, եւ կը յուսամ որ ուրիշներ պիտի յաջորդեն այդ գանձերը երեւան բերելու… ինչպէս ես այս գիւտերս ուզեցի բերել երեւան, ընծայ իմ «ածու փոքր» բայց մեծ ժողովուրդիս (ներողամիտ ընթերցող, չկրցայ դիմադրել այդ բառախաղին, գրեթէ Շէյքսփիրեան չարաճճիութեան, «երեւանի» իմաստին վրայ…): Վերլուծենք մեր միջուկային փորձառական պայթումին գիտական արդիւնքները: Այսպէս.-

 

«Ա» ձայնաւորը ես կը կոչեմ «միջուկային ձայնանիշ» (nuclear phoneme):  Աշխարհի բոլոր լեզուներուն հիմը քանի մը ձայնաւորներն են (ա-ի-ու-է-օ), ինչպէս բոլոր մարդկային երաժշտութիւնը բաղկացած է միայն եօթ նօթաներէն… բայց լեզուի պարագային , ոչ մէկ մասնագէտ տակաւին ըմբռնած է, որ մարդկային լեզուի հիմնական քանի մը ձայնաւորները, բոլորն ալ ուրիշ բան չեն եթէ ոչ միակ ձայնաւորի  մը` աին տարատեսակները. Բոլոր ձայնաւորները լծորդ են աին հետ, այդ  պատճառին համար ալ ա-ը կնքեցի իբրեւ միջուկային ձայնանիշ, որովհետեւ բոլոր լեզուներուն անխտիր, մարդկային լեզուի մասնիկային միջուկն է, առաջնահերթ եւ էական ձայնանիշը, առանց որի գիւտին եւ գիտակցութեան մարդկային լեզուի ստեղծումը, խօսելու կարողութիւնը պարզապէս անկարելի է, բացարձակապէս անհնար: Մարդ արարածին աձայնանիշի գիւտն է որ հիմը կը դնէ լեզուին, եւ խօսելու կարելիութեան: Առաջին մարդուն ա-ի գիւտը կը յատկանշէ մարդկային ինքնագիտակցութեան եւ ուղեղային զարգացման սկիզբը (եւ ոչ թէ ձեռքի գիտակից գործածութիւնը իբրեւ գործիք, ինչպէս ընդունուած է կարծել): Պատահական չէ  ուրեմն որ բոլոր Ալֆապեթներուն, հնդեւրոպական թէ սեմական, առաջին գիրն ու ձայնանիշը ա-ն է (ինչպէս խոյ-ը Zodiac-զոտիաքի պարագային):

 

Ալֆապէթի կոնցեպցիան իսկ (հասկացողութիւնը փիլիսոփայականօրէն) կը փաստարկէ պատմականօրէն լեզուաբանական այս անուրանալի փաստը: Բաբելոնի աշտարակի պատմութեան հիմքը այս է, մարդկային բոլոր լեզուներու միջուկային նիւթը ա-ն է: Մարդ կենդանին երբ կը հասնի աի ինքնագիտակցութեան, այդ մոմենտն է երբ ան կը վերածուի մարդկային էակի: Այդ րոպէն այնպիսի «աստուածային» ահագնային մոմենտ է, որ առաջին մարդը իր գեր-ուրախութեան մէջ զայն պիտի շեշտէ, պոռչտայ, ինքզինք կոչէ այդ գիւտով, եւ երկար ատեն, հաւանաբար դարեր ամբողջ այդ միակ ձայնանիշով կոչէ ամէն ինչ իր անմիջական կենսափորձի ծիրին մէջ: Առաջին մարդուն այդ առաջին մոմենտը ինքնագիտակցութեան գիւտին աձայնանիշով պահպանուած է «հայ» բառին մէջ, աւելին, պահպանուած է նաեւ առաջին մարդուն աստուածային երջանկութեան մինչեւ այժմ լսուող հոգեկան պայթիւնին արձագանգը, ինչպէս աստղագէտները կը հաւատան թէ տիեզերքը արդիւնքն է միլիոնաւոր տարիներ առաջ պատահած մեծ պայթումին (Big Bang): Պոռա´յ «ա» Եւ դուն պիտի արտաբերես «այ», առաջին ձայնը որ նորածին եռեխան կ’արտաբերէ արգանդէն ելած, որ կը հաստատէ երեխային կեանքը, շնչառութիւնը, անձայն (ան-այ…) երեխան կը նշանակէ մեռած ծնած է, բոլոր տղաբերները անհամբեր կը սպասեն այդ ճիչին… խոյերու յատկանշանական ձայնն է (ինչպէս նաեւ կատուներու, յաճախ կատուներու կռիւը կը յիշեցնէ երեխաներու պոռչտուքը ): Այ-ը ուրեմն կեանքի ճիչն է, եւ «հայ» բառը կը պարունակէ երեխայմարդկութեան առաջին պատգամը, «ես ողջ եւ  առողջ եմ, ես կապրիմ. Ես գոյ եմ»: Ե՞րբ պատահեցաւ նախապատմական այդ մոմենտը, մէ՞կ միլիոն տարի առաջ… ապա մէկ միլիոն տարի վերջ տակաւին կարելի է անմիջականօրէն եւ թարմօրէն եւ ջերմութեամբ զգալ առաջին մարդուն ամբողջական, ֆիզիքական եւ հոգեկան խայտանքը «հայ» բառին արտաբերման մէջ իբրեւ շեշտաւորուած Ա:

 

Գիտակցութիւնն ու ինքնագիտակցութիւնը խորապէս ընդելուզուած երեւոյթներ են, եւ յաւիտենապէս զիրար սնանող: Հայ բառը աշխարհի լեզուներուն մէջ միակը կը պահպանէ նախամարդուն միջուկային ձայնանիշի` ա-ի լեզուական գիւտը եւ անոր անմիջապէս յաջորդող գիտակցական եւ ինքնագիտակցական սկզբնաւորումը արտայայտուած այ-շեշտաւորումին, որը կը փաստագրէ հետեւեալը.- Մարդկենդանիի խմբաւորումներուն մէջ, հայը անուանակոչումն է այն խումբին որ առաջինը կը քալէ կանգուն եւ կը ստեղծէ բառ, եւ այդ կը պատահի միլիոն մը տարի առաջ Հայաստանի մէջ, այն բնակավայրը, որին հայ-ը կը կնքէ իր անունով:

 

Ուրիշ բառեր կարենալ հնարելէ առաջ, առաջին մարդը երկարօրէն պիտի մնար իր միակ բառի` այ-ի գործածութեան վրայ, իմաստային փոփոխութիւնները ստեղծելով ձայնային աստիճանի եւ ինտոնացիայի փոփոխութեամբ (չինարէնը պահպանած է այս շատ նախնական լեզուական փաստը, ուր ձայնաստիճանի նուրբ փոփոխութիւնը կրնայ նոյն բառը իմաստաւորել իբրեւ ծախել կամ գնել…): Բնականօրէն, առաջին մարդը իր միակ ձայնային նիւթէն պիտի արտահանէր, մշակէր, քանդակէր այլ բառեր, մանաւանդ որ իր միջուկային նիւթ-ձայնանիշը ինքնին ամէնէն հարուստ հնչիւնն էր, ա-ձայնաւորը:

 

Ընդունուած է մարդ արարածին անմիջական սոցիալական յարաբերութեանց բառերը նկատել լեզուի մը հնագոյնները – ի վերջոյ, երեխան չի ծնիր օդին մէջ, այլ մարդու մը եւ կնոջ մը սոցիալական (եւ անշուշտ սեռային) միացումով: Ուրեմն, մայրը-հայրը, իբրեւ կին-մարդ, նուազագոյն միաւորն է մարդ էակի գոյացութեան, եւ ուրեմն նախնական բառաստեղծութեան: Ըստ իս, աւելի հիմնականը ինքնանուանարկումի բառն է, ուրիշ խօսքով` լեզու մը խօսող ժողովուրդին, մարդկանց անունը լեզուի մը հնագոյն բառն է: Անշուշտ ոչ այն անունը որմով ուրիշներ կը կոչեն ժողովուրդ մը, այլ այն բառը որմով ժողովուրդ մը ինքզինք կը կոչէ:

 

Միայն ու միայն հայերէնի մէջ, ի բացառութիւն աշխարհի բոլոր լեզուներէն, պահպանուած է այն անհաւատալի նախապատմական փաստագրութիւնը, որ առաջին մարդ արարածի ինքնագիտակցութենէն բխած ինքնակոչումի բառը է նաեւ արմատը առաջին մարդու սոցիալական յարաբերութիւնները սահմանող հնագոյն բառերուն, ճիշդ այնպէս ինչպէս արդէն մեր վարկածն ալ կը գուշակէր (ըստ Փոփփերեան մտածողութեան ուրեմն, մեր թէորիայի գիտականութիւնը անխոցելի է): Այսպէս ուրեմն, կեանքի ճիչին (այ) խանդավառ աւելի շեշտաւորումը բնականօրէն կը վերածուի այր-ի, ուրկէ «ր» եւ «լ»-ի լծորդութիւնը – Փորձեցէք խնդրեմ, անձնապէս, եւ պիտի գտնէք որ շեշտաւորուած այ պիտի յառաջացնէ «ր», եւ ուրեմն «այր», որ արդէն կը նշանակէ «մարդ», «հ-այ-ր» կը նշանակէ «սեռայնօրէն արու» (հայր-ը պատմական դարաշրջաններու հասկացողութիւն է: Հնագոյն բառերը սեռային նշանագրեր են եւ ոչ թէ ազգակցական): «Մ-հայ-ր» կը նշանակէ «սեռայնօրէն կին», որոնցմէ անշուշտ «հայր» եւ «մայր» պատմական իմաստներով:

 

Ամփոփենք. Միայն ու միայն հայերէն լեզուի մէջ պահպանուած է առաջին մարդուն ծնունդը, մարդեղացան նախապատմական երեւոյթը, եւ անոր ինքնագիտակցութեան եւ գիտակցութեան գիւտը միջուկային ձայնանիշի գիւտով սկզբնաւորուած, եւ այդ ձայնանիշին փլաստիկան ստեղծելու համար մարդ արարածին հնագոյն, առաջին բառերը: Այսպէս.- Առաջին մարդը որ կը քալէ, կը գիտակցի կամ կը «գտնէ» ա-ձայնանիշը, գերագոյն երջանկութիւնը գիւտին կը յառաջացնէ ա-ի շեշտաւորումը, ինքզինք կը կոչէ (հ)այ, ինչպէս նաեւ իր խումբի նմանները, կը նշմարէ սեռային տարբերութիւնը, կը վերամկրտէ ինքզինք այ-ր առաւել շեշտելով իր այ-ութիւնը, եւ տարբերելով կինը իբր մ-այր: Երկրորդ վարիանտը գրեթէ նոյնն է, ինքզինք կը կոչէ հ-այր, եւ կինը`մ-հայր (նախագուշակելիօրէն, բարբառային տարբերութիւնները կը սկսին առաջին իսկ վայրկեաններէն, պայմանաւորուած ձայնալարերու ֆիզիքական տարբերութիւններով): Ինչ որ անառարկելի կը մնայ, այն լեզուագիտական փաստն է, որ միայն ու միայն հայերէն լեզուի մէջ մարդկային հնագոյն բառերը ոչ թէ միայն վարիանտ չեն, այլ գրեթէ նոյնն են ինչ որ ժողովուրդին բնիկ ինքնաանուանակոչումը, որ իր հերթին ուրիշ բան չէ եթէ ոչ բոլոր լեզուներու միջուկային նիւթ ծառայող ձայնանիշը` ա: Տարվինեան էվոլուցիայի թէորիան պէտք է վերամշակել այս գիտակցութեամբ, որ նախամարդը «յառաջացաւ» հայկական լեռնաշխարհի մէջ: Տակաւին կայ աւելի անհաւատալի լեզուագիտական փաստը ցայժմ աննշմար մնցած հայագիտութեան մէջ: Այսպէս.-

 

Մարդ արարածին ինքնագիտակցութեան փուլին կը յաջորդէ նախամարդուն քաղաքակրթական եւ տեխնոլոգիական ճիգերը, քարայրաբնակութիւնը եւ կրակի գիւտը: Նախամարդուն այդ նախնական զարգացումի փորձերուն առաջին ճիգերը տասնեակ հազարաւոր տարիներ առաջ դարձեալ անհաւատալիօրէն եւ խայտագին տինամիզմով պահպանուած են միայն ու միայն հայերէն լեզուին մէջ: Չկայ գոյ լեզու ուր «մարդ», «կրակ» եւ «քարայր» հասկացողութիւնները բառակապակցուած ըլլան, ալ ուր մնաց փաստագրեն երեք այս անկապ բառերուն պատմական նախապատմական խոր ընդելուզումը: Միայն հայերէն լեզուին մէջ այս բառերը ոչ թէ միայն կապակցուած են, այլ նաեւ արմատաւորուած միջուկային ձայնանիշերով. Աւելին, կը ներկայացնեն տարբեր իմաստները նոյն բառին (ինչ որ մեր թէորիան կը նախագուշակէր գիտականօրէն, առաջին մարդը պիտի երկարօրէն մնար իր միակ բառին կպած), եւ անշուշտ այդ բառն ալ ուրիշը չէ քան առաջին մարդուն առաջին բառը, մարդկային լեզուի Միջուկային Ձայնանիշին շեշտաւորումը, այսպէս.-«այր» կը նշանակէ միանգամայն «մարդ» եւ «քարայր» եւ արմատն է «այրել» կրակի բառին: Ուրիշ խօսքով, «այր» արմատին այս իրարմէ անկախ «անկապ» իմաստները տրամաբանականօրէն յանկարծ կը բառակցուին իմաստայնօրէն, իբրեւ պատկերաբանութիւննշանագրութիւն նախամարդուն հնագոյն նախապատմական ճիգերուն: Հնագիտական այս գիւտը հայերէն լեզուի մէջ, փշաքաղիչ, աշխարհացունց փաստ է, մարդ արարածի ծագան եւ զարգացան Հայաստանի բարձրավանդակին թէ լեռնաշխարհին մէջ: Գուշակելիօրէն առաջին արդը ամէն ինչ պիտի կոչէր երկարօրէն, հազարամեակներ թերեւս, իր միակ բառով (մինչեւ իր ուղեղի զարգացումն եւ ուրեմն լեզուի բառաստեղծութիւնը), ան ինքզինք  պիտի կոչէր նոյն բառով, ինչպէս նաեւ իր տեսակները, տունն ու իր առաջին տեխնիկական գիւտը, եւ հայերէն լեզուին մէջ միայն փաստագրուած է առաջին մարդուն այդ նախապատմութիւնը:

 

Լեզուական այս փաստը ինքնին կասկած չի ձգեր, որ հայը առաջին մարդն էր Հայաստանի լեռնաշխարհին մէջ մարդացած: Ամփոփենք այդ պատահարը:-  Առաջին մարդը յայտնաբերեց լեզուն կեանքի ճիչին գիտակցութեամբ այ, սահմանեց իր ինքնութիւնը զայն շեշտելով հայ, իր սեռային էութիւնը իբրեւ այր, իր սոցիալական պատասխանատուութիւնները այդ երեք էութիւններուն (ինքնութիւն, սեռայնութիւն, ընկերային էութիւն) իբրեւ հայր, սահմանեց իր սեռային բաժնեկիցը իբր մհայր, բնակեցաւ քարայրի մէջ, եւ գտաւ կրակ շինելու տեխնիկան, այրել: Նախապատմութեան Լեզուագիտական այս պանորամիկ փաստագրութիւնը գոյութիւն ունի միայն հայերէն լեզուին մէջ:

 

Այս ահագնային փաստին պիտի աւելցնենք նոյնքան ահագնային ուրիշ փաստ մը: Աշխարհի հնագոյն անունները (հին անունը կրկնենք պարզ բառ է, եւ կը պարունակէ ծննդական վկայագիր), ըլլայ ժողովուրդներու, քաղաքներու թէ երկրավայրերու, լեզուաբանական հետեւանքներ են, յաճախ սրբազան կրկնաւորում է յառաջացած, մէկ խօսքով հնչոյթային տարատեսակներն են (վարիանտներ) միջուկային ձայնանիշ «հայ» բառին, արմատաւորուած են հայխայխոյխույխիյեւ այլ վարիանտներով:

 

Այսպէս, Քոր-էայ (խոյ-յա), Չինաստանի հնագոյն ցեղային կազմաւորումը որուն անունով ալ CHI-NA (խի-նա), ճաբոնիայի հնագոյն բնակիչները կը կոչուին Այ-նու, Մեկսիկօ (մ-եխի-խույ), Թայլանտի ժողովուրդը թ-հայ, Հայ-իթի, անկասկածօրէն, իբրեւ հրեաներու եղբայրներ Արաբները արտագաղթած են Հայաստանէն Ա-րա-բ, Աստուծոյ անուանակոչումը Ալլահ (Այյահ), սրբազնագոյն պաշտամունքի քարը որ կը կոչուի Քաապա (խաա-պ-ա), Մուհամմէտ Մարգարէին ցեղախումբը կը կոչուէր Քորայշ (խոյ-այ-շ) եւայլն:

 

Ճափոնիայի հնագոյն Հայերը

Ճափոնիայի հիւսիսային խոշորագոյն կղզին կը կոչվի Հօքայդօ (Hokkaido), ուր կը բնակի ցեղախումբ մը, որ կը կարծուի թէ նախապատմութեան, անոնք էին Ճափոնի բնիկները եւ տարածուած բոլոր ճափոնական կղզիներով մէկ: Դարերու ընթացքին ենթարկուած են բազմաթիւ աղէտներու եւ այլ եկւորներու հալածանքին, եւ այսօրերս հազիւ 200 հոգիներ կրնան մնացած ըլլալ, եթէ ոչ բոլորովին արդէն անյայտացած պատմութենէն: Ինչ որ անկասկած է, այն փաստն է որ իրենք չեն պատկանիր չինական խումբի ցեղերուն, այլ, յստակօրէն կովկասեան կը համարուին, թիկնեղ, բարձրահասակ, շատ կը նմանին մեր հին հայ փառահեղ … կաթողիկոսներուն … եւ իրենք զիրենք կը կոչեն Այնու, Այի ժողովուրդ ասկից եզրակացնելով կարելի է, վստահօրէն պնդել որ իրենց կղզիին անունը Հօքքայտո կը տարբաղադրուի այսպէս. խոյիխայիտո.  Վերջինս արմատն է հայերէն շատ հին բառին, տուն  վերածելով կղզիին անունը լեզուական զուտ փաստով իբրեւ խոյիխայիտուն

 

Կա նաեւ զարմանահրաշ լեզուագիտական անուրանալի կապակցութիւն մը եւս դարերէն փրկուած, եւ միայն ու միայն հայերէնի եւ … այ-նու-երէնի միջեւ: Այ-նուները Ճափոնի դարերու ընթացքին զիրենք ջարդող ժողովրդին կտակած են, տուած են իրենց կրօնքը Շինթօիզմ (Shintoism): Շինթօիզմը բնապաշտական կրօնք է, իրենց չաստուածները բազմաթիւ են, ամէն ինչ որ բնութեան մէջ գոյութիւն ունի, կարելի է զայն նկատել չաստուածային հոգիներ … եւ ուրեմն այս հարիւրաւոր չաստուածները կը կոչուին Այնուերէն ՔԱՄԻ, տառացիօրէն նոյն հնչումով եւ իմաստով ինչպէս հայերէն բառը …

Այս անհաւատալի լեզուագիտական հրաշքը անշուշտ ցայժմ չէ գտնուած, եւ այստեղ կ’արձանագրեմ առաջին անգամ ըլլալով: Հայերէն քամի բառին բնութեան հոգիներու (=չաստուածներու) հետ կապակցութիւնը իմաստային եւ լեզուական նոյնութեամբ Այնուերէնի մէջ բայց ոչ լեզուական նոյնութեամբ (ինչպէս Այ-նուերէնի պարագային) գոյութիւն ունի նաեւ Եբրայերէն ռու-ախ = հոգի բառին հետ, որ բարբառային է Արաբերէնէն ռու-(ք)հ,  եւ հին յունարէն փսուխէ ψυχη բառերուն հետ:

 

Part 5

Ափրիկէի նախապատմական Հայերը

Ափրիկէի հիւսիսը շրջագայող զանգուածային ցեղախումբ մը կը կոչուի Հայա

Իսկ հարաւային Ափրիկէի տարածքով, Քալահարի (խայա-հայ-ի լեզուական տարբերակ) անապատներէն սկսեալ գոյութիւն ունի ճափոնական Այ-նու-ներու դժբախտութեամբ ժողովուրդ մը, որ դարերու ընթացքին հետզհետէ ջարդուած է եւ պատմութենէն անյայտանալու սպառնալիքին տակ … կը կարծուի որ նախնադարուն հաւանաբար անոնք կը կազմէին Ափրիկէի միակ ժողովուրդը … եւ անոնք իրենք զիրենք կը կոչեն տառացիօրէն ԽՈՅԽՈՅ (սրբազնագոյն ինքնութիւն փաստագրող լեզուական կրկնաւորումով), ուղղակի Վանեցի … եւ կը զբաղին խոյաբուծութեամբ … նոմադներ են, թափառաշրջիկներ … եւ խոյ իրենց լեզուով կը նշանակէ շատ յարգալիր անձ, ժողովուրդ, աւաղ զոհերը արեւմտեան ճերմակամորթ իմփերիալիստ շուներուն:

 

Հերոդոտոսի մէջ Եգիպտացիները կը կոչուին Այ-կուբթոյ (այ-ի ժողովուրդ են) ինչպէս նաեւ Եթովպիացիները որոնք կը կոչուին Այ-թհիոփոյ. Այսպէս ուրեմն, միայն Հիքսոսները չէ որ Հայաստանէն արտագաղթած են, այլ նաեւ իրենցմէ շատ առաջ «բնիկ» եգիպտացիները… Ափրիկէի բոլոր անունները գրեթէ հայի վարիանտ են: Ինչպէս Կա-նա (խա-նա), Կինէ (խի-նէ), Աքքրա (Ախ-յա) եւայլն: Ափրիկեան հնագոյն ցեղախումբը կարծուած Պուշմէնները կը կոչուին խոյխոյ տառացիօրէն… Նուէր-ները ունին հետաքրքրական սովորոյթ, յաճախ իրենք զիրենք կը պատեն մոխիրով ոտքէգլուխ, կը կարծուի թէ գիտական բացատրութեամբ մոխիրը զիրենք կը պաշտպանէ միջատներու դէմ, բայց ըստ իս նաեւ յուշ է իրենց ճերմակամորթ նախահայրերուն ի Հայաստան աշխարհ: Անոնք որ պիտի գայթակղին սեւամորթ Ափրիկեցիին հայաստանեան ծնունդէն, թող մտաբերեն սովետահայ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակը, որուն ափրիկեան խափշիկի դիմագծային նմանութիւնը փաստ է որ Հայաստանէն կարող է յառաջանալ Ափրիկեան կեները (գեները)…

 

Այս բոլորէն վերջ կարիք կա՞յ զբաղելու մանրուքներով, թէ արդեօք Ուրարտուն հայկակա՞ն է… անշուշտ հայկական է, երբ Ուրարտուն Արարատի բարբառային վարիանտն է, իսկ Արարատի անունը ինք վարիանտն է այ միջուկային հնչոյթին, Այ-այ-ա-տ կրկնաւորումով: Ոչ թէ միայն Ուրարտուն, այլ Հիթիթները հայ-ժողովուրդ էին, կը կոչուէին խա-թթի (խայ-եր):

 

Հայ-երէնը Բոլոր Լեզուներու Մայր Լեզուն

Դժուարութիւնը կը ծագի հնդեւրոպական եւ սեմական լեզուներու արուեստական բաժանումով: Եթէ հաստատենք որ սեմական ճանչցուած Արամերէնը հայկական բարբառ է, կարճատես լեզուաբաններ պիտի գայթակղին առարկելով թէ հայերէնը հնդեւրոպական է: Վերը փաստագրեցինք թէ ինչպէս սեմական նկատուած ժողովուրդները արտագաղթած են Հայաստանէն, այնպէս ինչպէս հնդեւրոպականները (ինչպէս օրինակ Յոյները, Կելտերը եւայլն, Իոնիան Այ-ի երկիր է): Կ’առաջարկենք լեզուաբանական նոր հասկացողութիւն:- Սեմական լեզուները վերադասաւորել ոչ թէ իբրեւ անկախ խմբաւորում ինչպէս մինչեւ ցայժմ, այլ որպէս հնդեւրոպական ստորաբաժանում, նոյնիսկ համարձակել նկատել զանոնք իբրեւ հայկական բարբառներ: Հայերէն լեզուն հաւանաբար աշխարհի ամէնէն հարուստն է իր բարբառներու թիւով եւ զանազանութեամբ: Հայկական սուէյտերէն բարբառը հաւանաբար աւելի մօտ է Շուէտերէնի… քան Վանի բարբառին որ աւելի մօտ է Յունարէնին եւայլն: Ուրիշ խօսքով, անընդունելի չէ որ Եբրայերէնն ու Արամերէնը ըլլային հայերէնի բարբառներ…

 

Գիտնականները մեծ ճիգ վատնեցին արուեստականօրէն կառուցելով հնդեւրոպական մայր լեզուն, երբ ան գոյ է տակաւին… հայերէնը: Անխուսափելի եզրակացութիւնը այն է որ հնդեւրոպական մայր լեզուի ամբողջովին նոր բառացանկ կազմուի հիմնուած հետեւեալ սկզբունքին վրայ:- Հայերէնի հնագոյն բառերը կառուցուած հ-այ արմատէն, կամ` այ արմատէն կառուցուած պարզագոյն բառերը նկատել հնագոյնները, յետոյ խոյ-ի վարիանտը ընդունիլ իբրեւ արմատ եւայլն:

 

Այս նույն սկզբունքէն կարելի է սահմանել թէ լեզուագիտական եւ թէ հնագիտական նոր օրէնք: Եթէ կ’ուզուի լեզուի մը (որեւէ լեզուի) հնագոյն բառերը գտնել, ապա փնտռել նախ հայ-խայ-խոյ արմատաւորումներով բառերը, եւ անոնց ոսումնասիրութեամբ կարելի կ’ըլլայ լոյս սփռել այդ լեզուն գործածող ժողովուրդին սոցիալական մշակութային կառույցներուն վրայ:

 

Հնագիտականօրէն, անծանօթ վայրի մը հնութիւնը կարելի է որոշել «հայ» արմատի վարիանտի առկայութեամբ:

 

Իսկ այն բոլոր բառային փոխառութիւնները հայագիտութեան մէջ պարսկերէնէ-յունարէնէ հայերէնին փոխանցուած ըլլալու տգիտութեամբ հաստատուած անհրաժեշտ է հիմնովին վերանայիլ եւ յայտնաբերել որ փոխառութիւնը եղած է կարծուածին հակառակ ուղղութեամբ, հայերէնէն անցած է յունարէնի (ինչպէս օրինակ հոմերոսեան-իոնիական «քիւն» բառը, որ հայերէն «սիւն» է) եւ պարսկերէնի

 

 ԱՄԷՆ ՄԱՐԴ ՀԱ՞Յ Է

Եթէ մարդկային ծագման մեր քւանթա-միջուկային տեսաբանութիւնը ճիշդ է, հարց կը ծագի, ուրեմն մարդկութիւնը յառաջացա՞ծ է Ադամ եւ Եւայէ մը Հայաստանի բարձրավանդակէն, եւ արդեօ՞ք ամէն ժողովուրդները Հայաստանէ՞ն արտագաղթած են, եւ ինչու՞:

Նախ պատասխանենք առաջին հարցումին: Մեր տեսութիւնը կ’ընդունի իրար հակոտնեայ կարծուած երկու լուծումներն ալ: Ադամ եւ Եւայի տեսութիւնը գիտականօրէն վարկաբեկուած ըլլալով, կը նախընտրենք արդիականը, ըստ որուն մարդկութիւնը յառաջացաւ միաժամանակ զանազան երկրամասերու մէջ, ինչպէս կայ ափրիկեան առիւծ եւ հնդկական առիւծատեսակ, իրարմէ անկախ խմբաւորումներով: Ինչ որ սակայն մեր տեսութիւնը կը հաստատէ հետեւեալն է:- Եթէ մարդ-կենդանին կը գտնուէր զանազան երկրամասեր, իբրեւ կենդանական խմբաւորումներ, ապա Հայաստանի բարձրավանդակին վրայ առաջին անգամ մարդ-կենդանին քալեց (երկոտանիի վերածուեցաւ) եւ հնարեց առաջին բառը ինքնագիտակցութեան գալով: Եւ հազարամեակներու ընթացքին, խումբ–առ-խումբ, զանազան խմբաւորումներով տարածուեցաւ աշխարհով մէկ, սեռայնօրէն միախառնուելով տեղացի մարդ-կենդանիներուն հետ, զանոնք մարդկայնացնելով, քաղաքակրթելով, մշակութաբերութեամբ եւ տեխնոլոգիական գիւտերու բաշխմամբ, որուն ի պատիւ ալ տեղացի մարդկայնացած ժողովուրդը ինքզինք կոչեց իր բարեգործին անունով, ի փառս անոր հայրենիքին եւ նախահայրերուն ինքզինք նոյնիսկ նկատելով անոնց շառավիղ:

 

Այսպէս կը բացատրուի լեզուագիտական փաստը, որ աշխարհի հնագոյն անունները հայի-խոյի վարիանտներն են: Հայաստանի ողբերգական երկրաշարժը եկաւ անգամ մը եւս պատմագրելու այս նախապատմական իրողութիւնը:

 

Մեր օրերուն իսկ, մեր ազգին առաջ ստեղծուեցաւ պատմական փաստ մը, որ մինչեւ այսօր ոչ մէկ պատմագէտ կրնայ բացատրել:- Ամբողջ աշխարհը ոտքի ելաւ Հայաստանին օգնելու, իրողութիւն մը որ ասկէ առաջ եւ անկէ ի վեր չէ պատահած որեւէ երկրի բնութեան աղէտով պատուհաս … թէ Կորպաչեւը Սովետի ճամբաները բացաւ, առաջին անգամ, ըստ իս բաւարար բացատրութիւն չէ, որովհետեւ Հայաստանի երկրաշարժէն ի վեր ուրիշ դէպքեր ալ օգնութեան կարօտ Սովետ Միութեան մէջ չստեղծեցին նոյն գթասրտութիւնը: Ըստ իս միայն իմ միջուկային թէորիաս կրնայ համոզիչ կերպով բացատրել նոր պատմութեան այդ իրողութիւնը, որովհետեւ աշխարհի ժողովուրդներուն հաւաքական գիտակցութեան մէջ խորապէս արմատաւորուած է իրենց նախահայրերուն Հայաստանին մէջ ծնունդը: Եւ հայ-խոյը եղած է քաղաքակրթութիւն բերողը աշխարհի մարդ-կենդանիներուն:

 

Իսկ ինչու՞ հայ-խոյի ժողովուրդներ հազարամեակներու ընթացքին արտագաղթած են Հայաստանէն: Ըստ ֆրանսացի մարդաբան Լեվի-Սթրաուսի, արիւնապղծական թապուն մարդկութեան միակ տիեզերական սոցիալական արտայայտութիւնն է, եւ պատճառը` կուլտուրական զարգացման: Հայ ժողովուրդի անմիաբանութիւնը, իրար հանդէպ կռուազանութիւնը ես կը բացատրեմ նոյն ձեւով, իբրեւ մեխանիզմ ընդդէմ արիւնապղծական պոթենցիալին: Հայաստանի խիստ բնութիւնը, լեռնային աշխարհագրութիւնը կը ստեղծէ իրարմէ բաժնուած խմբաւորումներ, որոնք կրնան ստիպուած ըլլալ արիւնապղծութեան մատնուիլ: Հայ ժողովուրդի քաղաքակրթուած բնազդը լուծումը գտած է արտագաղթին մէջ: Հանճարեղ լուծում, արդարեւ…

 

Երկրորդ, Հայաստանի հրաբխային երկրաբանութիւնը ստիպած պէտք է եղած ըլլայ որ հայ-խոյի ցեղախումբեր արտագաղթեն դէպի աշխարհի չորս կողմերը… Հայաստանը հաւանաբար աշխարհի ամէնէն հրաբխային երկիրն է,եւ այստեղ ալ կայ տիեզերական խորհուրդ, որ կարելի է շաղկապել մեծն աստղագէտ Վիկտոր Համբարձումեանի կալաքսիներու տեսութեան: Ըստ Համբարձումեանի, կալաքսիներու կեդրոնները անհունօրէն ակտիւ են, եւ կը ժայթքեն աստեղային նիւթ, որը տեւաբար կը վերանորոգէ կալաքսիներու կեանքը: Գիտական ընդունուած կարծիք է որ միկրոկոզմը կ’արտացոլացնէ մակրոկոզմը, օրինակ անտեսանելիօրէն փոքր աթոմը միջուկին շուրջը պտըտող ելեկտրոններով կ’արտայայտէ նոյն մոտելը ինչպէս արեւը իր արբանեակներով:

 

Ըստ իս, Հայաստանը իր հրաբուխներով կը ներկայացնէ այս երկրագունդին «աստեղային» կեդրոնը, չափազանց ակտիւ, եւ տեւաբար մարդկային–նիւթ ժայթքած է նախապատմութեան ընթացքին վերանորոգելու համար այս արբանեակին կեանքը: Եւ հետաքրքրականօրէն կալաքսիներու պտուտաւոր շարժումը շատ նման է խոյերու պարոյրին… շարժումին պատկերաբանութիւնը պարոյր է, այնպէս ինչպէս մարդկային մատնածայրերու (օրինակ բթամատին) կնիքը:  Չեմ գիտեր եթէ Վ. Համբարձումեանը հարցադրած կամ բացատրած է թէ ինչ կը պատահի եթէ կալաքսիին կեդրոնը դադրի բանելէ … մեծ վախս այն է որ այսօր Հայաստանը այդ կարելիութեան վտանգին մէջ մխրճուած է, սկսեալ թուրքերուն կատարած ջարդերէն, ակտիւ աստեղային կեդրոնի բռնագրաւումէն  եւ մնացեալին ալ Ազերիներու ներկայացուցած սպառնալիքէն… իսկ մեր իսկական, տառացիօրէն եղբայր վրացիները ինչու՞  չեն միանար մեզ, փրկելու համար մեզ եւ զիրենք միասնաբար: Ինչու՞ սովետական հայաստանցիները ձախողած են եղբայրացնել վրացիները իրենց հետ…

 

Վերադառնանք ջրհեղեղի պատմութեան եւ եզրակացնենք գիւտով մը, որ կը ստիպէ շատ մը «գիտական» կարծիքներ փերեսթրոյքայի ենթարկել… լուծելով մարդկային մտածողութեան զանազան եւ զարմանազան առեղծուածներ (հնագիտական, լեզուական, մարդաբանական եւայլն, եւայլն): Դիտենք ջրհեղեղի պատահարը հակառակէն, ոչ թէ իբրեւ աշխարհի ընկղմիլը երկրագունդի ջուրերուն մէջ, այլ ճիշդ հակառակը, առաջին հողակտորին երեւումը աշխարհի ջուրերէն ծնածառաջին հողաշերտը, այսպէս, Արարատի գագաթն է, ջուրերը հետզհետէ կը քաշուին եւ կ’երեւայ Հայաստանի բարձրավանդակը, հետզհետէ այն կը վերածուի ջուրերուն վրայ ծփացող տապանի, ուր կը սկսի կեանք առնել բնութեան իւրաքանչիւր բոյսի եւ կենդանիի նախատիպը… պիլիոնաւոր տարիներ առաջ, եւ ուրեմն պատահական չէ որ երբ կարգը կը հասնի մարդուն, ան կը մարդեղինանայ այնտեղ, ուր բնութիւնը արդէն ծնած էր: Ինչպէս որ տիեզերքի մեծ պայթիւնը, այնպէս ալ կը կարծուի որ երկրագունդի հողաշերտերը սկիզբը միակտուր միաւոր մը կը կազմէին Փանկաէա (Pangaea) կոչեցեալ = համընդհանուր հողաշերտ, միայն վերջին տասնամեակին գիտնականները նշմարեցին որ աշխարհի քարտէզին երկրամասերը իրարմէ բաժնուած մասեր են, որ զանոնք կարելի է կատարեալ կերպով իրար յարմարեցնել JIGSAW PUZZLE-ի մը պէս: Այս քարտեսագրական փաստը միշտ գոյ էր, բայց ցայժմ չէր «գտնուած» (ինչպէս մեր թէորիայի այստեղ յայտնաբերած լեզուագիտական-պատմագրական գիւտերը): Ուրիշ խօսքով, ջրհեղեղի պատմութիւնը հեքիաթ չէ, այլ գիտական էվոլուցիոն փաստագրութիւն թէ ինչպէս պիլիոնաւոր տարիներ առաջ, առաջին հողաշերտը երեւաց, հրաբխային Հայաստանը, եւ դարձաւ ամէն ինչի`բոյսերու, կենդանիներու, մարդկանց, կենսոյժի իսկ, մէկ խօսքով «աստուածային» նիւթական թէ հոգեկան ոյժի ծննդավայրը: Այնտեղ կեանք առաւ կեանքը:

Եթէ կը հաւատաս Աստուծոյ, ապա Ան որոշեց Արարատի երկրին մէջ ծաղկեցնել իր կենսոյժը: Եթէ կը հաւատաս տարվինիզմին, ապա Հայաստանի հրաբուխները ստեղծեցին այսպէս կոչուած «հրաբխային ապուրը» (Volcanic soup) ուր կեանքը սկսաւ: Երկու պարագային ալ, ջրհեղեղի պատմութիւնը, ըստ իս, կեանքի յառաջացման պատմական փաստագրութիւնն է: Եւ Հայը առաջին մարդն է: «Հայ» բառը իր անուանակոչումն է, յուրախութիւն իր միջուկային ձայնանիշի գիւտին:

 Երբ ոմն ըսէ, «ես հայ եմ», այդ կը նշանակէ «ես Աի մարդն եմ, Ամարդ եմ, Աի գիւտարարը, առաջին լեզուին ժողովուրդն եմ, առաջին մարդարարածն եմ. Ես շեշտակիօրէն հայ եմ»:                            

                              ՎԵՐՋ



7 քննարկումներ

You can follow any responses to this entry through the RSS 2.0 feed. Both comments and pings are currently closed.

vlad
Nov 26, 2012 19:56